Բառին ամբողջական առումով, բոլորս ալ կ՛ապրինք ճգնաժամային պայմաններու մէջ:
Անգործութեան, դրամի արժեզրկումին ու աննախընթաց սղաճին յաջորդեց «Քորոնա» ժահրով սկսած համաշխարհային աննախընթաց տագնապը, որ ոչ միայն անդամալուծեց ու մեզ արգելափակեց մեր բնակարաններուն մէջ, այլեւ, տասնեակ հազարաւոր զոհեր խլելով, խորհրդաւոր պայմաններով շարունակեց տարածուիլ աշխարհի բոլոր անկիւնները:
Վստահ էինք, որ տուեալ արտակարգ պայմաններուն մէջ մեր ժողովուրդին դիմագրաւած դժուարութիւնները մեզ պիտի մղէին կազմակերպ աշխատանքի: Գիտէինք, որ միայն իրարօգնութեան ճամբով մեր հաւաքականութիւնը պիտի կարենար քաջաբար դիմագրաւել այս կացութիւնը ու տոկալ: Վստահ էինք նաեւ, որ կեանքի տագնապահար պայմաններուն մէջ լիբանանահայութիւնը առանձին պիտի չմնար: Իրօք, մեր սպասումներուն համաձայն, հեռուներէն կամ մօտէն շուտով պարզուեցան եղբայրական աջակցութեան ձեռքեր, որոնք, ճշգրտօրէն գնահատելով սփիւռքահայ կեանքին մէջ լիբանանահայութեան վերապահուած եզակի դերը, նուիրեցին ու նուիրաբերեցին, որպէսզի մեր հաւաքականութիւնը մնայ քաջ ու կորովի:
Անցնող ամիսներուն օգնութեան համար մեզի երկարող ձեռքերուն շնորհիւ եւ լիբանանահայ կարիքաւորներու զօրակցութեան աշխատանքներու շրջագիծին մէջ, Ազգ. առաջնորդարանը մեր ժողովուրդին համար ըրաւ այն, ինչ որ հարկաւոր էր ու կարելի եւ ճգնաժամային պայմաններուն մէջ առաւել եւս աշխուժացուց մեր ժողովուրդի կարիքաւոր զաւակներուն անհրաժեշտ օժանդակութիւններ տրամադրելու գործը: Վերոյիշեալ առաջադրանքով, ապրիլ ամսուան սկզբնաւորութեան, Ազգ. բարերար` տէր եւ տիկին Ալեքքօ Պէզիքեաններու աջակցութեամբ կարելի եղաւ Ազգ. առաջնորդարանիս միջոցով դրամական օժանդակութիւն տրամադրել 300 ընտանիքներու` իւրաքանչիւրին փոխանցելով 250,000 լիբանանեան ոսկի:
Մայիս ամսուան համար Ազգ. վարչութիւնը որոշեց հիմնական սննդամթերք տրամադրել երկու հազար (2000) կարիքաւոր ընտանիքներու, առանց որեւէ պատկանելիութեան խտրութեան, իւրաքանչիւր ընտանիքի համար նախատեսելով հարիւր հազար (100,000) լիբանանեան ոսկիի արժողութեամբ ուտեստեղէն: Բաշխումի աշխատանքը արդէն իսկ ընթացքի մէջ է եւ կը կատարուի մեր եկեղեցիներէն: Այս առթիւ ուրախութեամբ կը յայտնենք, որ, սրբազան հօր ու Ազգ. վարչութեան անդամներուն դիմումներուն ընդառաջելով, վերոյիշեալ նպատակին համար եղան ազնիւ բարերարութիւններ:
Յառաջիկային ալ Ազգ. վարչութիւնը մշակած է յաւելեալ երկու հազար (2000) ընտանիքներու սննդամթերք տրամադրելու ծրագիր մը` վստահ ըլլալով, որ Ազգ. առաջնորդարանին կողմէ հովանաւորուած աստուածահաճոյ այս ճիգն ալ պիտի արժանանայ ազնիւ բարեկամներու ու գիտակից բարերարներու նիւթական աջակցութեան:
«Տուէ՛ք եւ Աստուած ձեզի պիտի տայ. պիտի տայ լաւ չափով, բերնէ բերան, զեղուն առատութեամբ»: (Ղուկաս 6:38):
Այս առթիւ, սրտագինս շնորհակալութիւն կը յայտնենք բոլոր անոնց, որոնք իրենց արդար վաստակէն բաժին կը հանեն օգնութեան կարիք ունեցող մեր ժողովուրդի զաւակներուն: Կը վստահեցնենք, որ իրարօգնութեան ճամբով անպայմանօրէն պիտի յաջողինք շրջանցել նաեւ այս տագնապը ու շուտով վերադառնալ բնականոն կեանքի: