Առաջնորդարան Հայոց Լիբանանի

Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Քոլէճի 2019-2020 Տարեշրջանի Ամավերջի Հանդէս

Նախագահութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ Գերշ. Տ, Շահէ Եպս. Փանոսեանի, ներկայութեամբ Պէքաայի շրջանի հոգեւոր տեսուչ Անանիա ծ. վրդ. Գուճանեանի, Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեանի, Ազգային իշխանութեան ատենապետ Րաֆֆի Սիսլեանի, Ուսումնական խորհուրդի անդամներու. հոգեւոր հայրերու. միութիւններու ներկայացուցիչներու եւ ծնողներու. ուրբաթ, 3 յուլիսի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլէճի շրջափակին մէջ տեղի ունեցաւ 2019-2020 տարեշրջանի ամավերջի հանդէսը, որ առցանց սփռուեցաւ Ազգային առաջնորդարանի եւ քոլէճի Դիմատետրի էջերուն վրայ:

Շրջանաւարտները յատուկ բերնակապերով բարձրացան բեմ եւ կատարեցին Լիբանանի, Հայաստանի եւ Ազգային Եղիշէ Մանուկեան վարժարանի քայլերգները, ապա տեսերիզով ցուցադրուեցաւ վարժարանին մէջ շրջանաւարտներուն անցուցած հաճելի պահերը եւ յիշատակները: Այնուհետեւ գեղարուեստական  յայտագիրով ելոյթ ունեցան Բալենի Ստեփանեան, որ ասմունքեց Սիամանթոյի «Յոյսին համար» բանաստեղծութիւնը, Արին Մարգարեան մեկնաբանեց «Հայոց տառեր»  երգը, իսկ Բերլա Լալէեան արտասանեց Եդուարդ Պոյաճեանի «Կեանք եւ մահ հայրենի հողին վրայ» քերթուածը: Այնուհետեւ ողջերթի խօսքը արտասանեց ԺԱ. դասարանի աշակերտ Ալեքս Իսկէնտէրեան, որ նկատել տուաւ, թէ «Քորոնա» ժահրը առիթ չտուաւ, որ շրջանաւարտները իրենց վերջին տարին ամբողջացնեն իրենց սիրելի քոլեճին մէջ, սակայն այս պայմաններուն մէջ առողջութիւնը ամէն ինչէ վեր է` անոնց մաղթելով յաջողութիւն եւ կանաչ ճանապարհ նաեւ վստահեցնելով, որ անոնք պիտի հետապնդեն իրենց երազները եւ պիտի նուաճեն բարձունքներ:

Արաբերէն, անգլերէն  եւ հայերէն ուղերձներով յաջորդաբար հանդէս եկան Գեղամ Սարգիս, Յովիկ Ճէհիզեան եւ Կալի Աւագեան: Անոնք նկատել տուին, որ Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճին մէջ հիմը դրուեցաւ իրենց հայու նկարագիրին, ստացան բարձրորակ կրթութիւն, առիթը ունեցան սորվելու մեր ազգին պատմութեան փառապանծ ու սեւ էջերը, հաւատքին, կամքին ու նուիրումին կարեւորութիւնը անհատի մը ինքնութեան կերտման մէջ: Անոնք շեշտեցին` իբրեւ հայ ուսանողներ, հայեցի կրթութեան անհրաժեշտութիւնը իրենց կեանքին մէջ,  մանաւանդ ներկայ համաշխարհայնացման օրերուն` տարբեր մարտահրաւէրներ դիմագրաւելու, ինչպէս նաեւ մեր հայեցի դիմագիծը պահպանելու եւ ձուլումը կասեցնելու առումով: Անոնք նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեցին իրերայաջորդ տարիներու ընթացքին վարժարանի կողքին գործող մարմիններուն, բարերարներուն եւ Լիբանանի Հայոց թեմի ազգային իշխանութեան եւ անոր նախագահ Շահէ եպս. Փանոսեանին, որոնք միշտ իրենց կողքին կանգնեցան, նաեւ քոլէճի տնօրէնութեան, որ Լիբանանի այս ճգնաժամային պայմաններուն մէջ կրցաւ յաղթահարել կրթական ճգնաժամը, նոյն ատեն հասկնալով ծնողներուն նիւթական դժուարութիւնները:

Օրուան պատգամը փոխանցեց Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան, որ յայտնեց, թէ երախտագիտութեամբ կը վերադառնայ այն վարժարանը, ուր յաճախած է իբրեւ աշակերտ: Խօսքը ուղղելով շրջանաւարտներուն` ան դիտել տուաւ, որ հայրենիքի կերտման մէջ հիմնական դերակատարութիւն ունին ուսումն ու կրթութիւնը, որոնք պարզապէս սորվելու եւ ամբարելու համար չեն, ոչ ալ թուղթի վրայ մնալու, այլ` մեր կեանքի զարգացման համար վերածելու ներդրումի:  «Կրթական այս հսկայ ամրոցը 35 տարի շարունակ լիբանանահայ մեր հաւաքականութեան համար նուիրաբերեց գիտակից, արթուն, աշխատունակ երիտասարդներու հարստութիւն մը, որ կարողութիւնը ունի գործելու, զարգանալու եւ ինքզինք պատշաճեցնելու ներկայ ժամանակաշրջաններուն, յառաջդիմութեան բերած փոփոխութիւններուն եւ դժուարութիւններուն», հաստատեց Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան` աւելցնելով, որ քոլեճի ընտանիքը ճիգ չխնայեց սերունդներուն կրթական ճանապարհը հարստացնելու եւ աշակերտները զինելու այնպիսի արժէքներով, որոնք կ՛ամրացնեն իրենց մարդկայնութիւնը, կը կոփեն անհատականութիւնը` զանոնք վերածելով Լիբանանի եւ հայկական մեր համայնքի բարձրագոյն նուաճումներէն մէկուն: Ան ըսաւ, որ առանց խոչընդոտի յաջողութիւն կարելի չէ նուաճել` հաստատելով, որ ամուր կամքը միայն կը յաղթահարէ դժուարութիւններուն: «Կեանքի նոր հանգրուանի սեմին մեկնեցէ՛ք հպարտ եւ խիզախ: Մի՛ ընկրկիք, այլ յարատեւ աշխատանքով եւ համոզուած համբերութեամբ աշխատեցէք ու հասէք ձեր նպատակին: Շարունակեցէք ձեր ճանապարհը: Դարձէ՛ք լուսատու ջահեր եւ վերադարձէ՛ք ձեր հայ ժողովուրդին», եզրափակեց նախարարը:

Վարժարանի կրթական տնօրէն Անի Ուրֆալեան-Բագրատունի իր խօսքի սկզբնաւորութեան նկատել տուաւ, որ պիտի ուզէին, որ բակը, յորդէր ներկաներով, շնորհաւորական բացագանչութիւնները ողողէին բակը, եւ ուրախութիւն բխէր հարիւրաւոր դէմքերէ, սակայն դժբախտաբար ստիպողականութեան տակ սեղմ շրջանակի մը ներկայութեան տեղի կ՛ունենար հանդէսը: Ան ըսաւ, որ 2019-2020 տարեշրջանի շրջանաւարտները զրկուեցան շատ մը բաներէ, սակայն առողջութիւնը ամէն բանէ վեր դասելով քոլեճի անմիջական ընտանիքը եւ ընդհանրապէս լիբանանահայութիւնը նուազագոյն վտանգով  թեւակոխեց այս ժամանակաշրջանը: «Մեր քոլեճը այն հնոցն է, ուր աշակերտը կը թրծուի իբրեւ մարդ եւ իբրեւ հայ, միաձոյլ անհատականութիւն մը, որ պիտի ծառայէ մարդկութեան եւ հայութեան: Վստահութեամբ կը բարձրաձայնենք այս բառերը, որովհետեւ 35 տարուան մեր երթը ա՛յդ կը փաստէ», շեշտեց Ա. Ուրֆալեան-Բագրատունի` աւելցնելով, որ քոլեճի շրջանաւարտներուն աւելի քան 99 առ հարիւրը կը հետեւին համալսարանական բարձրագոյն ուսման` Լիբանանի լաւագոյն համալսարաններուն մէջ: Ան ըսաւ, որ լիբանանահայ համայնքը, հակառակ իր տնտեսական եւ քաղաքական ծանր տագնապին,  տակաւին կը մնայ սփիւռքահայութեան սիրտը եւ ա՛յդ գաղութի նուիրեալներու շարքին ազդու ներկայութիւն են Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճի շրջանաւարտները: Անդրադառնալով առցանց դասընթացքներուն` Անի Ուրֆալեան-Բագրատունի նկատել տուաւ, որ Լիբանանի բոլոր դպրոցներուն նման, որոնք անպատրաստ էին առցանց դասերու, իրենք ալ սկզբնական շրջանին դժուարութիւններ ունեցած են, սակայն դիմագրաւելով այդ փուլը, ներկայիս ուսուցիչները սկսած են մարզումներու, որպէսզի արհեստագիտութեան օգտագործումը առաւելագոյն չափով կատարելագործեն եւ պատրաստ ըլլան առցանց ուղղակի դասեր կատարելու: Ան նկատել տուաւ, որ կրթական դժուարութեան կողքին նիւթական դժուարութեան դիմաց ալ գտնուած են եւ շնորհակալական խօսք բոլոր անոնց, որոնք տարբեր առումներով նեցուկ կանգնած են վարժարանին: Աւարտին ան շնորհաւորեց շրջանաւարտները եւ եզրափակելով իր խօսքը` ըսաւ. «Իւրաքանչիւրդ ունիք յատկութիւն մը, որով կը տարբերիք ուրիշներէ: Մի՛ մոռնաք այդ տարբերութեան արժէքը: Աստուած նոյն կաղապարով մարդիկ չէ ստեղծած: Փնտռեցէք ձեր ներսը: Գտէք ձեր մէջ այն յատկութիւնը, որով կը զանազանուիք, բայց մի՛ մոռնաք, որ ձեր տարբեր յատկութիւններով երբ քով քովի գաք, կը կազմէք գոյնզգոյն հոտաւէտ փունջ մը, որ կը հիացնէ դիտողը: Երկաթեայ կամքով պատրաստեցինք ձեզ եւ կ՛ուղղենք ձեզ դէպի կեանք: Հոն անսահման հաւատքով պաշտպանեցէք ազգն ու կրօնքը եւ ամբողջական նուիրումով ծառայեցէք ձեր ազգին յառաջդիմութեան եւ արդար դատի լուծման»:

Վկայականաց բաշխումէն առաջ Անի Ուրֆալեան-Բագրատունի յայտարարեց, որ Եղիշէ Մանուկեան քոլեճի 2018-2019-ի շրջանաւարտ Նարեկ Գազանճեան, որ բարձրացած է Արարատ, վարժարանին դրօշակը զետեղած է Արարատ լերան գագաթին, ապա զայն նուիրած դպրոցին, նաեւ` Արարատէն մասունք մը բերած է իր հետ: Տնօրէնուհիին հրաւէրով ան բարձրացաւ բեմ եւ մասունքը զետեղեց բեմին վրայ:

Այնուհետեւ տեղի ունեցաւ վկայականաց բաշխումը, որ կատարուեցաւ` ձեռամբ Լիբանանի հայոց թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ Գերշ. Տ. Շահէ Եպս. Փանոսեանի, վարժարանի կրթական տնօրէն Անի Ուրֆալեան-Բագրատունիի եւ վարչական տնօրէն Սրբուհի Սարգիսեան-Ճէնանեանի: Հաճելի մթնոլորտ մը ստեղծուեցաւ, երբ իւրաքանչիւր աշակերտի նկարագիրը դասընկերներու եւ տնօրէնութեան կողմէ խմբագրուած դիպուկ կերպով ներկայացուեցաւ հանդիսականներուն: Վկայական ստացան ԺԲ. կենսաբանական բաժինէն` Աւագեան Կալի, Տէր Ղազարեան Կարպիս, Ժումժեան Սելին, Լալէեան Բերլա, Մարգարեան Արին, Սարգիս Գեղամ: ԺԲ. ընդհանուր գիտութեան բաժինէն` Գազանճեան Սերժ, Գոճայեան Շուշի: ԺԲ. Ընկերատնտեսագիտական բաժինէն` Պետիկեան Գարին, Պզտիկեան Րաֆֆի, Կապոնեան Յովհաննէս, Հաւաթեան Նանար, Հաւաթեան Շողակ, Ճէհիզեան Յովիկ, Գասպարեան Նարին, Գազանճեան Կարէն, Քէթէնճեան Նարեկ, Հարմանտայեան Ճեֆրի, Խաչերեան Սերժ, Գրիգորեան Ճեսի, Ստեփանեան Բալենի, Թրթռեան Ալիք, Եափուճեան Էլի:

Վկայականաց բաշխումէն ետք Անի Ուրֆալեան-Բագրատունի բեմ հրաւիրեց Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեանը, անոր յանձնեց վկայականի տարազ եւ պատուոյ վկայական մը, որպէսզի իրականացնէ իր փափաքը, որովհետեւ նախարարը 9-րդ եւ 10-րդ դասարաններուն յաճախած է Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլէճ, ապա` Ազգային Լ. Եւ Ս. Յակոբեան վարժարան, ուրկէ ստացած էր իր վկայականը:

Հանդիսութեան եզրափակիչ պատգամը փոխանցեց Գերշ. Տ. Շահէ Եպս. Փանոսեան: Ան նկատել տուաւ, որ երկար ժամանակէ ի վեր բոլորս բացակայ էինք հայ դպրոցէն, սակայն դարձեալ վերադառնալով բոլորս ալ կը զգանք, թէ որքան ջերմութիւն եւ ապահովութիւն կայ հոն: Սրբազանը փառք տուաւ Աստուծոյ, որ մեր կեանքի արտասովոր վերիվայրումներու մթնոլորտին մէջ առիթ ընծայեց, որ ամիսներու բացակայութենէ ետք մենք կարօտով խմբուինք հայ դպրոցի յարկին տակ, որպէսզի դարձեալ ոգեւորուինք հոն տարուող կրթական աշխատանքներով, ուրախանանք ու հպարտանանք մեր զաւակներուն ձեռք բերած յաջողութիւններով, հայ դպրոցով զգանք, որ երէկուան յուսալից, խանդավառ եւ եռանդուն ժողովուրդն ենք տակաւին: «Դժուարութիւններ կան մեր կեանքին մէջ: Անկասկած, մեր ժողովուրդի կենցաղային պայմանները ծանր են այս օրերուն, եւ հաւաքաբար ալ կը գտնուինք անորոշութեան դիմաց, սակայն հայ դպրոցի յարկին տակ նաեւ պէտք է զգանք, որ գէթ մարդուժի պատրաստութեան պատնէշին վրայ ամրօրէն կանգուն կը մնայ հայ դպրոցը, հաստատ ու հաւատարիմ իր առաքելութեան մէջ»,  հաստատեց Սրբազան Հայրը` աւելցնելով, որ արտասովոր պայմաններու մէջ իր աւարտին հասած տարեշրջանի փակման առիթով պէտք է անդրադառնանք, որ շնորհիւ հայ ուսուցիչին ջանքերուն, դպրոցի պատասխանատուներուն, մեր կառոյցներուն եւ հաւաքականութեան զոհողութիւններուն, հայ ծնողքի գիտակցութեան, հայ աշակերտի եռանդին, բարեկամներու ու բարերարներու նուիրաբերումներուն հայ դպրոցը շարունակեց ու կը շարունակէ քալել նոյն այն ուղիով, ուրկէ քալեց անցնող տասնամեակներուն, որպէսզի կանգուն մնայ հայ ժողովուրդը ամէնուրէք: Սրբազանը շեշտեց, որ հայ դպրոցը միայն լիբանանահայութեան համար չէ, այլ` համայն հայութեան եւ վկայութիւնն է աշխարհասփիւռ դարձած մեր ժողովուրդի խոհեմութեան ու տոկունութեան, եւ այդ պատճառով զայն պէտք է պահենք արժանապատիւ վիճակի մէջ, պահենք կանգուն ու պաշտպանենք ամէն տեսակի վտանգներէ, որպէսզի մեզ դարձնէ անընկճելի եւ կանգուն: «Հայ դպրոց պահելը եղած է եւ կը մնայ մեր հաւաքականութեան առաջնահերթութիւններուն գագաթը», ըսաւ Սրբազան Հայրը եւ,  շնորհաւորելով շրջանաւարտները, մաղթեց, որ կեանքի ուղին իրենց դիմաց լայնօրէն բացուի` զիրենք տանելով դէպի ապահով ապագայ: Եզրափակելով իր խօսքը` սրբազանը յայտնեց, որ հայ դպրոց պահելը դժուար է, սակայն հայ դպրոցը մեր հաւաքականութեան առաջնահերթութիւններուն գագաթը պէտք է պահենք համատեղ ճիգերով եւ զոհաբերութիւններով` աւելցնելով, որ հայ դպրոցը այսօր կարիքը ունի գիտակից կեցուածքի, հաւատարմութեան եւ հաւաքական պատրաստակամութեան: «Հետեւաբար զգանք, թէ այդ կեցուածքին մէջ է մեր զօրութիւնը, մեր արդիւնաւորութիւնը, մեր ինքնութեան ամրութիւնը, մեր ազգային մեծութիւնը, մեր իղձերուն եւ երազներուն հասնելու գաղտնիքը», շեշտեց ան:

Աւարտին, «Քորոնա» ժահրին պատճառով փոխան կարկանդակի հատումին,  շրջանաւարտներուն յանձնուեցաւ իրենց անուններուն սկզբնատառերը կրող կարկանդակներ պատրաստուած քոլէճի Տիկնանց յանձնախումբին կողմէ: Այնուհետեւ հնչեց վերջին զանգը ……