Առաջնորդարան Հայոց Լիբանանի

Ազգային Առաջնորդարանի «Լիբանանահայ Կարիքաւորներու Զօրակցութիւն». Հաղորդագրութիւն Թիւ 1

Լիբանանի քաղաքական եւ ընկերային-տնտեսական դժուարութիւնները յաղթահարելու ճիգերուն մասնակից դառնալու նպատակադրումով, նախագահութեամբ Լիբանանի հայոց առաջնորդ Գերշ. Տ. Նարեկ արքեպիսկոպոսին, թեմի Ազգային վարչութիւնը որոշեց յատուկ ուշադրութեամբ աշխատանքներ իրականացնել` կրթական եւ ընկերային ծառայութիւններուն առաւել եւս աջակցելով:

Այս շրջագիծին մէջ, ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին օրհնութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսարանին կողմէ կարիքաւոր ընտանիքներուն տրամադրուած հարիւր միլիոն լիբանանեան ոսկին հիմնաքար հանդիսացաւ հաստատելու Ազգային առաջնորդարանի «Լիբանանահայ կարիքաւորներու զօրակցութիւն»-ը, եւ կը յուսանք, որ նորին սրբութեան օրինակով մեր ունեւոր ազգայինները իրենք եւս առաջնորդարանին ճամբով արագօրէն եւ առատօրէն պիտի զօրակցին մեր կարիքաւոր եղբայրներուն եւ քոյրերուն: Ուրախ ենք յայտնելու, որ տէր եւ տիկին Յակոբ եւ Թալին Գլպաշեաններ արդէն իսկ հազար ամերիկեան տոլարով կը զօրակցին լիբանանահայ կարիքաւորներուն, իսկ տէր եւ տիկին Կարապետ եւ Յասմիկ Պապիկեաններ` մէկ միլիոն լիբանանեան ոսկիով:

Նիւթական օժանդակութիւններ տրամադրելու աշխատանքը առաջնորդարանի ընկերային բաժանմունքին մէջ արդէն իսկ սկսած է եւ 11.300.000 լիբանանեան ոսկի բաժնուած է 113 կարիքաւորներու` իւրաքանչիւրին տրամադրելով 100.000 լիբանանեան ոսկի:

Յայտնենք նաեւ, որ ընկերային ծառայութիւններու վերաբերեալ տեսակէտներ փոխանակելու համար, առաջնորդ սրբազան հօր հրաւէրով, ուրբաթ, 6 դեկտեմբեր 2019-ին, տեղի ունեցաւ ընկերային, բժշկական, բարեգործական եւ ծառայողական կառոյցներու հաւաքը, որուն ներկայ գտնուեցան հայ երեք համայնքապետները, ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան, «Հաուըրտ Գարակէօզեան» հաստատութեան, Երեսփոխանական գրասենեակի, ԱՖՀԻԼ-ի, «Ճինիշեան» յիշատակի ձեռնարկի, Ազգային ծերանոցի, «ԷՀԼԱՆ» ընկերային կեդրոնի, Թրատի ընկերային կեդրոնի, «Նարեկի Տիրամօր» բժշկական կեդրոնի, «Զուարթնոց» կեդրոնի, Ընկերային ծառայողներու միութեան եւ առաջնորդարանի ընկերային բաժանմունքի ներկայացուցիչները: Բանաւոր պատճառներով հանդիպումէն կը բացակայէին ՀԲԸՄ Լիբանանի Շրջանային յանձնախումբի եւ Ազունիէի ազգային բուժարանի ներկայացուցիչները:

Աւարտին, կը հաստատենք, որ ե՛ւ մեր նուիրատուներու, ե՛ւ մեր ծառայութիւններուն մասին պարբերական հաղորդագրութիւններով տուեալները եւ մանրամասնութիւնները պիտի դարձնենք մեր ժողովուրդին սեփականութիւնը:

ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ