Առաջնորդարան Հայոց Լիբանանի

Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Քոլեճ. Ամավերջի Հանդէս Եւ Վկայականաց Բաշխում

Ազգ. Ե. Մանուկեան քոլեճի ԺԲ. դասարանի ամավերջի հանդէսը տեղի ունեցաւ հինգշաբթի, 3 յունիսին, վարժարանի բակի վերջերս բարեզարդուած բեմին վրայ: Հանդէսը կը վայելէր հովանաւորութիւնը եւ ներկայութիւնը Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեանի:

Հանդէսը սկսաւ շրջանաւարտներու մուտքով, որոնք բեմ բարձրանալով` երգեցին Լիբանանի, Հայաստանի, Արցախի եւ վարժարանի քայլերգները: Ապա անոնք հրամցուցին գեղարուեստական կոկիկ յայտագիր մը.  դաշնակի վրայ նուագեց Նաթալի Քեսմէեան, անգլերէնով ասմունքեց Սօսէ Մինասեան, Արարատին ու ընդհանրապէս Հայաստան հայրենիքին նուիրուած կենդանի պատկերով մը շրջանաւարտներէն Լոռի Կիւլիւմեան մեներգեց, Ալեակ Մկրեան դաշնակի վրայ ներկայացուց հայկական երաժշտական կտոր մը, Ռուբէն Մարտիրոսեան եւ Մարիէլլա Ճեհիզեան ասմունքեցին եւ խումբ մը աշակերտուհիներ նազպար մը ներկայացուցին: Պատկերի աւարտին, բոլոր շրջանաւարտները, վառած մոմերով, իրենց դէմքերը դարձուցին բեմին վրայ խրոխտ կանգնած Արարատին` ուխտելով, որ պիտի հասնին անոր կատարին:

ԺԱ. դասարանին կողմէ ողջերթի խօսքը արտասանեց Փաթիլ Ասատուրեանը, որ ցաւ յայտնեց, թէ ինք եւ իր դասընկերները այս տարի զրկուեցան իրենց երէց ընկերներոն հետ հաճելի պահեր անցընելէ: Ան ԺԱ. դասարանին անունով յաջողութիւն եւ կանաչ ճանապարհ մաղթեց շրջանաւարտներուն: Ապա շրջանաւարտներուն կողմէ յաջորդաբար արաբերէն, անգլերէն եւ հայերէն ուղերձներ կարդացին` Գրիգոր Անգէշեան, Նարեկ Ասատուրեան եւ Ալեքս Իսկէնտէրեան: Երեք շրջանաւարտներն ալ շեշտը դրին հարազատ ու ջերմ յարկին տակ անցուցած իրենց անմոռանալի օրերուն  վրայ: Անոնք շնորհակալութիւն յայտնեցին քոլեճի տնօրէնութեան, ուսուցչական կազմին եւ իրենց ծնողներուն, որոնք անցնող տասնհիգ տարիներուն ընթացքին թեւ ու թիկունք կանգնեցան իրենց:

Օրուան պատգամը յղեց քոլեճի շրջանաւարտներէն` հոգեբան  Լիւսի Դաւիթեան-Էլմաճեանը: Իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ երիտասարդութեան դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն, ինքնութեան, պատկանելիութեան եւ այլ տագնապներու, զորս կարելի է յաղթահարել միայն այն ատեն, երբ երիտասարդը լաւ պատրաստուած է իր ընտանիքին եւ կրթական հաստատութեան մէջ:  Ան ընդգծեց կարեւորութիւնը հայկական վարժարանին, որ յանձնառու ու իր ազգային պարտականութիւններուն գիտակից երիտասարդութիւն մը կը պատրաստէ: Պատգամախօսը շնորհաւորեց շրջանաւարտները` յաջողութեամբ լի ապագայ մը մաղթելով անոնց:

Ապա ներկաներուն սփռուեցաւ 27 մայիսին, բեմի եւ քանդակի բացման ձեռնարկին ընթացքին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին արտասանած խօսքը:

Քոլեճի կրթական տնօրէն Անի Բագրատունի խօսք առնելով` նախ ողջունեց ներկաները, ապա  հաշուետուութիւնը կատարեց 2020-21 տարեշրջանի քոլեճին նիւթական եւ կրթական վիճակին մասին: Ան շեշտեց, որ դժուար տարեշրջան մըն էր քոլեճին համար: Բագրատունի յայտնեց, որ առցանց ուսուցման համար ուսուցիչները անցեալ ամրան մասնակցեցան վարժողական սեմինարներու եւ վերամուտին անոնք կազմ ու պատրաստ էին սկսելու առցանց դասապահերը, որոնք կանոնաւոր կերպով ընթացան, եւ աշակերտները քանի մը առիթներով (երբ պայմանները կը ներէին) դպրոց ալ կրցան գալ` մասնակցելու գրաւորներու եւ քննութիւններու: Բագրատունի շնորհակալութիւն յայտնեց Արամ Ա. կաթողիկոսին, Շահէ արքեպիսկոպոսին, վարժարանի խնամակալութեան, կազմակերպութիւններու, միութիւններու եւ անհատ բարերարներու, որոնք նեցուկ կանգնեցան  եւ նիւթական ու բարոյական օժանդակութիւն տրամադրեցին Ազգ. Ե. Մանուկեան քոլեճին:

Խօսքը ուղղելով շրջանաւարտներուն` Բագրատունի ըսաւ. «Դէպի կեանք նետուիլը դիւրին չէ. հոն ձեզի կը սպասեն նորանոր դժուարութիւններ, հոն պիտի ըլլաք աւելի առանձին, պիտի ստիպուիք առանձին որոշումներ կայացնել եւ կրել անոնց հետեւանքները. բայց մենք կը հաւատանք, որ դուք պատրաստ էք այդ բոլորին: Մենք ձեզի տուինք թեւեր, որ թռչիք. ճախրեցէ՛ք ազատ, ճախրեցէ՛ք հպարտ արծիւի մը պէս, ճախրեցէ՛ք հաւատարիմ արագիլի մը պէս, որ չի մոռնար իր բոյնը: Դո՛ւք ալ վերադարձէք հոս, երբ տալիք ունիք. մի՛ մոռնաք, որ ուրիշներ ալ ձեզի տուին, երբ պէտք ունէիք: Այս բոյնը ձեր երկրորդ տունն է. Եղիշէ Մանուկեան քոլեճը կը սպասէ ձեր յաջողութիւններուն, ձեր նուաճումներուն»: Իր խօսքի աւարտին Բագրատունի շնորհաւորեց շրջանաւարտները, անոնց ծնողներն ու հարազատները:

Հանդէսի վերջին բաժնով եւ ձեռամբ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեանի երկրորդական վարժարանի իրենց վկայականները ստացան 28 շրջանաւարտներ: Սրբազան Հայրը իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ անցնող տարուան դժուարութիւններուն` դիտել տալով, որ անոնք երբեմն յուսահատութեան սահմաններուն հասցուցին: «Այսօր, սակայն,  հաւաքուած ենք նշելու հայ դպրոցի յաղթանակը, որ բոլորիս յաղթանակն է անկասկած: Հայ դպրոցը հայ ժողովուրդի ամրութեան կարեւորագոյն յենարաններէն է: Հայ դպրոցը այն հաստատութիւնն է, որուն կը վստահինք մեր կեանքին ամէնէն թանկագինը` մեր զաւակները, որպէսզի անոնք հայ դպրոցէն անցնելով` ո՛չ միայն նուաճեն կեանքի բարձունքները, այլեւ իրենք բարձունքներ հանդիսանան մեր ժողովուրդի կեանքին համար», եզրափակեց Սրբազան Հայրը:

2020-2021 տարեշրջանի շրջանաւարտներ.

Ընդանուր գիտութիւններ.- Ալեքս Իսկէնտէրեան, Գօգօ Քերթէնեան, Ռուբէն Մարտիրոսեան:

Կենսաբանագիտական.- Արի Ղազարեան, Ալեակ Մկրեան, Սերկէյ Ունանեան, Կարս Կիւլեան, Լէա Քերթէնեան, Նաթալի Քեսմէեան, Նարեկ Ասատուրեան:

Ընկերատնտեսագիտական.- Ցոլեր Ստեփանեան, Ճենի Գարախանեան, Սարին Հալլաճեան, Սարգիս Միթիլեան, Սէրլի Կէօզիւպէօյիւքեան, Կորիւն Կիւլեան, Վարանդ Նաշալեան, Կալինա Թրթռեան, Կրեկուար Գայսէլ, Գրիգոր Անգէշեան, Լոռի Կիւլիւմեան, Լէա Քէլէշեան, Լիլիանա Ալռքայպի, Մարտիկ Օհաննէս, Մարիէլլա Ճեհիզեան:

Օտար ծրագիր.- Սօսէ Մինասեան, Նարէ Կիւրիւնեան, Ճորճ Հատտատ: