Առաջնորդարան Հայոց Լիբանանի

Ազգային Առաջնորդարանի Ընկերային Ծառայութեան Բաժանմունքի` ԴԱՍԱԽՕՍԱԿԱՆ ՇԱՐՔԵՐ

Հինգշաբթի, 25 նոյեմբեր 2021-ին, գործակցաբար Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի Ընկերային գրասենեակին, Լիբանանի Կարմիր Խաչին կողմէ «Միջավայրէն ներս մանուկները արկածներէ ապահով պահելու միջոցներ» նիւթով դասախօսութիւն մը տեղի ունեցաւ Ազգային Առաջնորդարանի Ընկերային ծառայութեան բաժանմունքէն ներս, ներկայութեամբ խումբ մը երիտասարդ տիկիններու: Դասախօսութեան կողքին, մասնակիցները խմբակներու բաժնուեցան եւ աշխատանքներու լծուեցան:
Յարկ է նշել, որ յառաջիկայ չորս շաբաթներուն ընթացքին, գործակցաբար Լիբանանի Կարմիր Խաչին, բաժանմունքէն ներս տեղի պիտի ունենան զանազան նիւթերու շուրջ առաւօտեան դասընթացքներ: