Առաջնորդարան Հայոց Լիբանանի

Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Քոլեճ. Ցեղասպանութեան 104-ամեակի Ոգեկոչում

23 ապրիլը սովորական օր չեղաւ Ազգ. Ե. Մանուկեան քոլեճի աշակերտներուն համար: Արդարեւ, Զատկուան արձակուրդը ընդհատող ու դպրոց վերադարձող աշակերտները կը գիտակցէին, որ պարտաւորութիւն ունէին ոգեկոչելու 1,5 միլիոն նահատակներուն յիշատակը եւ յարգանքի տուրք տալու անոնց:

Օրը սկսաւ միջնակարգի եւ երկրորդականի աշակերտներուն կողմէ պատրաստուած ձեռնարկով: Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Ժ. դասարանի աշակերտուհի Ալեակ Մկրեանը, որ ըսաւ. «Ապրիլ 24-ը սոսկ օր չէ, պատմութիւն չէ, այլ` մեզմէ իւրաքանչիւրին համար ամէնօրեայ տագնապ ու պայքար է»: Ա. Մկրեանը կոչ ուղղեց իր դասընկերներուն` դառնալու արթուն պահակները Հայ դատին, շարունակելու Ցեղասպանութեան ճանաչման ու հատուցման պայքարի հետապնդումը, որպէսզի վերականգնի պատմական արդարութիւնը: «Ապագան մերն է, հաւատանք, որ արդարութիւնը պիտի հաստատուի. հպարտանանք, որ հայ ենք, միասնաբար աշխատինք` կերտելու ազատ եւ ամբողջական Հայաստանի տեսլականը», եզրափակեց Ա. Մկրեանը:

ԺԱ. դասարանէն Բալենի Ստեփանեանը ասմունքեց Սիամանթոյի «Խեղդամահը»: Ապա ԺԱ. դասարանէն խումբ մը աշակերտներ, կենդանի պատկերի մը ճամբով, վիճաբանական ասուլիս մը ներկայացուցին` իբրեւ նիւթ ունենալով Թուրքիոյ հետ բնական կապեր հաստատելը, Թուրքիա այցելելը եւ անոր արտադրութիւնները քաջալերելը: Աշակերտները ներկայացուցին թեր ու դէմ տրամաբանական ու հիմնաւորուած գաղափարներ` փորձելով համոզել յատկապէս ի նպաստ Թուրքիոյ արտայայտուողները:

Ապա միջնակարգի աշակերտները բեմադրեցին թատերական ներկայացում մը, որ ապագային իրագործուելիք  երազի մը իրականացումն էր: Աշակերտները դիտողները փոխադրեցին 2050 թուականը, երբ Թուրքիոյ այդ օրուան իշխանութիւնները կը ճանչնան Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ կը խոստանան հատուցել իրենց նախահայրերուն կողմէ կատարուած ոճիրը: Թատերական ներկայացումը ընդգրկեց նաեւ ասմունքի բաժիններ եւ տեսերիզներու ցուցադրութիւն:

Ձեռնարկի աւարտին աշակերտներուն բաշխուեցան յատուկ զարդասեղներ:

Աւելի ուշ, միջնակարգի եւ երկրորդականի աշակերտները, ինչպէս ամէն տարի, քայլարշաւով մը ուղղուեցան Անթիլիասի մայրավանք` մասնակցելու Ուսումնական խորհուրդին կազմակերպած տարեկան հաւաքին: Աշակերտները մէկական ծաղիկ զետեղեցին Նահատակաց մատրան դիմաց, ինչպէս նաեւ` վարժարանին անունով ծաղկեպսակ մը: Օրուան յայտագրին վարժարանէն իր մասնակցութիւնը բերաւ Թ. դասարանէն Տաթեւ Արապօղլեանը, որ ասմունքեց Պարոյր Սեւակի «Ընկածները»:

Տարրական Բաժին

Տարրական բաժնի բոլոր աշակերտները առաւօտ կանուխ ուղղուեցան Նահատակաց մատուռ, ուր իրենց յարգանքի տուրքը մատուցեցին մէկական ծաղիկ զետեղելով:

Ա.- Գ. դասարանները դպրոց վերադառնալով` ունեցան յատուկ ձեռնարկ մը, որ սկսաւ power point-ի ներկայացումով մը, որուն ընդմէջէն աշակերտները մանրամասնօրէն ծանօթացան Ցեղասպանութեան փուլերուն, մշակութային ցեղասպանութեան, արդարահատոյցներուն եւ հայկական սփիւռքին, մինչ Բ. դասարանէն աշակերտներ տող առ տող մեկնաբանեցին ցուցադրուած պատկերները:

Ապա Գ. դասարանը անգլերէն լեզուով ներկայացուց Ուիլիըմ Սարոյեանի «I Should Like to See» կտորը, դարձեալ power point-ի ընկերակցութեամբ: Անոնք նաեւ արաբերէնով ներկայացուցին «Արմինիա» կտորը: Ա. դասարանը ասմունքեց «Ուխտ Արարատին»-ը, իսկ Բ. դասարանը` «Քիչ ենք, բայց հայ ենք» բանաստեղծութիւնը:

Ձեռնարկի աւարտին Գ. դասարանը թատրերգութեամբ մը ներկայացուց Մշոյ Ճառընտիրի պահպանման դրուագը: Ձեռնարկը աւարտեցաւ տարրականի երեք դասարաններուն միջեւ արտասանական մրցումով մը:

Դ.- Զ. կարգերու աշակերտները իրենց կարգին ունեցան ասմունքի մրցում մը, որուն ընթացքին արտասանուած բոլոր կտորները կ՛առնչուէին Ցեղասպանութեան: Դատական յատուկ կազմ մը ընտրեց լաւագոյն ասմունքողները: Ապա բոլոր աշակերտները բաժնուեցան խմբակներու ու մասնակցեցան Ցեղասպանութեան թեմայով  զարգացման մրցումի մը, որուն հարցումները նախապէս սերտած եւ պատրաստած էին: Աշակերտները լրջութեամբ պատասխանեցին բոլոր հարցումներուն` աւելի եւս հարստացնելով իրենց գիտելիքները:

 

Մանկապարտէզի փոքրիկ աշակերտները եւ նախակրթարանը ներկայ գտնուեցան Կոմիտասին նուիրուած ձեռնարկի մը, որուն ընթացքին քոլեճի երգի ուսուցչուհի Գայեանէ Մարկոսեանը ներկայացուց մեծանուն երաժիշտի կեանքն ու գործունէութիւնը` սահիկներու եւ երաժշտութեան ընդմէջէն, մինչ աշակերտները ընկերակցեցան` երգելով իրենց ծանօթ կոմիտասեան երգերը: Անոնք նաեւ առիթը ունեցան ունկնդրելու Կոմիտասի իսկական ձայնը եւ ծանօթանալու հայկական ժողովրդական նուագարաններուն: