Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճի տիկնանց յանձնախումբին կողմէ կազմակերպուած իւրայատուկ ձեռնարկով մը հարիւրաւոր փոքրիկներ ուրախ եւ խանդավառ մթնոլորտի մը մէջ տօնեցին Ամանորն ու Ս. Ծնունդը:
Շաբաթ, 4 յունուարին քոլեճի «Սիրան Մանուկեան» սրահը կը կրէր նոր տարազ մը. ամէն կողմ` գունագեղ կրպակներ, համադամ ուտելիքներ, Կաղանդ պապուկին տնակը ներկայացնող գեղեցիկ բեմ մը, Ամանորի առնչուող կերպարներ եւ անոնց շուրջ հաւաքուած մօտաւորապէս երկու հարիւր երեխաներ, որոնք անհամբեր կը սպասէին, որ յայտագիրը սկսի: Իսկ սրահի մուտքին տեղադրուած էր գեղեցիկ մսուր մը, որ կը խորհրդանշէր Յիսուս մանուկին ծնունդը: Մանուկներուն կ՛ընկերակցէին մեծ թիւով ծնողներ, որոնք չէին ուզեր անմասն մնալ իրենց զաւակներուն ուրախութենէն:
Յայտագրի առաջին բաժինով ներկայացաւ «Ուիշըզ քամ թրու» խմբակը, որ ղեկավարեց խաղերը, խանդավառեց մթնոլորտը` երգերով ու պարերով: Խմբակին մաս կը կազմէին ամանորեան այլազան կերպարներ` տօնածառը, եղնիկը, աճպարարը, մինիընը, շնիկը եւ ուրիշներ, որոնք միացան փոքրիկներու խաղերուն ու պարերուն: Խաղերը իրենց կարգին այլազան էին ու շատ հետաքրքրական. շահելու պարագային, խաղացող երեխաները կը ստանային անակնկալ նուէրներ:
Ձեռնարկին բեմավարն էր մանկապարտիզպանուհի Լուսին Գազանճեանը, իսկ ուսուցչուհիները ստանձնած էին յատուկ անկիւններ, ուր փոքրիկներուն դիմայարդարում կը կատարէին, անոնց հետ Կաղանդի յատուկ ձեռայիններ կը պատրաստէին եւ կարկանդակներ ու կրկնեփուկներ կը զարդարէին: Նշենք, որ սրահին ու բեմին գեղեցիկ յարդարումը արդիւնքն էր մանկապարտէզի ուսուցչուհիներուն աշխատանքին:
Մինչ այդ տիկնանց յանձնախումբի ժրաջան անդամները ամէնուրեք գործի վրայ էին. անոնց պատրաստած համադամ ուտելիքները դէպի սեղանները կը հրաւիրէին ամէնէն ժուժկալներն անգամ: Միւս կողմէ մանուկներուն ներկայութեամբ կը պատրաստուէին յատուկ ուտելիքներ` փոփ քորն, պարուրաձեւ գետնախնձոր, ծոթրինով հաց, քրեփ եւ այլ տեսականի: Երեխաներն ու անոնց ծնողները մեծ ախորժակով ճաշակեցին բոլորը:
Ապա հասան Մեղեդին ու Սիլվան, որոնք երգերու նոր շարքով մը խանդավառեցին ներկաները` պատրաստելու համար զիրենք օրուան պատուոյ հիւրը` Կաղանդ պապուկը, դիմաւորելու:
Ու վերջապէս հասաւ Կաղանդ պապան, որ դիմաւորուեցաւ երգերով եւ ուրախութեան բացագանչութիւններով: Կաղանդ պապուկը բարձրացաւ բեմի իր տնակը, ուր զինք անհամբեր կը սպասէր Կաղանդ մաման: Բաւական յոգնած` բայց միշտ ուրախ եւ աշխուժ պապուկը պատմեց իր արկածախնդրութիւններուն մասին: Ապա առիթը տրուեցաւ, որ ներկայ փոքրիկները մէկ առ մէկ նստին Կաղանդ պապուկին գիրկը ու նկարուին, ապա ստացան նուէր մը:
Կաղանդ պապան, որ Հայաստանէն գալով ու շատ մը երկիրներ դառնալով` բաւական յոգնած էր, պէտք էր ցտեսութիւն ըսէր փոքրիկներուն ու հեռանար: Թէեւ դժուար էր այս խանդավառ մթնոլորտէն հեռանալ, սակայն յայտագիրը հասած էր իր աւարտին: Մանուկներն ու իրենց ծնողները գոհունակութեամբ եւ ուրախ հեռացան սրահէն` տիկնանց յանձնախումբէն խոստում ստանալով, որ այս ձեռնարկը պիտի դառնայ տարեկան աւանդութիւն Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճին համար: