Երեքշաբթի գիշեր, 29 յունուար 2019, սուրբ պատարագին յաջորդած Երիտասարդական յանձնախումբի հաւաքին եւ Աստուածաշունչի սերտողութեան ընթացքին, Ազգային առաջնորդարանի Երիտասարդական յանձնախումբը որոշեց ինքզինք «ԱՅՈ» անուանել:
Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Նարեկ Արքեպիսկոպոս, Աստուածաշունչի սերտողութիւնը կատարելէ առաջ, «ԱՅՈ» անուանումը հաստատեց, ըսելով. «Կ՛ողջունեմ մեր նոր անունը` «ԱՅՈ», որ հիմնուած է Մատթէոսի աւետարանին 5-րդ գլուխին 37-րդ համարին մէջ արձանագրուած Յիսուսի հետեւեալ հրահանգին վրայ. «Պարզապէս ձեր այոն այո թող ըլլայ եւ ոչը ոչ»: «ԱՅՈ»-ն մեր հաւաքական պատասխանն է այս տէրունի նշանաբանը որդեգրելու պատրաստակամութեան: Հիմա կը մնայ զայն խօսքով եւ գործով ապրիլը, որուն համար Աստուծոյ օրհնութիւնը եւ հայ եկեղեցւոյ բոլոր սուրբերուն բարեխօսութիւնը իբրեւ փարոս մեզ պիտի առաջնորդեն մեր հայ քրիստոնէական կեանքին մէջ»:
Յայտնենք, թէ ամէն երեքշաբթի գիշեր, ժամը 7:00-8:00, Պուրճ Համուտի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ, սուրբ պատարագ կը մատուցուի` հաւատացեալ ժողովուրդին երգեցողութեամբ եւ Նարեկ Սրբազան հոգեւոր խորհրդածութիւն կը կատարէ: Ապա, ժամը 8:00-9:00, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան – Եռագոյն» սրահին մէջ, տեղի կ՛ունենայ 18-40 տարեկան երիտասարդ-երիտասարդուհիներու ծանօթացման ընկերային հաւաք, Աստուածաշունչի սերտողութիւն եւ հայ քրիստոնէական կեանքի հաւաքական քննարկում: Աստուածաշունչի սերտողութիւնը կը կատարէ Նարեկ Սրբազան: