Առաջնորդարան Հայոց Լիբանանի

ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ ԲԱԺԱՆՄՈՒՆՔ ՄԱՅՐԵՐՈՒ ՏՕՆԻՆ ԱՌԻԹՈՎ ՄԻՕՐԵԱՅ ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ ՀԱՒԱՔ

Կազմակերպութեամբ Ազգային Առաջնորդարանի ընկերային ծառայութեան բաժանմունքին, Երկուշաբթի, 31 Մայիս 2021-ին, տեղի ունեցաւ մայրերու օրուան առթիւ, տարեց մայրերու յատուկ միօրեայ նախաձեռնութիւն մը, որուն մասնակցեցեան 14 տարեց մայրեր։
Առաւօտեան ժամը 10։00-ին մայրերը մեկնեցան «Schwarzkopf» վարսայարդարման դասաւանդութեան հիմնարկ, ուր իւրաքանչիւր մասնակից ստացաւ հոգատարութիւն։ Այս առիթով, Ընկերային յանձնախումբի ատենապետուհի Յասմիկ Նանէճեան-Պզտիկեան շնորհակալութիւն յայտնեց հիմնարկութեան, որ սիրայօժար մասնակից դարձած էր այս ծրագիրի յաջողութեան։
Կէսօրին, նախագահութեամբ Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ․ Տ․ Շահէ Արք․ Փանոսեանին եւ ներկայութեամբ Լիբանանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարի պաշտօնակատար եւ Ազգային Վարչութեան փոխատենապետ Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեանին, Ս. Քառասնից Մանկանց Եկեղեցւոյ «Յակոբ եւ Սօսէ Չիլինկիրեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ճաշ – ընկերային հաւաք, որուն բարի գալուստի խօսքը արտասանեց Առաջնորդարանի ընկերային ծառայող Մարիա Եագուպեան։ Ան ըսաւ, որ յատուկ եւ թանկարժէք է իւրաքանչիւր մայր, որ կը զոհէ իր կեանքը իր զաւակներուն համար։ Եագուպեան հաստատեց, որ Առաջնորդարանը ծառայողական աշխատանքներով իր բոլոր կարելիութիւնները ի գործ կը դնէ զօրակցելու հայ ընտանիքներու կարիքներուն։
Իր կարգին Առաջնորդ Սրբազանը ըսաւ, որ իբրեւ աւանդ եւ ժառանգ հասած արժէքները նոր պայմաններով պէտք է մեր ժողովուրդի զաւակներուն փախանցուին, որպէսզի ազգը եւ ազգայինը փրկուի։ Շահէ Արք․ Փանոսեան շնորհաւորեց հայ մայրերը, եւ մաղթեց տարեցներուն երկար եւ առողջ օրեր, յուսալով որ հաւաքաբար կը յաղթահարենք դժուարութիւնները։
Առաջնորդ Սրբազանը գնահատեց Ընկերային բաժանմունքը՝ իր յանձնախումբով եւ պատասխանատուներով, որ կը փորձէ դժուարին այս օրերուն մեր ժողովուրդին կողքին կանգնիլ։
Գեղարուեստական յայտագիրին իրենց մասնակցութիւնը բերին Սելա Սվաքճեան եւ Մարիա-Ճեսիքա Հաշէօլեան։ Աւարտին, մայրերը ստացան ծաղիկներ եւ նուէրներ։
Յայտնենք, որ Քորոնա ժահրի պատուաստ չստացած մայրերը, Հինգշաբթի, 27 Մայիս 2021-ին, Ս․ Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ բակին մէջ, Արտակարգ իրավիճակներու Մարմին «Կամք»-ին ճամբով կատարեցին PCR քննութիւն, նախազգուշական բոլոր քայլերը յարգելու համար։