Առաջնորդարան Հայոց Լիբանանի

Ազգային Ազատ Հոսանք Կուսակցութեան Պատուիրակութիւնը Այցելեց Ազգային Առաջնորդարան

Երկուշաբթի, 11 նոյեմբեր 2024-ին, Ազգային առաջնորդարանին մէջ, Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեան ընդունեց Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ երեսփոխան եւ նախկին նախարար Նիքոլա Սահնաուիի: Հանդիպումին ներկայ էին Ազգային վարչութեան փոխատենապետ եւ նախկին նախարար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան, ինչպէս նաեւ Ազգային առաջնորդարանի դիւանապետ Պարոյր Տէր Ղուկասեան:

Լիբանանի հոգեւոր պետերու հետ հանդիպումներու ծիրին մէջ տեղի ունեցած այս այցելութիւնը առիթ հանդիսացաւ քննելու Լիբանանի դէմ Իսրայէլի պատերազմին հետեւանքները, լիբանանցի գաղթականներուն զօրակցութեան կարեւորութիւնը եւ այսօրուան դժուարին պայմաններուն մէջ լիբանանցիներու միակամութեան անհրաժեշտութիւնը: