Կազմակերպութեամբ Ազգային առաջնորդարանի ընկերային ծառայութեան բաժանմունքին եւ համագործակցութեամբ IDRAAC-ին եւ Help Age International-ին, 4-18 նոյեմբեր 2024 նախկին Սրբոց Քառասնից Մանկանց վարժարանի երրորդ յարկին վրայ գտնուող բաժանմունքէն ներս տեղի ունեցան հինգ յաջորդական նախազգուշական դասախօսութիւններ, որոնց իրենց մասնակցութիւնը բերին շուրջ 100 ազգայիններ: Այս դասախօսութիւնները կը շեշտեն հոգեկան ու մտային առողջութեան կարեւորութիւնը` քաջալերելով քննական մտածողութիւնը: Նշեալ ջանքերը կ՛արտացոլացնեն հոգեկան առողջութեան աջակցութեան անհրաժեշտութիւնը մեր համայնքէն ներս:
4 նոյեմբերին տեղի ունեցաւ սոյն շարքին առաջին դասախօսութիւնը, որ նուիրուած էր հաւաքական նախազգուշացման: Զեկուցումի ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ հոգեբանական հարցերու եւ հոգեկան խանգարումներու յաղթահարման մասին: Քննարկուեցան նաեւ հոգեկան առողջութեան կարեւորութիւնը, հոգեբանական մարտահրաւէրները դիմակայելու մօտեցումները, եւ կատարուեցան գործնական վարժութիւններ` խթանելու հանգիստը:
6, 11, 13 եւ 18 նոյեմբերին տեղի ունեցան հոգեբանական աջակցութեան նիստեր, որոնց նպատակն էր բարձրացնել մասնակիցներուն հոգեբանական արթնութիւնը` ներկայացնելով եղանակներ` հոգեկան առողջութեան մարտահրաւէրներու կառավարման վերաբերեալ:
Առաջինը նուիրուած էր մտային առողջութեան, երկրորդը` երաժշտութեան ճամբով բուժման եղանակներուն (music therapy), երրորդը` լարուածութիւնը մեղմացնելու հմտութիւններուն (relaxation techniques), իսկ չորրորդը` արուեստի ճամբով բուժման եղանակներուն (art therapy): Ներկաները խմբային աշխատանքներու ճամբով կատարեցին վարժողական աշխատանքներ` կառավարելու հոգեբանական անհանգստութիւնները եւ բացայայտելու անհանգստութիւններու եւ ճնշուածութիւններու յաղթահարման միջոցները: