4-րդ շաբաթն ըլլալով, ուրբաթ, 22 մարտ 2019-ին շարունակուեցաւ թաղական խորհուրդներու ներկայացուցիչներու լուսանկարչութեան դասընթացքը, որուն նպատակն է ծուխերուն մէջ ունենալ լուսանկարչական հմտութիւններ ունեցող անհատներ: Ծրագիրի դասատուն է Նժդեհ Մկրտիչեան:
Յայտնենք, որ ծրագիրի անդրանիկ հանդիպումը տեղի ունեցաւ ուրբաթ, 1 մարտ 2019-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ: Հաւաքին, առաջնորդարանի դիւանապետ Րաֆֆի Տէմիրճեան ներկայացուց լուսանկարչական դասընթացքին կարեւորութիւնը եւ անոր երկամսեայ ընթացքին մանրամասնութիւնները:
Այս առիթով, Լիբանանի հայոց առաջնորդ Գերշ. Տ. Նարեկ Արքեպիսկոպոս նշեց, թէ տեղեկատուական-քարոզչական արդի պայմաններուն մէջ արհեստագիտութեան հետ քայլ պահելը անհրաժեշտութիւն է, որպէսզի եկեղեցւոյ պատգամը հասանելի դառնայ ժողովուրդին: Առաջնորդ Սրբազանը շեշտեց, որ լուսանկարներու ընդմէջէն երիտասարդութեան պէտք է փոխանցուի մեր առաքելութիւնը` օգտագործելով դարու հասանելի բոլոր միջոցները, ներառեալ` ընկերային ցանցերը: Նարեկ Արքեպիսկոպոս աւելցուց, որ այս դասընթացքը ինքնանպատակ չէ, այլ կը միտի պատրաստուած անհատներով եկեղեցիներուն մէջ ծաւալել համապատասխան գործունէութիւն:
Նշենք, որ ծրագիրը ունի տեսական եւ գործնական բաժին: Երկրորդ բաժինով մասնակից 20 անհատները մօտէն պիտի ծանօթանան լուսանկարչական գործիքին, սորվին համակարգչային ձեւաւորման կարգ մը գիտելիքներ եւ իրականացնեն հաւաքական փորձառութիւններու ձեռքբերման նպաստող փորձ-աշխատանքներ: