Հինգշաբթի, 10 հոկտեմբեր 2024-ին, Ազգային առաջնորդարանի Ընկերային ծառայութեան բաժանմունքին անունով մասնաւոր պատուիրակութիւն մը յաջորդաբար այցելեց Պուրճ Համուտի սահմանակից գօտիին մէջ գտնուող հինգ գաղթավայրեր, ուր ապաստանած են հարաւային Լիբանանէն տեղահանուած հազարաւոր քաղաքացիներ:
Հինգ անդամ հաշուող պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէր Ազգային վարչութեան փոխատենապետ եւ նախկին նախարար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան: Պատուիրակութեան կ՛ընկերակցէին Լիբանանի Հայոց թեմի հոգեւորականաց դասէն երկու քահանայ հայրեր:
Ազգային վարչութեան որոշումով թելադրուած այս այցելութիւնը կը միտէր մօտէն ծանօթանալ գաղթականներուն ունեցած անմիջական կարիքներուն եւ դիմագրաւած հարցերուն ու ստեղծուած աղէտին դիմաց համայնքին անունով զօրակցութիւն յայտնել գաղթավայրերու պատասխանատուներուն:
Շրջագայութեան միջոցին, պատուիրակութիւնը իւրաքանչիւր գաղթակայանին փոխանցեց անհրաժեշտ ուտեստեղէնի պարէն` պատրաստուած գաղթակայաններու պատասխանատուներուն խորհուրդովն ու թելադրութեամբը:
Անկասկած, Ազգային առաջնորդարանի ճամբով կատարուած մարդասիրական այս ճիգը նուազագոյն զօրակցութեան արտայայտութիւն մըն էր գաղթական դարձած լիբանանցի մեր հայրենակիցներուն նկատմամբ: Գոյութիւն ունեցող կարիքները հսկայական են եւ բազմատեսակ, հետեւաբար հրամայական պահանջ է, որ գալիք աշխատանքներուն համար ընդհանուր զօրակցութեան ու գործակցութեան պայմաններ ստեղծուին: