Ուրբաթ, 22 յունիս 2018-ի երեկոյեան, Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճի «Սիրան Մանուկեան» սրահին մէջ կայացաւ ամավերջի հանդէսը:
Լիբանանի, Հայաստանի ու քոլեճի քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք աւարտականի աշակերտները սրահի զանազան բաժիններէն երգելով ու պարելով բեմ բարձրանալով ներկայացուցին «Թող ծածանուի եռագոյնը» կտորը: Կարէն Գազանճեան մեկնաբանեց «Մշեցի մօր երգը» եւ «Վաղ թէ ուշ» երգերը, ընկերակցութեամբ Մուշեղ Յովհաննէսեանի (դաշնակ), իսկ Սէրուժ Խանճիհանեան (կիթառ), Յովիկ Ադամեան (կիթառ) եւ Յովհաննէս Տէմիրճեան (տհոլ) ներկայացուցին հայկական մեղեդիներու շարք մը: Ապա, աւարտականները խմբային ասմունքի ընդմէջէն ներկայացուցին Սիամանթոյի, Գ. Էմինի եւ Գեղամ Գեղակի բանաստեղծութիւններէն: Բալիկ Կիւլեան ասմունքեց Սիլվա Կապուտիկեանի «Հայոց աշխարհ»-ը, իսկ Լոռի Միթիլեան, ԱննաՄարիա Տէմիրճեան եւ Ալոնտրա Սիուֆի ներկայացուցին գեղեցիկ նազպար մը, ապա շրջանաւարտները երգեցին «Սարդարապատ» եւ «Վերջին զանգ» երգերը: Ցուցադրուեցաւ աւարտականներուն դպրոցական կեանքն ու յիշատակները ներկայացնող տեսերիզ մը:
Շրջանաւարտներու հանդիսաւոր մուտքէն ետք, ԺԱ. կարգի կողմէ ողջերթի խօսքը ընթերցեց Ռուբէն Էվինկիւլեան: Ան իր դասընկերներուն կողմէ խոստացաւ շարունակել շրջանաւարտ սերունդի առաքելութիւնը` մաղթելով, որ Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճը, պաշտօնէութիւնը, ուսուցչական կազմն ու դասընկերները մնան անոնց սրտերուն եւ հոգիներուն մէջ, եւ անոնք կարենան իրականացնել իրենց բոլոր իղձերն ու փափաքները: Ապա, ան շրջանաւարտներուն մաղթեց յաջողութիւն ու բարի երթ:
Արաբերէն ուղերձը ընթերցեց Լոռի Կարապետ, որ նշեց, թէ դպրոցը այն սանդուխն է, ուրկէ աշակերտները կը բարձրանան դէպի ապագայ: Ան հաստատեց, որ, թէեւ դասընկերները իրարու հանդիպած են պատահականօրէն, սակայն անոնք տարիներու ընթացքին դարձած են ընտանիք` հաստատելով, որ քոլէճին մէջ աշակերտներուն անցուցած տխուր թէ ուրախ օրերը վերածուած են թանկագին յիշատակներու: Իր խօսքի աւարտին ան շնորհակալութիւն յայտնեց տնօրէնութեան եւ ուսուցչական կազմին ու բարի երթ մաղթեց դասընկերներուն:
Անգլերէն ուղերձը ընթերցեց Ճէֆրի Ժումժեան: Ան յիշեց իր դպրոցական առաջին օրը եւ շնորհակալութիւն յայտնեց իր ծնողքին եւ բոլոր շրջանաւարտներուն ծնողներուն, որոնք զիրենք վստահած են այդ երդիքին, ուր տարիներու ընթացքին կերտուած է իրենց երկրորդ ընտանիքը: Ան յիշեց մանկական խաղերը, պարտականութիւնները, որոնք այժմ փոխարինուած են մեծ մտահոգութիւններով, ապագայի պարտաւորութիւններով ու պատասխանատուութեամբ, որոնք սակայն կարելի պիտի ըլլայ յաղթահարել հարազատ ընկերներու նեցուկով: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնց ներդրումով կարելի դարձած էր աւարտական հանգրուանին հասնիլը , ինչպէս` ծնողները, տնօրէնութիւնը, ուսուցչական կազմն ու դասընկերները: Ապա, ան իր խօսքը իր ընկերներուն ուղղելով` յանձնարարեց կեանքը ապրիլ լիարժէք կերպով, չվախնալ նորութիւններէ և կերտել անմոռանալի յուշեր:
Հայերէն ուղերձը ընթերցեց Կարօ Քէօշկէրեան: Ան անդրադարձաւ իր դպրոցական յուշերուն ու ըսաւ.«Տարիներու ընթացքին կերտեցինք մեր «ես»-ը միաժամանակ ամուր պահելով մեր «մենք»-ը»: Ան իր երախտագիտութիւնը յայտնեց ծնողներուն, որոնք առիթ ընծայած են իրենց, բարձրորակ ուսում ստանալու հարազատ միջավայրի մը մէջ, շնորհակալութիւն յայտնեց առաջնորդ սրբազան հօր, բարերարներուն, խնամակալութեան ու տիկնանց յանձնախումբին` իրենց դպրոցական կեանքին մէջ անոնց ունեցած ներդրումին համար: Ապա ան երախտագիտութիւն յայտնեց տնօրէնութեան եւ ուսուցիչներուն, որոնց շնորհիւ քոլեճը ունեցած է հեղինակութիւն, հպարտութիւն ներշնչող շրջանաւարտներ, պետական քննութիւններու փայլուն արդիւնքներ` միաժամանակ փոխանցելով մայրենի լեզու, մշակոյթ, կրօն ու հայրենասիրութիւն: Ան իր ու դասընկերներուն կողմէ խոստացաւ դպրոցէն ստացած գիտելիքները վերադարձնել ազգին, իրականացնել քոլեճի յոյսերն ու ազգին պատիւը բարձր պահել:
Իր սրտի խօսքը փոխանցեց Լիբանանի զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան, որ հաղորդական ու հարազատ ոճով ծնողներուն թելադրեց իրենց սեփական երազները չպարտադրել իրենց զաւակներուն, այլ առիթ տալ, որ անոնք հետապնդեն իրենց երազները ու հասնին իրենց նպատակներուն, որովհետեւ միայն այդ ձեւով կարելի պիտի ըլլայ երաշխաւորել աշակերտներուն երջանկութիւնն ու արդիւնաւէտ ներդրումը իրենց ընտրած ասպարէզին մէջ: Ապա, նախարարը` խօսքը ուղղելով շրջանաւարտներուն, յանձնարարեց, որ անոնք իրենց ուրոյն հետքը ձգեն իրենց շրջապատին մէջ, իրենց իւրայատկութեամբ ու տաղանդներով:
Ապա խօսք առաւ քոլեճի տնօրէն` Զոհրապ Ղազարեան, որ ըսաւ, թէ ինք ու իրեն պէս բազմաթիւ ծնողներ իրենց զաւակները վստահած են քոլեճին` քաջ գիտնալով, որ այնտեղ անոնք ոչ միայն պիտի ստանան բարձրորակ ուսում, այլ նաեւ` պիտի թրծուին իբրեւ գիտակից ու հպարտ հայեր: Ապա, ան անդրադարձաւ Հայաստանի Ա. անկախութեան ու հաստատեց, որ ամբողջ տարեշրջանին, զանազան ձեռնարկներու ընդմէջէն աշակերտները մօտէն ծանօթացան ու ապրեցան մայիսեան սխրանքը: Ան շրջանաւարտ սերունդը կոչեց «Հայաստանի Ա. Անկախութեան 100-ամեակի սերունդ» մաղթելով, որ անոնք ըլլան անկախութիւնը կերտող սերունդին նման հայրենասէր ու անձնուրաց ղեկավարներ: Ապա, ան յորդորեց աշակերտները ըլլալու արդար, խղճամիտ ու պարկեշտ եւ իրենց դրոշմը ձգելու պատմութեան էջերուն վրայ: Տնօրէնը խօսքը ծնողներուն ուղղելով` շնորհակալութիւն յայտնեց, որ անոնք իրենց զաւակները վստահած են հայկական վարժարանին եւ շրջանաւարտները հրաւիրեց սրահ իջնելու եւ ծաղիկներով իրենց երախտագիտութիւնը յայտնելու իրենց ծնողներուն:
Ան իր խօսքը ուղղելով շրջանաւարտներուն` ըսաւ. «Ձեր երթը չի վերջանար հոս, այլ կը սկսի այստեղէն: Զանգերը կը ղօղանջեն. կարեւոր է, որ լսէք անոնց ձայնը եւ անպատասխան չձգէք: Գացէ՛ք, առէ՛ք բարձրագոյն կրթութիւն ու վերադարձէ՛ք գիրկը ձեր հարազատ միջավայրին»:
Ապա, տնօրէնը բեմ հրաւիրեց քոլէճի երկար տարիներու վաստակաւոր ուսուցչուհի Տիգրանուհի Թովմասեանը եւ խնամակալութեան ատենապետ Յովիկ Կէօզիւպէօիւքեանին հետ զինք պարգեւատրեցին յուշանուէրով մը` շեշտելով, որ քոլեճը կը մնայ Տիգրանուհիի հարազատ տունը:
Լիբանանի հայոց թեմի բարեջան առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Եպս. Փանոսեան, ողջունեց ներկաները ու նշեց, թէ աւարտական հանդէսը հայ դպրոցի յաղթանակի տօնակատարութիւնն է, որովհետեւ տարուէ տարի հայ դպրոցներուն արդիւնքներով հայ ազգի գոյերթը առաւել եւս կը զօրանայ եւ կը հարստանայ նորանոր սերունդներով:
Սրբազան Հայրը փառք տուաւ Աստուծոյ, որ Լիբանանի մէջ կարելի է հպարտութեամբ նշել, որ այս միջավայրը հայ դպրոցին շնորհիւ կը շարունակէ մնալ ազգային դրոշմ ու նկարագիր ունեցող:
Ան իր սրտագին շնորհաւորութիւնները ուղղեց կրթական մշակներուն, պատասխանատուներուն, ծնողներուն, բարեկամներուն ու բոլոր անոնց, որոնք մասնակից են հայ դպրոցի առաքելութեան: Առաջնորդ սրբազանը յորդորեց մնալ հայ դպրոցի կողքին ու առաւել եւս զարգացնել զայն:
Ապա, իր խօսքը շրջանաւարտներուն ուղղելով ըսաւ. «Ահաւասիկ հրաժեշտ կ՛առնէք հայ դպրոցէն, երթալու ձեր դիմաց բացուող կեանքին: Գացէ’ք ու գագաթներ նուաճեցէք» ու եզրափակեց ըսելով` «Ապրի՛ք ու ձեզմով թող ապրի հայ դպրոցը»:
Ապա կատարուեցան վկայականներու բաշխումն ու մրցանակաբաշխութիւնը:
Ստորեւ նշուած նիւթերուն բարձրագոյն միջինները ապահովող հետեւեալ աշակերտները, ստացան իրենց մրցանակները.
– Կարօ Քէօշկէրեան` Ընդհ. գիտ.դասարանի ուսողութեան եւ բնագիտութեան «Ժան Ապաճեան» մրցանակ.
– Բալիկ Կիւլեան` «Լալէ եւ Աշոտ Բագրատունի» աւարտական 3 տարիներու հայոց պատմութեան բարձրագոյն միջին.
– Ճէֆրի Ժումժեան` 12-րդ դասարաններու բարձրագոյն միջին.
– Ճէֆրի Ժումժեան` անգլերէնի բարձրագոյն միջին.
– Կարօ Քէօշկէրեան` հայերէնի բարձրագոյն միջին.
– Լոռի Կարապետ` արաբերէնի բարձրագոյն միջին.
– Տիպար Աշակերտ` Վանայ Մահտեսեան
– Ընկերասէր Աշակերտ` Սերժ Նաշալեան
– Ճէֆրի Ժումժեան` Կենսաբանագիտական դասարանի Թուաբանութեան եւ գիտական նիւթերու բարձրագոյն միջին.
– Լոռի Կարապետ` Ընկերատնտեսագիտական դասարանի բարձրագոյն միջին.
– Ճէֆրի Ժումճեան` Կենսաբանագիտական դասարանի բարձրագոյն միջին
– Կարօ Քէօշկէրեան` Ընդհ. գիտութեան Դասարանի բարձրագոյն միջին.
– Արուեստի մրցանակ` Կարօտ Պէլեան:
Ընկերատնտեսագիտական բաժանմունք` Աճէմեան Նազօ, Ադամեան Յովիկ, Պարսումեան Ցոլեր, Չոպանեան Ռիթա, Տէմիրճեան Աննա Մարիա, Տէր Դաւիթեան Իվանա, Կարապետ Լոռի, Գազանճեան Կարէն, Գույումճեան Պարոյր, Մարկոսեան Յարութ, Նաճարեան Գարին, Սիուֆի Քոնտեսա Ալոնտրա, Թասլաքեան Հէրի
Կենսաբանութեան բաժանմունք` Ղազարեան Սարհատ, Յովհաննէսեան Մուշեղ, Ժումժեան Ճէֆրի, Գանթարճեան Մարիա, Կիւլեան Բալիկ, Քէրթէնեան Ռիթա, Մահտեսեան Վանայ, Մելքոն Յակոբ, Միթիլեան Լոռի, Սասունեան Յակոբ, Սէրայտարեան Կիրօ, Թրթռեան Արամ
Ընդհանուր գիտութեան բաժանմունք` Պէլեան Կարօտ, Տէմիրճեան Յովհաննէս, Քէօշկէրեան Կարօ, Խանճիհանեան Սէրուժ, Խաչերեան Գարին, Ամպարճեան Շանթ, Նաշալեան Սերժ