Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Արամ Ա. Վեհափառին հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ, հինգշաբթի, 27 մայիսի երեկոյեան Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճի շրջափակէն ներս տեղի ունեցաւ բակի բարեզարդուած եւ ազգային դիմագիծ ստացած բեմին բացումը: Բարեզարդուած բեմին վրայ խրոխտ բազմած էր հայ ժողովուրդի սրբազան լեռը` Արարատը` իր ձիւնածածակ երկու գագաթներով: Իսկ անոր կողքին նոյնքան հպարտ կանգնած էր Արցախի խորհրդանիշ «Մենք ենք, մեր սարերը» կամ իբրեւ «Մամիկն ու պապիկը» ծանօթ քանդակը:
Հանդիսութեան ներկայ էին` Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Շահէ Արք. Փանոսեան, երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան, Ազգային իշխանութեան Ուսումնական եւ Կալուածոց խորհուրդներու, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի, ԼՕԽ-ի, Համազգայինի եւ Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան ներկայացուցիչներ, միաբան հայրեր, վարժարանի տնօրէնութիւնը, խնամակալութեան նախկին եւ ներկայ անդամներ, տիկնանց յանձնախումբը, ուսուցիչներ եւ քոլեճի բարեկամներ:
Լիբանանի, Հայաստանի, Արցախի եւ վարժարանի քայլերգներուն ունկնդրութենէն ետք բացման խօսքը արտասանեց քոլեճի կրթական տնօրէն Անի Բագրատունի, որողջունեց ներկաները, շնորհակալութիւն յայտնեց անոնց, որոնք ընդառաջեցին հրաւէրին: Ան նաեւ ողջունեց ձեռնարկին առցանց հետեւողները: Առաջին հերթին ան շնորհակալութիւն յայտնեց Արամ Ա. Վեհափառին, որ ոչ միայն ընդառաջած էր հանդիսութիւնը հովանաւորելու խնդրանքին, այլեւ փափաքած էր անձամբ ներկայ գտնուիլ` անսահման ուրախութիւն պատճառելով բոլորին: Բագրատունի յիշեցուց, որ Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճը, որ նախապէս իբրեւ Ազգային Մարտիկեան նախակրթարան կը գործէր կաթողիկոսարանի շրջափակէն ներս, միշտ ալ վայելած էր Արամ Ա.-ի գուրգուրոտ հոգատարութիւնը, երբ այս վերջինս Լիբանանի թեմի առաջնորդն էր, եւ երբ դարձաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս, նոյն մօտեցումը ցուցաբերեց ԵՄՔ-ի հանդէպ` բարոյական ու նիւթական աջակցութիւն տրամադրելով անոր:
Խօսելով հանդիսութեան մասին` Բագրատունի ըսաւ. «27 մայիսի ընտրութիւնը պատահական թուական մը չէ. անիկա կը զուգադիպի 28 մայիսի նախօրեակին: Այս ընտրութիւնը կը միտի յաղթապանծ օրուան մը առիթով կատարել բացումը այն քանդակներուն, որոնց խորհուրդին ի խնդիր նահատակուեցան մեր սրբազան խենթերը` անկախ Հայաստան մը ժառանգ ձգելով մեզի: Անցեալ տարի տուինք 5000 նահատակ, կորսնցուցինք արիւնով ազատագրուած սուրբ հողեր. կը խոնարհինք ձեր նահատակութեան դիմաց եւ կը վստահեցնենք, որ այդ հողերը անպայման կը վերադարձուին»:
Բագրատունի ապա բացատրեց, որ հանդիպումը երկու նպատակ ունի. առաջինը կը վերաբերի «Տիթրոյթ հայերու համար» համախմբումին կողմէ կատարուած նուիրատուութեան: Յիշեալ համախմբումը, որուն մաս կը կազմեն Տիթրոյթի կրօնական, կուսակցական, մշակութային եւ բարեսիրական հայկական կառոյցներ, ուզած էր օգնել լիբանանահայութեան, եւ քոլեճի ուսուցչուհիներէն մէկուն բարեխօսութեամբ, համախմբումը վարժարանին տրամադրեց 25.000 տոլար արժողութեամբ գրենական պիտոյքներ, որոնց մէկ մասը իբրեւ Նոր Տարուան նուէր պիտի տրուէր աշակերտներուն: Դպրոցներուն փակ մնալու իրողութեան դիմաց` նուէրները պիտի բաշխուին յառաջիկայ վերամուտին: Այս առիթով, քոլեճը իր երախտագիտութիւնը կը յայտնէ «Տիթրոյթ հայերու համար» համախմբումին եւ վարժարանի գրախանութը կ՛անուանէ այդ անունով:
Երկրորդ նպատակը վարժարանէն ներս կատարուած բարեզարդումն ու նորոգութիւնն է, որ իրականացաւ խնամակալութեան ատենապետ եւ ազնիւ բարերար Վիգէն Քէսմէեանի նուիրատուութեամբ: Բագրատունի ըսաւ, որ բարերարը արդէն մտքին մէջ ունէր բակի բեմը բարեզարդելու ծրագիրն ու պատկերացումը` Հայաստանի յաւերժութեան խորհրդանիշ Արարատն ու Արցախի խորհրդանիշ Մամիկն ու պապիկ»-ը: «Այսօր այդ երազդ իրականացաւ, սիրելի՛ պրն.Վիգէն», աւելցուց Բագրատունի եւ հակիրճ տողերով ներկայացուց Քէսմէեանն ու անոր բարեսիրական գործերը` ընդգծելով, որ Քէսմէեան ստանձնած է նաեւ յանձնառութիւնը քոլեճին մանկամսուրը ամբողջական վերանորոգութեան ենթարկելու` զայն վերածելով արդիական կառոյցի մը: Մանկամսուրը պիտի կրէ բարերարին կնոջ Օսի Քէսմէեանի անունը:
Ապա «Զինուորի մօր երգը» մեկնաբանեց քոլեճի ԺԲ. դասարանի աշակերտուհի Լոռի Կիւլիւմեան:
Խնամակալութեան խօսքը արտասանեց ատենապետ եւ բարերար Վիգէն Քէսմէեան, որ մէջբերեց Յ. Շիրազի «Ա՜խ այս Մասիսը»-էն տողեր, ինչպէս նաեւ` Արցախի մասին արտասանուած խօսքեր: Իր խօսքին մէջ, Քէսմէեան ըսաւ, որ հաւատալով ազգային վարժարանի առաքելութեան` խնամակալութիւնը յաճախ արծարծած է քոլեճը բարեզարդելու եւ զայն վերածելու «21-րդ դարու կրթական պայմանները ամբողջացնող համալիրի մը, միաժամանակ սակայն` առանց զիջելու անոր հայկական ինքնուրոյն կրթօճախի մը առաքելութենէն»: Քէսմէեան աւելցուց, որ խնամակալութիւնը որոշեց քոլեճին բակը վերածել փոքրիկ Հայաստանի մը, «Ուր գալիք սերունդները, հայոց պատմութեան եւ աշխարհագրութեան դասերուն կողքին, մնայուն կերպով պիտի ունենան հայ ժողովուրդը խորհրդանշող կոթողներ` իրե՛նց վարժարանին մէջ, իրե՛նց աչքերուն դիմաց»: Ան յոյս յայտնեց, որ հայկականութիւն ներշնչող այդ քարաշէն կոթողները դրոշմուին աշակերտներուն ուղեղներուն մէջ, եւ ուր ալ գտնուին`, անոնք ձգտին հայ ժողովուրդի անժամանցելի իրաւունքներու վերատիրացման:
Ապա բեմ հրաւիրուեցաւ Արամ Ա. Վեհափառը, որ կատարէ ժապաւէնին հատումը եւ յղէ իր պատգամը: Ժապաւէնին հատումը կատարուեցաւ Առաջնորդ Սրբազանին եւ բարերարին ձեռամբ:
Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը խօսքը ուղղելով ներկաներուն` ըսաւ, որ ընդհանրապէս նման ձեռնարկներուն ներկայ ըլլալ եւ խօսք արտասանելը կ՛իյնայ Առաջնորդ Սրբազանին, սակայն այս անգամ ինք ուզեց անձամբ ներկայ ըլլալ այս հանդիսութեան` երեք կարեւոր յիշեցումներ եւ ընդգծումներ կատարելու համար: «Առաջին` յիշեցում Լիբանանի հայութեան. յիշեցումէն աւելի` պատիւ ու յարգանք Լիբանանի հայութեան, որ հակառակ շարունակուող այս ահաւոր տագնապին` կը մնայ կանգուն, ուժական, մասնակից լիբանանեան հաւաքական կեանքին, միաժամանակ մասնակից` մեր գաղութէն ներս գործող բոլոր կառոյցներուն կեանքին ու գործունէութեան: Միաժամանակ այս առիթը պէտք է յիշեցում մը ըլլայ` ուղղուած թէ՛ Հայաստանի եւ թէ՛սփիւռքի հայութեան, որ Լիբանանի հայութիւնը մեր հաւաքական կեանքի լուսանցքին վրայ չէ, չի՛ կրնար ըլլալ, այլ կը շարունակէ մաս կազմել մեր կեանքի մայր էջին` հակառակ շարունակուող տագնապին: Մեր սպասումն է, որ սփիւռքի մեր գաղութները այս հայեցակէտով նային Լիբանանի հայութեան եւ մանաւանդ ա՛յս յանձնառութեամբ շարունակեն օգտակար ըլլալ մեր կառոյցներուն»:
Վեհափառի երկրորդ յիշեցումը կ՛առնչուէր գաղութին մէջ հայ դպրոցին ներկայացուցած իւրայատուկ կարեւորութեան: «Սովորական դպրոց չէ հայ դպրոցը, ուսում ջամբող, տեղեկութիւն տուող. այս բոլորը ուրիշ դպրոցներու մէջ ալ կան. հայ դպրոցը հայ դպրոց դարձնողը այն ոգին է, որ մենք կը կոչենք հայութիւն.հայակերտում կը կատարուի հայ դպրոցէն ներս, ուր հայ աշակերտը կը դառնայ գիտակից հայ: Հայութիւնը միայն անուն չի դառնար, այլ կը թափանցէ աշակերտին մտքէն, հոգիէն, սրտէն ու կեանքէն ներս: Այս է հայ դպրոցը եւ այս է անոր առաքելութիւնը», աւելցուց Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը, որ կոչ ուղղեց հայ ծնողներուն հայ դպրոց ուղարկել իրենց զաւակները` փոխանակ օտար դպրոցին օտարացնող դռները թակելու, որովհետեւ հոն կայ մակարդակ, բայց մանաւանդ կայ մթնոլորտ եւ հայկական արժէքներու հասկացողութիւն: Վեհափառ Հայրապետը ուրախութիւն յայտեց, որ այս դպրոցը զարգացման ընթացքի մէջ է. ան ներկաներուն յիշեցուց Ե. Մանուկեան քոլեճի կառուցման փուլերը եւ նպատակը` կառուցել վարժարան մը, որ Լիբանանի հայութեան կրթական մարզէն ներս պիտի ունենայ իր ուրոյն տեղն ու դերը:
Երրորդ բաժինով Վեհափառը ըսաւ, որ ինք ուզած է անձամբ ներկայ ըլլալ, որպէսզի իր գնահատանքը յայտնէ Քէսմէեան ամոլին: «Ինչ որ մեր ժողովուրդի գանձանակին մէջ կը դրուի, մեզի համար սիրելի է, ողջունելի է եւ գնահատելի: Ան, որ մտքէն, հոգիէն, գրպանէն, կեանքէն բան մը կու տայ մեր ժողովուրդին, մենք կը գնահատենք»: Այս առիթով ան Վիգէն Քէսմէեանը պարգեւատրեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան «Ասպետի կարգ»-ի շքանշանով: Պարգեւատրման կոնդակը կարդացուեցաւ Առաջնորդ Սրբազանին կողմէ:
Հանդիսութիւնը փակուեցաւ «Պահպանիչ»-ով: