Առաջնորդարան Հայոց Լիբանանի

Ազգային Առաջնորդարան Լիբանանի Հայոց. Այցելութիւն Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին

Երկուշաբթի, 23 յունուարին, երեկոյեան ժամը 5:30-ին, Լիբանանի հայոց թեմի բարեջան առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Եպս. Փանոսեան եւ Լիբանանի թեմի Ազգային վարչութիւնը այցելեցին Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին` Նոր տարուան եւ Ս. Ծննդեան տօներուն առիթով փոխանցելու իրենց շնորհաւորութիւններն ու բարեմաղթութիւնները:

Շուրջ մէկ ժամ տեւած հանդիպումին արծարծուեցան Լիբանանի հայոց թեմի անցնող տարուան աշխատանքները, ինչպէս նաեւ Ազգային վարչութիւնը ներկայացուց իր յառաջիկայ ծրագիրները: Վեհափառ հայրապետը գնահատեց թեմին ծաւալած գործունէութիւնը եւ այս իմաստով կատարեց նաեւ իր թելադրանքները:

Հանդիպումի ընթացքին յատուկ կարեւորութեամբ արծարծուեցան Ազգային միացեալ վարժարանի յառաջիկայ տարեշրջանի վերամուտին հետ առնչուած մանրամասնութիւնները: Վեհափառ հայրապետը հաստատեց, որ այս արդիական ազգային կրթական օճախը գաղութային կեանքին նոր որակի աշխուժութիւն մը բերելու բոլոր տուեալները ունի` յոյս յայտնելով, որ անիկա արժանանայ համաժողովրդային զօրակցութեան ու գուրգուրանքի:

Անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ եկեղեցի-ժողովուրդ կապի խորացման եւ այս իմաստով թեմի եկեղեցական ծուխերու` կրօնական եւ աշխարհական պատասխանատուներու նոր գործելաոճի մը որդեգրման: Արծարծուեցաւ նաեւ երիտասարդութիւնը ազգային-եկեղեցական կեանքին մէջ ներգրաւելու կարեւորութիւնը:

Վեհափառ Հայրապետը զեկուցեց նաեւ Հալէպ իր կատարած հովուապետական այցելութեան, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի հետ տեսակցութեան մասին: Ան հիացմունքով անդրադարձաւ Հալէպի կրօնական եւ ազգային կառոյցներուն ծաւալած աշխուժ գործունէութեան եւ հաստատեց, որ հալէպահայութեան մօտ առկայ է վերականգնումի վճռակամութիւնը: Վեհափառ հայրապետը յոյս յայտնեց, որ գաղութը եւ ընդհանրապէս սուրիահայութիւնը շուտով պիտի յաջողին գտնել իրենց կեանքի բնականոն ընթացքը: