Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճի աշակերտները տարբեր ձեռնարկներու ճամբով նշեցին Վարդանանքը եւ ուրախ մթնոլորտի մէջ տօնախմբեցին Բարեկենդանը:
Չորեքշաբթի, 27 փետրուարին վարժարանի Բ.- Է. դասարաններու աշակերտները մասնակցեցան Ազգային վարչութեան Ուսումնական խորհուրդին կազմակերպած Վարդանանցի տօնակատարութեան, որ տեղի ունեցաւ «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ: Այս ձեռնարկին քոլեճի նախակրթարանին երգչախումբը հանդէս եկաւ ազգային-հայրենասիրական երգերու փունջով մը:
Նոյն օրը քոլեճի «Սիրան Մանուկեան» սրահին մէջ Է.-ԺԲ. դասարաններու աշակերտները նշեցին Վարդանանքն ու Արցախի ազատագրական պայքարի 31-ամեակը:
Ձեռնարկը սկսաւ Լիբանանի, Հայաստանի եւ վարժարանի քայլերգներու ունկնդրութեամբ, որմէ ետք բացման խօսքը արտասանեց ԺԱ. դասարանի աշակերտուհի Բալենի Ստեփանեանը, որ ընդգծեց մեր պատմութեան մէջ կարեւորութիւնը եւ արժէքը Աւարայրի ճակատամարտին եւ անոր հերոսներուն: Ան դիտել տուաւ, որ առանց Վարդանանցի` կարելի պիտի չըլլար գոյատեւել: Բ. Ստեփանեան կոչ ուղղեց իր դասընկերներուն` կառչած մնալու հայկական արժէքներուն:
Ապա գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր մը, որուն մէջ բաժին ունեցան` Գեղամ Սարգիսեան եւ Արին Մարգարեան (դաշնակ), Տաթեւ Արապօղլեան եւ Ռուբէն Մարտիրոսեան (ասմունք):
Օրուան պատգամը տուաւ քոլեճի շրջանաւարտ եւ «Ազդակ» օրաթերթի լիբանանեան լուրերու բաժնի խմբագիր Արշօ Պալեանը, որ հանգամանօրէն խօսեցաւ Վարդանանցի կարեւորութեան մասին` շեշտելով, որ կարելի չէ անտեսել, կամ անկարեւոր նկատել այս տօնը, որովհետեւ առանց անոր` կարելի պիտի չըլլար իրականացնել 28 մայիսը, Փետրուարեան ապստամբութիւնը, Արցախի ազատագրական պայքարն ու այսօրուան անկախ Հայաստանը: Ա. Պալեան ըսաւ, որ Վարդանանքի շնորհիւ է, որ հայը 1568 տարիէ ի վեր կը գոյատեւէ: Եզրափակելով իր խօսքը` Ա. Պալեան կոչ ուղղեց աշակերտներուն` տէր կանգնելու հայոց պատմութեան եւ աշխարհին յայտարարելու, որ իրենք հպարտ հայեր են, տէր` իրենց պատմութեան եւ Դատին:
Ձեռնարկին փակումը կատարեց տնօրէն խորհուրդի անդամ Անի Բագրատունին, որ իր կարգին աշակերտներուն թելադրեց յարգել հայոց պատմութիւնը կերտող բոլոր հերոսները, հպարտութեամբ յայտարարել իրենց հայ ըլլալը եւ Վարդանանքի փոխանցած ոգիով քալել դէպի ապագայ:
Բարեկենդանը Մանկապարտէզի Մէջ
Ուրբաթ առաւօտուն մանկապարտէզի փոքրիկները ծպտուած եկան դպրոց: Անոնք երգերով, պարերով ու խաղերով սկսան իրենց օրը ապա երգելով այցելեցին տարրական բաժնի երեք դասարանները, ուր հիւրասիրուեցան: Մանկապարտէզ վերադառնալէ ետք անոնք արտասանեցին փոքրիկ ակլատիզներ, ճաշակեցին աւանդական կաթնապուրը, խամաճիկի թատրոնին ընդմէջէն ծանօթացան «Բարեկենդանը» հեքիաթին ու իրենց պատրաստած ձեռայիններով ուրախ վերադարձան տուն:
Նախակրթարանի աշակերտներն ալ ձեռային աշխատանքի պահերուն պատրաստած իրենց դիմակներով ուղղուեցան իրենց տուները: