Հայկական դպրոցներու կողմէ «Ազդակ»-ի խմբագրատուն կատարուած այցելութիւնները դարձած են տարիներու աւանդութիւն:
Սակայն հետզհետէ անոնք սկսած են աւելի հետաքրքրական դառնալ ի տես «Ազդակ»-ի ծաւալած աշխատանքին, բովանդակութեան, ընդգրկած բաժիններուն եւ արհեստագիտական նորութիւններուն մասին աշակերտներուն ունեցած տեղեկութիւններուն:
«Ազդակ» օրաթերթին եւ անոր աշխատանքներուն աւելի մօտէն ծանօթանալու նպատակով` Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճի Ը. դասարանի աշակերտները երէկ առաւօտեան այցելեցին «Ազդակ»-ի խմբագրատուն` ընկերակցութեամբ հայոց լեզուի դասատուին` Թալին Օրտողլեանի:
Լիբանանեան լուրերու խմբագիր Արշօ Պալեան աշակերտներուն ներկայացուց խմբագրատան մէջ կատարուող զանազան աշխատանքները. ան անդրադարձաւ «Ազդակ»-ի տասը էջերուն դիմագիծին, բովանդակութեան եւ պատրաստութեան հոլովոյթին, ինչպէս նաեւ «Ազդակ»-ի պաշտօնական կայքին, բջիջայինի յատուկ «Էփ»-ին, արագ լրահոսի «Փուշ նոթիֆիքէյշըն»-ի դրութեան, «Ազդակ»-ի արխիւները թուայնացնելու աշխատանքին, «Պզտիկ Մզտիկ»-ի տարած իւրայատուկ աշխատանքին, տարեկան դրութեամբ հրատարակուող բացառիկներուն եւ յաւելուածներուն, ինչպէս նաեւ «Ազդակ»-ի 90-ամեակին առիթով սկսած նորագոյն ծրագիրին` լրագրութեան վարժողական յատուկ ծրագիրին:
Աշակերտները մեծ հետաքրքրութեամբ շրջեցան խմբագրատան մէջ, հանդիպեցան խմբագիրներու եւ հետեւեցան օրաթերթի պատրաստութեան թեքնիք աշխատանքին:
Աշակերտները հետաքրքրութեամբ ծանօթացան գրաշարներուն ու էջադրողին աշխատանքներուն եւ դիտեցին թերթին արխիւները:
Աշակերտները այցելեցին նաեւ «Ժիրայր Պուտաքեան» մամլոյ ուսումնասիրութեան կեդրոն, մեծ հետաքրքրութիւն ցուցաբերուեցաւ «Ազդակ»-ի թուայնացած եւ ուսումնասիրութեան համար որոնումի ծառայութեամբ օժտուած դրութեան նկատմամբ:
Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճի Ը. դասարանի աշակերտները այցելեցին նաեւ «Ազդակ»-ի տպարան: