Ազգային Ե. Մանուկեան քոլեճի 2022-2023 տարեշրջանի ամավերջի հանդէսը տեղի ունեցաւ երեքշաբթի, 30 մայիսին, վարժարանին շրջափակէն ներս: Հանդէսին կը նախագահէր Լիբանանի Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեան: Ներկայ էին Ազգային վարչութեան, Ուսումնական խորհուրդի, կուսակցական, մարզական ու բարեսիրական միութիւններու ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ` քոլեճի տնօրէնութիւնը, խնամակալութիւնը, ուսուցիչներն ու տիկնանց յանձնախումբի անդամներ, շրջանաւարտներու ծնողներ եւ բարեկամներ:
Հանդէսը սկսաւ շրջանաւարտներու մուտքով եւ Լիբանանի, Հայաստանի, Արցախի եւ վարժարանի քայլերգներու ունկնդրութեամբ: Գեղարուեստական բաժինով շրջանաւարտներէն Ռիթա Սալլում ասմունքեց, իսկ Նաթալի Ջուլճեան դաշնակի վրայ հրամցուց հայկական գեղեցիկ կտոր մը: Ապա ցուցադրուեցաւ տեսերիզ մը` ԺԲ. դասարանի դպրոցական տարիներու յուշերէն:
ԺԱ. դասարանին անունով շրջանաւարտներու բարի երթի խօսքը արտասանեց Հրակ Թաթեան, որ անդրադարձաւ շրջանաւարտներու 15 տարուան ուսումնառութեան ընթացքին ամբարած գիտելիքներուն, որոնք վաղուան իրենց զէնքերը պիտի դառնան: Ան ըսաւ նաեւ, որ անոնք հիմա կը փակեն էջ մը` նոր մը սկսելու համար: Թաթեան շեշտեց, որ 15 տարուան դպրոցական իրենց ուրախ եւ տխուր յուշերը, յաջողութիւններն ու ձախողութիւնները պիտի մնան իրենց սրտերուն ու հոգիներուն մէջ` իբրեւ անբաժան մէկ մասնիկը իրենց կեանքին: Խօսքի աւարտին, ան բարի երթ եւ կանաչ ճանապարհ մաղթեց շրջանաւարտներուն:
Շրջանաւարտներուն կողմէ արաբերէնով, անգլերէնով եւ հայերէնով յաջորդաբար ուղերձներ արտասանեցին` Անճելօ Արթին, Կերի Պաշըգեան, Կալի Թագւորեան եւ Ալին Այանեան: Բոլորն ալ իրենց խօսքերուն մէջ խօսեցան իրենց յիշատակներուն, ուսման կարեւորութեան, հայկական վարժարանին եւ յատկապէս իրենց քոլեճի առաքելութեան, տնօրէնութեան եւ ուսուցիչներու իրենց փոխանցած գիտելիքներուն եւ առողջ դաստիարակութեան մասին: Անոնք խօսեցան իրենց յիշատակներուն մասին, գրասեղաններուն ետին հաստատուած ընկերութիւններու եւ բարեկամական կապերուն մասին` շեշտելով, որ այդ կապերուն մէկ մասը կեանքի կապեր եւ բարեկամութիւններ դարձան: Շրջանաւարտները շնորհակալութիւն յայտնեցին յատկապէս իրենց ծնողներուն, որոնք զիրենք յանձնած են Ա. Ե. Մանուկեան քոլեճին, ուր դասագիրքերու կողքին, ստացած են նաեւ ազգային եւ հայեցի դաստիարակութիւն, գիտութիւն ու կրթութիւն: Անոնք խոստացան ճամբան շարունակել քոլեճի «Հաւատք, կամք, նուիրում» նշանաբանը կեանքի ուղեցոյցի վերածելով:
Օրուան պատգամը յղեց բազմամեայ կրթական մշակ, տնօրէն, հրապարակագիր ու մտաւորական Կարօ Յովհաննէսեան, որ իր խօսքին մէջ վեր առաւ մարդկային արժէքներուն եւ արժանիքներուն կարեւորութիւնը` նիւթականացած այս ժամանակներուն, ուր բոլոր արժէքները փոխուած են: Յովհաննէսեան մէջբերելով չինական առած մը` ըսաւ, որ եթէ ժողովուրդ մը կ՛ուզէ հարիւր տարուան համար ծրագրել, ապա սերունդ պէտք է պատրաստէ: Ան իր պատգամին առանցքը դարձուց իսկական մարդու փնտռտուքը, որովհետեւ գիտութիւնը թէեւ կը յառաջանայ, եւ օրական նոր գիւտեր կը նուաճուին, սակայն կը պակսի մարդը իր արժէքներով եւ արժանիքներով: «Ջանացէ՛ք գտնել նախ մարդը, որ կ՛որոնէ ինքզինք, ինքզինք կը կերտէ, ինքզինք կը քանդակէ. ուրեմն փնտռեցէք մարդը նախ ձեր մէջ. մարդը, որ բանականութիւն ունի, որ` մտածել գիտէ եւ կը զարգացնէ ինքզինք, հարցադրումներ կը կատարէ իր անձին հետ»: Ան կոչ ուղղեց շրջանաւարտներուն` փնտռելու եւ գտնելու նկարագրի տէր մարդը, ազնիւ զգացումներու տէր մարդը: «Աննկարագիր մարդը բազմաթիւ անգամներ կը մեռնի, մինչ նկարագիր ունեցող մարդը մէկ անգամ կը մահանայ», դիտել տուաւ Յովհաննէսեան, որ թուեց ազնիւ եւ նկարագիր ունեցող մարդու յատկանիշները` ընդգծելով յատկապէս ազատ մարդու կերպարը, որ հակակշիռ ունի իր բոլոր շարժումներուն եւ որոշումներուն վրայ:
Քոլեճի տնօրէնութեան խօսքը արտասանեց կրթական տնօրէն Անի Բագրատունի, որ ողջունեց բոլոր ներկաները, ապա ամփոփ զեկուցում մը տուաւ ընթացիկ տարեշրջանին արձանագրուած կարեւոր իրագործումներուն մասին: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց այն բարերարներուն ու միութիւններուն եւ մանաւանդ Արամ Ա. վեհափառին եւ առաջնորդ սրբազանին, որոնք տնտեսական այս անկայուն պայմաններուն մէջ եղան վարժարանին կողքին: Բագրատունի ըսաւ, այս տարի բացումը կատարուեցաւ «Ռազմիկ Ճուլֆայեան» փինկ-փոնկի սրահին (բարերարութեամբ Ռ. Ճուլֆայեանին): Ճափոնական դեսպանատան հետ կապեր հաստատելէ ետք կարելի եղաւ ապահովել արեգակնային վահանակներով գործող ելեկտրականութեան համակարգ մը, որ շուտով բանելու կը սկսի:
Բագրատունի խօսքը ուղղելով ուսուցիչներուն` ըսաւ. «Սիրելի՛ ուսուցիչներ, համե՛ստ զինուորներ, քա՛ջ առաջնորդներ, ինչպէ՞ս տոկացիք, ինչպէ՞ս դիմացաք, կեանքի դժուարութիւնները ինչպէ՞ս դիմագրաւեցիք: Մենք գիտենք, որ հայ ուսուցիչը երբ դասարան կը մտնէ, ամէն նեղութիւն, նիւթական դժուարութիւն, հիւանդութիւն դասարանէն դուրս կը ձգէ: Դասարանէն ներս մենք ունինք առաքելութիւն մը, եւ այդ առաքելութեան դիմաց ո՛չ մէկ խոչընդոտ կ՛ընկճէ մեզ. ահաւասիկ լաւագոյն փաստը բեմին վրայ է»: «Այս շրջանաւարտներէն իւրաքանչիւրը ձեր ամէն մէկէն կը պահէ դասեր, խրատներ, սէր, գուրգուրանք եւ նոյնիսկ` պատիժ»: Ան դիտել տուաւ նաեւ, որ այս վարժարանին եւ ուսուցիչներուն սրբազան պարտականութիւնն էր պատրաստել կրթուած, զարգացած եւ գիտակից մարդ-հայը:
Խօսքը ուղղելով շրջանաւարտներուն` Բագրատունի ըսաւ, որ բաժանումի պահը դժուար է, սակայն վստահ է, թէ ո՛ւր ալ երթան աշակերտները, ի՛նչ մակարդակի ալ հասնին, անպայման իրենց ճամբան պիտի անցնի Ե. Մանուկեան քոլեճէն եւ պիտի չմոռնան զայն երբեք: «Իբրեւ մանկավարժներ` մենք մեր կարելին ըրինք, որ ձեզ զինենք գիտութեամբ, դաստիարակենք իբրեւ օրինապահ քաղաքացիներ եւ նուիրենք մեր ազգին հայրենասէր երիտասարդներ», եզրափակեց ան` շնորհաւորելով շրջանաւարտներն ու անոնց ծնողները:
Ապա աշակերտները իրենց վկայականները ստացան ձեռամբ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեանի, որ աւարտին իր խօսքը ուղղեց ներկաներուն: Ան ողջունեց ազգային վարժարաններուն ապրած եռուն կեանքը` քանի մը տարուան անկայուն իրավիճակներէ ետք: Փանոսեան Արքեպիսկոպոս ըսաւ, որ հսկայական ճիգ ի գործ կը դրուի, որպէսզի վարժարանները շարունակեն իրենց կրթանուէր առաքելութիւնը: «Տարեփակի այս օրերուն առիթ է յիշեցնել, որ հայ դպրոցին տեղը անեղծ պէտք է մնայ աւանդապահ ու նախանձախնդիր մեր ժողովուրդին հասկացողութիւններուն մէջ: Մենք հայ դպրոց կը պահենք, որպէսզի օտար պայմաններու մէջ կեանքը ճիշդ ձեւով կողմնորոշուի, եւ մեր դեռատի զաւակներուն մէջ հայրենիքը ապրի: Պէտք է զգուշ ըլլալ, որ օտար դպրոցին հմայքը շուքի մէջ չձգէ հայու հաւատքով, հայու տեսիլքով եւ հայու քրտինքով կերտուած հայ դպրոցը», եզրափակեց Սրբազանը:
Վկայականներ ստացան ընդհանուր գիտութիւններ բաժանմունքէն` Պաշըքեան Կերի, Ջուլճեան Նաթալի, Սալլում Ռիքարտօ, կենսաբանական` Արթին Անճելօ, Սալլում Ռիթա, ընկերատնտեսական` Այանեան Նաթալի, Տեմիրճեան Կապրիէլ, Ներսէսեան Կրէյս, Մելքոնեան Արշակ, Կիրակոսեան Վարանդ, Պէրպէրեան Միհրան, օտար ծրագիր` Թագւորեան Կալի, Սահակեան Նեքթարիա, Տօնիկեան Ճոյա, Տէր Յովհաննէսեան Արզնի: