Առաջնորդարան Հայոց Լիբանանի

Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Քոլեճի Ամավերջի Հանդէս Եւ Վկայականաց Բաշխում

Ազգային Ե. Մանուկեան քոլեճի ԺԲ. դասարանի ամավերջի հանդէսը տեղի ունեցաւ երեքշաբթի, 2 յուլիսին, վարժարանի «Սիրան Մանուկեան» սրահին մէջ` ներկայութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Նարեկ Արքեպիսկոպոսի, Ուսումնական խորհուրդի ներկայացուցիչներու, պետական երեսփոխան Ալեքսանտր Մաթոսեանի, վարժարանի խնամակալութեան, տնօրէն խորհուրդին, տիկնանց յանձնախումբին, ուսուցչական կազմին, ծնողներու եւ հիւրերու:

ԺԲ. դասարանի աշակերտները բեմ բարձրանալով` երգեցին Լիբանանի, Հայաստանի եւ վարժարանի քայլերգները, որոնցմէ ետք բացման խօսքը կատարեց Սելլա Իսկենտերեանը, որ իր եւ դասընկերներուն անունով ողջունեց ներկաները եւ ներկայացուց հանդէսին յայտագիրը: Ապա աւարտական դասարանը գործադրեց գեղարուեստական փոքրիկ յայտագիր մը` ներկայացնելով հայրենասիրական երգ մը, անգլերէն քերթուած մը եւ հայկական շուրջպար մը: Ցուցադրուեցան երկու տեսերիզներ, մէկը վարժարանին մասին, իսկ միւսը` աւարտական դասարանի աշակերտներուն դպրոցական առօրեային մասին:

Շրջանաւարտներու պաշտօնական մուտքէն ետք, ԺԱ. դասարանէն Շուշի Գոճայեանը իր եւ իր դասընկերներուն անունով ողջերթի խօսքը արտասանեց` յաջողութիւն մաղթելով անոնց:

Շրջանաւարտներէն Պելինտա Ոսկերիչեանը, Նարեկ Փանոսեանը եւ Ռուբէն Էվինկիւլեանը յաջորդաբար ներկայացուցին անգլերէն, արաբերէն եւ հայերէն ուղերձներ: Բոլորն ալ շեշտեցին, որ ուրախ ու յուզիչ պահ մը կ՛ապրին, շնորհակալութիւն եւ երախտագիտութիւն յայտնեցին վարժարանին, տնօրէնութեան, ուսուցիչներուն եւ մանաւանդ իրենց ծնողներուն: Անոնք խոստացան ազգային վարժարանէն ստացած իրենց դաստիարակութեամբ զինուած` քալել դէպի ապագայ:

Օրուան պատգամը տուաւ քոլեճի շրջանաւարտներէն դոկտ. Լեւոն Աւետանեանը:  Ան իր խօսքին մէջ շեշտեց, որ շրջանաւարտները մաս կը կազմեն Եղիշէ Մանուկեանի ժառանգին: Աւետանեան աւելցուց, որ յաջողութիւնը հաւաքական գործ է, որ արդիւնք է աշակերտ-ծնողք-ուսուցիչ-դպրոց քառակողմ խմբակի միացեալ ու կուտակուած ճիգերուն: Ան բացատրեց իւրաքանչիւր կողմի կարեւորութիւնն ու ունեցած ներդրումը յաջողութեան գործընթացին մէջ: Խօսքը ուղղելով շրջանաւարտներուն` Աւետանեան ըսաւ. «Վաղը ձեր առջեւ կը բացուի բոլորովին նոր էջ մը, համալսարանական ուսման կամ կեանքի նոր ասպարէզներ, ուր պիտի չգտնէք ձեր վարժարանի գրասեղաններուն ջերմութիւնն ու ապահովութիւնը… սակայն այս քոլեճին շունչը երբեք միայնակ, առանձին պիտի չձգէ ձեզ»: Ապա ան խօսեցաւ յաջողութեան մասին իր կատարած բանաձեւումին մասին, որ ունի երկու պայման` «նպատակ եւ աշխատանք»: «Այս քոլեճի նախկին 33 սերունդներու բոլոր շրջանաւարտները, կը հաւատամ, որ կրնան վկայել, թէ ձգտումը եւ հետեւողական աշխատանքը կարեւոր բանալիներ են յաջողութեան», աւելցուց Աւետանեան: Ան շեշտեց նաեւ կարեւորութիւնը արժէքներու մարդ դառնալու` ըլլալու արդիական, բարեկարգչական, սկզբունքային, տիպար` հայկականութեան: «Ո՛ւր ալ տանին ձեզ ձեր ապագայ ծրագիրները, ձեր արմատները նետեցէք Լիբանանի ու այս գաղութին, հայրենիքի, թէ օտար մայրաքաղաքներու մէջ` իբրեւ դեսպանները այս սքանչելի վարժարանին, ապրեցէք ու գործեցէք անոր նշանաբանին մէջ խտացուած արժէքներով`  հաւատքով, կամքով ու նուիրումով», եզրակացուց Աւետանեան:

Տնօրէնութեան խօսքը արտասանեց տնօրէն խորհուրդի անդամ Անի Բագրատունի, որ առաջին հերթին ողջունեց ներկաները ու ապա խօսեցաւ ցուցադրուած տեսերիզին մասին` դիտել տալով, թէ գեղեցիկ շէնքերն ու դասարանները չեն, որ դպրոցը դպրոց կը դարձնեն, որովհետեւ անոր բաբախող սիրտը աշակերտներն են, որոնց ներկայութեամբ է միայն, որ վարժարանին քարերը շունչ կ՛առնեն ու կը կենդանանան: Ա. Բագրատունի խօսեցաւ վարժարանին առաքելութեան ու դերակատարութեան մասին` շեշտելով, որ ան մարդակերտումի եւ հայակերտումի դարբնոց է: Ան ամփոփ կերպով ներկայացուց ընթացիկ տարուան ընթացքին տեղի ունեցած վերանորոգման աշխատանքները, գործադրուած ծրագիրներն ու աշակերտներուն արձանագրած յաջողութիւնները: Ա. Բագրատունի բացատրեց, որ Լիբանանի տնտեսական ծանր տագնապը կը ճնշէ նաեւ վարժարանը, որուն աշակերտներու ընտանիքներուն մեծ մասը կը դիմագրաւէ նիւթական դժուարութիւններ, եւ վարժարանը կը դիմէ բարերարներու: Ան  շնորհակալութիւն յայտնեց այն բոլոր բարերարներուն, հաստատութիւններուն  եւ միութիւններուն, որոնք օգնութեան ձեռք կ՛երկարեն քոլեճին եւ նեցուկ կը կանգնին անոր` եւ որոնք հաւատալով ազգային  վարժարանին առաքելութեան` կը շարունակեն զօրավիգ կանգնիլ անոր: Ա. Բագրատունի ըսաւ նաեւ, որ խնամակալութեան եւ տնօրէնութեան ճիգերով կարելի եղաւ աւելի քան 50.000 ամ. տոլար ապահովել քոլեճի կալա-ընթրիքին, իսկ տիկնանց յանձնախումբի կազմակերպած ձեռնարկները 17.000 ամ. տոլար բերին վարժարանին:

Խօսքը ուղղելով աշակերտներուն` Ա. Բագրատունի ըսաւ. «Վաղը պիտի կոչուիք Եղիշէ Մանուկեան քոլեճի շրջանաւարտներ: Կեանքի մէջ ամէն աւարտ սկիզբ է. իսկ այս աւարտին կը յաջորդէ թէ՛ սկիզբ մը եւ թէ՛ փորձաքար մը: Երբ ձեզ տեսնենք յաջողած մարդեր, ազգին ծառայող հայեր, այն ատեն վստահ պիտի ըլլանք մեր յաջողութեան», եզրակացուց Ա. Բագրատունի:

Տնօրէնութեան խօսքին յաջորդեց վկայականաց բաշխումը` ձեռամբ Նարեկ Արքեպիսկոպոսին եւ տնօրէն խորհուրդի անդամներուն: Կենսաբանութեան  բաժանմունքէն վկայական ստացան Էվինկիւլեան Ռուբէն, Գալայճեան Սերժ: Ընդհանուր գիտութեան բաժանմունքէն` Գազանճեան Նարեկ, Գունճեան Արա, Փանոսեան Նարեկ, Սարգիսեան Գառնիկ, Թասլաքեան Յովիկ: Ընկերատնտեսագիտական բաժանմունքէն` Չոլաքեան Սերժ, Հէյպէլեան Հրակ, Իսկենտերեան Սելլա, Ճինպաշեան Հրակ, Գէորգեան Սէրուժ, Գորգոնեան Ալեակ, Մանուշակեան Մելիսա, Միթիլեան Սէրլի, Ոսկերիչեան Պելինտա:

Հուսկ, իր հայրական խօսքը արտասանեց Գերշ. Տ. Նարեկ Արքեպիսկոպոս, որ ըսաւ, թէ իւրաքանչիւր դպրոցի աւարտական հանդէս բնականօրէն ուրախութեամբ եւ հպարտութեամբ կը լեցնէ սրտերը բոլոր անոնց, որոնք իրենց մտքէն, ժամանակէն կարողութիւններէն եւ էութենէն բաժին բերած են այս յաջողութեան: Այսօր այդ նոյն զգացումը կ՛ունենան հաւաքաբար բոլոր ներկաները: Ան բարձր գնահատեց վարժարանի մեծ ընտանիքը, որովհետեւ յաջողութիւնը բոլորին հաւաքական ճիգով իրականացաւ:

«Բոլորս ալ կը գիտակցինք, որ դպրոցը անփոխարինելի դեր ունի ժողովուրդներու գոյատեւման մէջ, եւ որքան աւելիով այս հաստատումը կը վերաբերի հայ դպրոցին: Մեր զաւակները կրնան որեւէ դպրոց երթալ եւ յաջողութիւն արձանագրել, բայց միայն հայ դպրոցի մէջ է, որ մենք կրնանք հայ մարդ ունենալ եւ հայ մարդու յաջողութիւններով մեր հաւաքական ուրախութիւնն ու հպարտութիւնը ապրիլ, ինչպէս այսօր կը տեսնենք այս բեմին վրայ: Մեր հունձքը մեր հպարտութիւնը, մեր շրջանաւարտները մեր հպարտութիւնը…» աւելցուց ան:

Խօսքը ուղղելով շրջանաւարտներուն` Նարեկ Արքեպիսկոպոս շեշտեց, որ «Մնաք բարով» չենք ըսեր Ե. Մանուկեան քոլեճին, այլ` ցտեսութիւն, որովհետեւ կը հաւատանք, որ այն կազմաւորումը, որ աշակերտները ստացան այս դպրոցին մէջ, չի թոյլատրեր իրենց հեռանալու այդ յարկէն: «Ո՛ւր որ ալ ըլլաք, ի՛նչ յաջողութիւններ ալ որ արձանագրէք, ի՛նչ գագաթներ ալ որ մագլցիք, պէտք է գիտնաք, որ դուք կը պատկանիք Ե. Մանուկեան  քոլեճին եւ այդ քոլեճին ճամբով`  հայ ժողովուրդին: Դուք կը պատկանիք Լիբանանին եւ միաժամանակ`  լիբանանահայութեան. դուք ունիք կրկնակի պատկանելիութիւն եւ կրկնակի պատասխանատուութիւն` այդ պատկանելիութիւնը լիիրաւ կերպով ապրելու եւ ապրեցնելու ձեր ապագայ քայլերուն կշռոյթով», ընդգծեց ան:

Խօսքի աւարտին Սրբազանը 2018-2019-ի հունձքը անուանեց «Կոմիտասեան-Թումանեանական սերունդ»:

Հանդէսի աւարտին շրջանաւարտները Սրբազան Հօր հետ հատեցին իրենց կարկանդակը: