Ուսուցիչներու վերաորակաւորման ծրագիրներու ծիրէն ներս եւ գործակցութեամբ «Հաուըրտ Գարակէօզեան» հիմնարկի հետ, շաբաթ, 12 յունուարին «Դրական կարգապահութեան» միօրեայ վարժանիստ մը տեղի ունեցաւ Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճին մէջ:
Վարժանիստը ղեկավարեց «Գարակէօզեան» հիմնարկի ընկերային ծառայող Յասմիկ Տօնոյեանը. մասնակցողները եղան վարժարանի բոլոր բաժիններու ուսուցիչները:
Աշխատանքները սկսան «Գարակէօզեան» հիմնարկի մասին պատրաստուած համակարգչային ներկայացումով մը, որ լուսարձակի տակ կ՛առնէր հաստատութեան տարբեր բաժանումներուն աշխատանքները:
Յ. Տօնոյեանը առաջին հերթին «դրական կարգապահութիւն» յղացքին ծանօթացումն ու պատմականը կատարեց, ապա, ան անցաւ գործնական աշխատանքներու: Ամբողջ օրուան ընթացքին մասնակցողները կազմեցին աշխատանքային խմբակներ եւ իւրաքանչիւր նիւթի առնչուղ կիրարկումներ կատարեցին:
Նիւթերուն առանցքը դրական միջոցառումներով կարգապահութիւն հաստատելն էր, ինչպէս նաեւ` աշակերտներուն մօտ ընկերային/յարաբերական կապերու ամուր հիմեր ունենալու հարցեր լուծելու հմտութիւններ ձեռք բերելն էր:
Աշխուժ քննարկումներ կատարուեցան` դասարանը ղեկավարելու, կարգապահութիւն հաստատելու, դժուարութիւններ ունեցող եւ անկարգ նկատուող աշակերտներու հետ վարուելու, նկարագրային դրական գիծեր զարգացնելու, խստութիւն եւ խստապահանջութիւն հարցերու մասին:
Վարժանիստը աւարտեցաւ յետմիջօրէի ժամը 4:30-ին: