Հայ ժողովուրդի տարեկան տօնացոյցին մէջ հարուստ ամիսներէն է փետրուարը, երբ կը տօնախմբուին Բարեկենդանն ու Տեառնընդառաջը, ինչպէս նաեւ կը նշուին Վարդանանքն ու Արցախի ազատագրական պայքարը:
Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճը անմասն չի մնար նշելէ այս առիթները. եւ ամէն տարուան նման` ա՛յս տարի եւս ձեռնարկներ կազմակերպուեցան վարժարանի տարբեր բաժանմունքներուն մէջ` յիշելու եւ տօնախմբելու զանոնք:
Տեառնընդառաջ
Տեառնընդառաջի նախօրեակին` 13 փետրուարին, վարժարանի բակին մէջ վառեցաւ աւանդական խարոյկը: Տնօրէնութիւն, ուսուցչական կազմ եւ աշակերտութիւն զբօսանքին հաւաքուեցան բակը, ուր Տեառնընդառաջին մասին խօսեցան վարչական տնօրէն Սրբուկ Ճենանեան եւ Պարոյր վրդ. Շէրնէզեան, որ աշակերտներուն բացատրեց Հայ առաքելական եկեղեցւոյ կողմէ նշուող այս տօնին իմաստն ու կարեւորութիւնը:
Ապա բոցավառեցաւ խարոյկը, որուն շուրջ դարձան մանկապարտէզէն մինչեւ ԺԲ. դասարաններու աշակերտները: Աւարտին, վարժարանի տարիներու աւանդութեան համաձայն, աշակերտները կատարեցին խանդավառ շուրջպար մը:
Բարեկենդան
Ուրբաթ, 21 փետրուարին վարժարանին մէջ կը տիրէր ուրախ ու խանդավառ մթնոլորտ: Առաւօտեան կանուխ ժամերէն մանկապարտէզի փոքրիկները գունագեղ տարազներով ծպտուած` հասան դպրոց: Երեխաները դարձած էին անճանաչելի. հոն էին մանկական հեքիաթներու զանազան հերոսները, անասուններն ու այլազան տիպարներ: Մանկապարտէզի աշակերտները հաւաքուեցան սրահ, ուր ուրախ ու խանդավառ երգերով եւ պարերով տօնեցին Բարեկենդանը: Անոնք ճաշակեցին նաեւ իրենց համար պատրաստուած համեղ հատիկը:
Տիկնանց յանձնախումբը, իր կարգին, զբօսանքներուն ստանձնեց վարժարանի մնացեալ աշակերտները ծպտելու պարտականութիւնն ու համեղ ուտեստեղէնի վաճառքը: Նախակրթարանի աշակերտները տուն գացին` իրենց հետ տանելով ձեռային աշխատանքի պահերուն պատրաստած իրենց դիմակները:
Վարդանանք եւ Արցախի ազատագրական պայքար
Փետրուարեան եզրափակիչ ձեռնարկները նուիրուեցան Վարդանանցի եւ Արցախի ազատագրական պայքարի նշումին: Քոլեճի բոլոր օղակները առանձին-առանձին ունեցան ձեռնարկներ` «Սիրան Մանուկեան» սրահէն ներս, ուր բեմը զարդարուած էր աշակերտներուն կողմէ պատրաստուած ձեռային աշխատանքներով: Ա.-Գ. կարգերու փոքրիկները թատերական պատկերով մը վերակենդանացուցին Վարդանն ու անոր զինակիցները: Անոնք նաեւ ներկայացուցին ազգային-հայրենասիրական երգեր եւ արտասանութիւններ:
Դ.-Զ. դասարաններու աշակերտները, իրենց կարգին, նշեցին զոյգ առիթները: Անոնք հանդէս եկան խօսքերով, կենդանի պատկերով, նուագով, երգով ու պարով: Կենդանի պատկերով անոնք անմահացուցին Վարդանանց հերոսամարտը, յարգանքի տուրք մատուցեցին ինկած նահատակներուն ու ապա յաղթանակի պարը նուիրեցին անոնց: Երգչախումբը` խմբավարութեամբ Գայեանէ Մարկոսեանի, մեկնաբանեց Վարդանի եւ հայրենիքի նուիրուած երգաշար մը:
Միջնակարգի դասարաններու աշակերտները եւս կազմակերպեցին ձեռնարկ մը: Բացման խօսքէն ետք, անոնք power point-ով ցուցադրեցին Վարդանանցի պատմականը ամփոփող ներկայացում մը: Ապա ներկաներուն մատուցուեցաւ Շուշիի ազատագրման նուիրուած կենդանի պատկեր մը: Ձեռնարկի աւարտին վարժարանի կրթական տնօրէն Անի Բագրատունի աշակերտներուն ներկայացուց հերոսութեան գաղափարը, եւ թէ ինչպէ՛ս ամէն անձ կրնայ իր մարզին մէջ հերոս դառնալ ու ծառայել հայրենիքին:
Վերջին ձեռնարկը կ՛առնչուէր երկրորդական բաժնի աշակերտներուն: Հայաստանի եւ վարժարանի քայլերգներու ունկնդրութենէն ու ԺԲ. կարգի աշակերտուհի Նարին Գասպարեանի բացման խօսքէն ետք, բեմ բարձրացան Ժ. դասարանէն խումբ մը աշակերտներ, որոնք ասմունքեցին Վ. Թէքէեանի «Խորհուրդ Վարդանանց»-ը: Ապա բեմ հրաւիրուեցաւ օրուան բանախօս, «Վանայ Ձայն» ռատիոկայանի տնօրէն Վիգէն Աւագեանը` յղելու համար իր պատգամը:
Աւագեան իր խօսքը սկսաւ` դիտել տալով, որ փետրուարը պայքարի եւ յաղթանակներու ամիսն է հայ ժողովուրդի պատմութեան մէջ: Ան անդրադարձաւ փետրուարին տեղի ունեցած Աւարայրի ճակատամարտին, Փետրուարեան ապստամբութեան, արցախեան ազատագրութեան պայքարին եւ անոր յաղթանակներուն: Աւագեան շեշտեց, որ տասնամեակներով եւ երբեմն աւելի քան հազար տարիով իրարմէ հեռու այս դէպքերը կրկնութիւնն են նոյն հաւատքին, կամքին ու նուիրումին, զորս ունեցած են այն բոլոր հերոսները, որոնք ինկած են ազատութեան, հաւատքի եւ հայրենասիրութեան ճամբուն վրայ:
Ձեռնարկի աւարտին իր սրտի խօսքը արտասանեց քոլեճի կրօնի դասատու Պարոյր վրդ. Շէրնէզեանը: