Առաջնորդարան Հայոց Լիբանանի

Ազգային Առաջնորդարան. «Եկեղեցւոյ Կառոյցներուն Դերը Ընկերային Ծառայութիւններուն Մէջ» Նիւթով Միօրեայ Համագումար

Հովանաւորութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի բարեջան առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Եպս. Փանոսեանի, գործակցութեամբ Լիբանանի թեմի Կրօնական ժողովին, մասնակցութեամբ եկեղեցիներու տիկնանց յանձնախումբերուն եւ կազմակերպութեամբ Ազգային առաջնորդարանի ընկերային յանձնախումբին, չորեքշաբթի, 5 ապրիլ 2017-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան – Եռագոյն» սրահին մէջ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին կողմէ 2017 տարին «Վերանորոգումի տարի» հռչակուելուն առիթով, տեղի ունեցաւ միօրեայ համագումար` «Եկեղեցւոյ կառոյցներուն դերը ընկերային ծառայութիւններուն մէջ» նիւթով:

Ազգային առաջնորդարանի ընկերային յանձնախումբի ատենապետ Քրիստին Սարգիսեան բարի գալուստ մաղթելէ ետք ներկաներուն նկատել տուաւ, որ սոյն հաւաքին նպատակն է միասնաբար հոգեւոր ժամանակ անցընել եւ իբրեւ հայ եկեղեցւոյ ներկայացուցիչներ` յաւելեալ անդրադարձ կատարել մեր եկեղեցւոյ կարեւորութեան: Ան ըսաւ, որ Հայ առաքելական եկեղեցին գոյատեւած է աւելի քան 1700 տարի, որովհետեւ հայ ազգը եւ մանաւանդ հայ մայրերը կառչած մնացած են քրիստոնէական հաւատքին: «Եկեղեցւոյ մէջ ծառայելը մեզի հոգեկան գոհունակութիւն կու տայ, սակայն մեր ուսերուն վրայ կը դնէ շատ ծանր պարտականութիւն», հաստատեց Քրիստին Սարգիսեան` աւելցնելով, որ մեր կեցուածքով եւ աշխատելաձեւով պէտք է օրինակելի դառնանք:

Հոգեբան-մանկավարժ Սալբի Մուղալեան «փաուըր փոյնթ»-ով ներկայացուցած իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ տիկնանց միութիւններու գետնի վրայ տարած աշխատանքին, եւ թէ ինչպէ՛ս իրենց գործով կրնան ժողովուրդը առաջնորդել եկեղեցի: Ան կեդրոնացաւ սիրոյ եւ կամաւոր ծառայութեան, որոնց ընդմէջէն ներկայացուց ժողովուրդին ծառայելու միջոցները իբրեւ տիկնանց յանձնախումբի անդամներ` շեշտելով, որ այս բոլորին մէջ կարեւոր տեղ կը գրաւէ Յիսուսի հանդէպ սէրը, որ կ՛առաջնորդէ մնացեալ աշխատանքներուն:

Օրուան պատգամախօսն էր Կրօնական ժողովի ատենապետ Սարգիս քհնյ. Սարգիսեան: Ան «փաուըր-փոյնթ»-ով ներկայացուցած իր նիւթին մէջ անդրադարձաւ տիկնանց միութիւններու առաքելութեան հետ կապուած աշխատանքի սահմաններուն` կրօնական թէ քարոզչական առումներով եւ բացատրեց, որ իրենց աշխատանքի ծիրը միայն եկեղեցւոյ անուանակոչութիւններ կամ միջինք կազմակերպելը չէ, այլեւ` կան նաեւ ընկերային հարցեր, որոնց հետ պէտք է զբաղին, ինչպէս` ընտանիքներու եւ մանուկներու դաստիարակութիւն եւ այլն:

Քահանայ հայրը նկատել տուաւ, որ յիշեալ աշխատանքին յաջողութեան համար տիկնանց յանձնախումբերը կարիք ունին պատրաստուելու եւ մարզուելու, որովհետեւ պէտք է լաւապէս ճանչնան եկեղեցին, եկեղեցւոյ պատմութիւնը, Աստուածաշունչը, ծէսը, պատարագը, որպէսզի իրենց առաքելութիւնը յաջողութեամբ պսակուի` աւելցնելով, որ անհրաժեշտ է եռամսեայ դրութեամբ եկեղեցիներուն մէջ յատուկ լսարան մը կազմակերպուի: Ան նաեւ շեշտը դրաւ իրենց ծառայութեան ծիրին մէջ հոգեւոր կեանքի կարեւորութեան վրայ:

Սարգիս քհնյ. Սարգիսեան անդրադարձաւ նաեւ տիկնանց յանձնախումբերու նկարագրային եւ բարոյական վիճակին, ինչպէս նաեւ ժողովուրդին հանդէպ անոնց վերաբերմունքին` հաստատելով, որ անոնք պէտք է օրինակ հանդիսանան բոլորին: Խօսելով եկեղեցւոյ արտաքին թէ ներքին բարեզարդման մասին` քահանայ հայրը շեշտեց, որ ասիկա տիկնանց յանձնախումբերուն առաքելութեան հիմնական կէտերէն մէկն է:

Առաջնորդ Սրբազանը իր խօսքին մէջ գոհունակութիւն յայտնեց, որ Ազգային առաջնորդարանի ընկերային ծառայութեան գրասենեակը նման դաստիարակչական աշխատանք կը տանի` նկատել տալով, որ  ժամանակները կը փոխուին, եւ անոնք, որոնք այդ փոփոխութիւնները ընկալելով քայլ կը պահեն ժամանակներուն հետ եւ կը փորձեն յառաջանալ, անպայմանօրէն յաջողութիւն կ՛արձանագրեն:

«Մեր եկեղեցին մեր իրականութեան մէջ ամէնէն աւանդապահ կառոյցն է կեանքի պայմաններուն բերումով, այլապէս` եկեղեցին յառաջապահ եւ յառաջադէմ պէտք է ըլլայ մեր աշխատանքով: Մենք է, որ եկեղեցւոյ առաքելութիւնը ժամանակակից դարձնելով եկեղեցին կը վերածենք յառաջապահ կառոյցի», շեշտեց Սրբազան Հայրը եւ գնահատեց տիկնանց յանձնախումբերուն տարած աշխատանքը թեմի եկեղեցիներուն մէջ` սիրով, ծառայութեան հասկացողութեամբ եւ նուիրումով:

Սրբազան Հայրը խօսքը ուղղելով տիկնանց յանձնախումբերուն նկատել տուաւ, որ անոնք իրենց սիրով, գուրգուրանքով, բծախնդրութեամբ եւ նուիրումով շատ բան կրնան ընել եկեղեցւոյ ճամբով մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ` մաղթելով, որ հաւատքը եւ նուիրումը սրբազան առաջնորդութիւն ըլլայ բոլորին համար:

Աւարտին մատուցուեցաւ սիրոյ սեղան: