Նախաձեռնութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի Ազգային առաջնորդարանի Ընկերային ծառայութեան բաժանմունքին, երեքշաբթի, 13 փետրուարին, Տեառնընդառաջի տօնին առիթով եւ ընտանիքներուն ճրագը անմար պահելու նպատակով, բաժանմունքը իրագործեց իր օժանդակութեան ծրագիրը:
Արդարեւ, Ընկերային ծառայութեան բաժանմունքի` ընտանիքներու այցելութեան ծիրէն ներս, կարգ մը ընտանիքներու բեռը թեթեւցնելու նպատակով, բաժանմունքի պաշտօնէութիւնը, ընկերակցութեամբ Ազգային առաջնորդարանի դիւանապետ Պարոյր Տէր Ղուկասեանի այցելեց Պուրճ Համուտի, Քաղաքապետարանի շէնքերու, նաեւ Ֆանարի մէջ գտնուող ընտանիքներուն տուները: Իւրաքանչիւր շրջանի մէջ իրենց միացաւ այդ շրջանի հոգեւոր հովիւը: Բաժանմունքը պիտոյքներ տրամադրեց իւրաքանչիւր ընտանիքի կարիքին համեմատ, ինչպէս` փուռ, պահարան, կահ-կարասի, հեռատեսիլ, ձայնասփիւռ, խաղալիք, հիւանդ պարագայի մը մէկ ամսուան դեղորայք, նաեւ` անոր անձնական ուտելիքը եւ այլ պէտքերը:
Սոյն նախաձեռնութիւնը մեծապէս գնահատուեցաւ ընտանիքներուն կողմէ, որոնք շնորհակալական խօսքեր ուղղեցին բաժանմունքի պաշտօնէութեան եւ անոնց միջոցով` Ազգային առաջնորդարանին:ն դեղորայք, նաեւ` անոր անձնական ուտելիքը եւ այլ պէտքերը:
Սոյն նախաձեռնութիւնը մեծապէս գնահատուեցաւ ընտանիքներուն կողմէ, որոնք շնորհակալական խօսքեր ուղղեցին բաժանմունքի պաշտօնէութեան եւ անոնց միջոցով` Ազգային առաջնորդարանին: