Առաջնորդարան Հայոց Լիբանանի

ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՀԱՅՈՑ ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ ԾԱՌԱՅՈՒԹԵԱՆ ԲԱԺԱՆՄՈՒՆՔ

Ատամնաբոյժի Օգնականներ Պատրաստելու Ծրագիր
Ազգ. Առաջնորդարանի Ընկերային Ծառայութեան Բաժանմունքը ուրախութեամբ կը տեղեկացնէ, որ Ֆրանսայի Հայկական Հիմնադրամի նիւթական աջակցութեամբ, Սէն Ժոզէֆ Համալսարանը պիտի ձեռնարկէ ատամնաբոյժի օգնականներ պատրաստելու մասնաւոր ծրագիրի մը, որուն կրնան մասնակցիլ ատակ հայ երիտասարդներ ու երիտասարդուհիներ:
Ծրագիրը ամբողջացնողները, պիտի կարենան ատամնաբուժական հաստատութեան մը մէջ դիւրութեամբ ստանձնել գրասենեակային աշխատանքներ եւ իրենց ունեցած գիտութեան եւ փորձառական ծանօթութեան շնորհիւ, նաեւ արդիւնաւոր կերպով օժանդակել թէ՛ ատամնաբոյժին եւ թէ՛ խնամքի ենթակայ պարագաներուն:
Ծրագիրը կ՛ընդգրկէ դասընթացք եւ աշխատանքային մարզէ ներս անհրաժեշտ փորձարկումներ, որոնք պիտի իրականանան Սէն Ժոզէֆ համալսարանի՝ Campus des Sciences Medicales-ին մէջ:
Դասընթացքները պիտի կատարուին Արաբերէն լեզուով եւ թեկնածուները պէտք է ունենան Լիբանանեան Պաքալորիայի համապատասխան վկայական / վկայագիր:
Ծրագրի աւարտին, մասնակցողները պիտի ստանան Սէն Ժոզէֆ համալսարանին կողմէ համապատասխան վկայական-հաստատագիր եւ ծրագիրը իրականացնող կողմերուն օժանդակութեամբ, նաեւ պիտի յաջողին շատ արագ կերպով ապահովել աշխատանք:
Ամբողջական տեղեկութիւններու եւ արձանագրութեանց համար, հաճեցէ՛ք դիմել հետեւեալ ե-նամակի հասցէներուն. Դոկտ. Հիլտա Պայրամեան՝ [email protected] եւ [email protected], իսկ յաւելեալ ցուցմունքներու համար կարելի է կապ հաստատել Ազգ. Առաջնորդարանի Ընկերային Ծառայութեան Բաժանմունք (նախկին Ս. Քառասնից Մանկանց Վարժարանի շէնքի 3-րդ յարկ), ժամը 10:00-12:00:
Ծանօթ: Մասնակիցներուն երթեւեկը ապահովուած է: