Առաջնորդարան Հայոց Լիբանանի

Ազգային Առաջնորդարանի «Լիբանանահայ Կարիքաւորներու Զօրակցութիւն». Հաղորդագրութիւն Թիւ 3

Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր
Միութեան Նուիրատուութիւնը

Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան Լիբանանի մասնաճիւղը 10 միլիոն լիբանանեան ոսկի նուիրեց  Ազգային առաջնորդարանին` յատկացուելու համար «Լիբանանահայ կարիքաւորներու զօրակցութիւն»-ին արձագանգելով ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետի «հայրական կոչ կ’ուղղենք լիբանանահայ ունեւորներուն, որ մարդկային ու ազգային պարտականութիւն նկատեն ներկայ դժուար կացութեան մէջ օգտակար հանդիսանալ մեր կառոյցներուն, մեր դպրոցներուն ու կարիքաւոր ընտանիքներուն» հրաւէրին եւ ընդառաջելով Լիբանանի հայոց առաջնորդ Գերշ. Տ. Նարեկ Արքեպիսկոպոսի «կը դիմենք բոլոր լիբանանահայերուն, որ հայ քրիստոնէական պարտաւորութիւն նկատեն Ազգային առաջնորդարանին ճամբով անմիջապէս օգնութեան ձեռք երկարել իրենց կարիքաւոր եղբայրներուն ու քոյրերուն» դիմումին:

Շնորհակալութիւն կը յայտնենք ՀԲԸՄ-ին եւ կը մաղթենք, որ այլ կառոյցներ եւս հետեւին անոր բարի օրինակին:

ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ