Առաջնորդարան Հայոց Լիբանանի

Ազգային Առաջնորդարանին Մէջ Կատարուեցաւ Տնօրհնէք

Ս. Ծննդեան տօնին առիթով, չորեքշաբթի, 9 յունուար 2019-ին, Ազգային առաջնորդարանին մէջ տեղի ունեցաւ տնօրհնէք, նախագահութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Նարեկ Արքեպիսկոպոսին եւ մասնակցութեամբ առաջնորդարանի պաշտօնէութեան:

Արարողութիւնը կատարեց թեմի քարոզիչ Անանիա ծ. վրդ. Գուճանեան: Առաջնորդ Սրբազան Հօր գրասենեակին մէջ կատարուած արարողութենէն ետք, Նարեկ Արքեպիսկոպոս նշեց, որ իր բնոյթին մէջ այս եզակի նախաձեռնութիւնը կը միտի հոգեւոր մթնոլորտի մէջ սկսիլ Նոր տարին եւ աւանդութեան վերածել ազգային կառոյցներուն մէջ տնօրհնէք կատարելու կարգը` նկատի առնելով, որ Ազգային առաջնորդարանը համայնքի բոլոր զաւակներուն տունն է:

Այս առիթով, Առաջնորդ Սրբազանը պաշտօնէութեան մաղթեց յաջողութիւն եւ յոյս յայտնեց, որ հաւաքական աշխատանքով աւելի հասանելի կը դառնանք մեր ժողովուրդի կարիքներու գոհացման: