Լիբանանի հայոց թեմի Ազգային երեսփոխանական ժողովի 2019 նստաշրջանի Բ. նիստը տեղի ունեցաւ չորեքշաբթի, 11 դեկտեմբեր 2019-ին, երեկոյեան ժամը 6:30-ին, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ` նախագահութեամբ Լիբանանի հայոց առաջնորդ Գերշ. Տ. Նարեկ Արքեպիսկոպոսին:
Առաջնորդ Սրբազան Հօր աղօթքէն ետք Ազգային երեսփոխանական ժողովի ատենապետ Գառնիկ Մկրտիչեան բացուած յայտարարեց ժողովը: Ապա խօսք առաւ Լիբանանի հայոց առաջնորդը, որ շեշտեց, թէ այս փուլին բոլորիս սրբազան պարտականութիւնն է հասնիլ մանաւանդ մեր ժողովուրդի զաւակներուն ամէնէն կարիքաւորներու ընկերային պէտքերուն: Նարեկ Արքեպիսկոպոս գնահատեց մեր ժողովուրդի ընկերային ծառայութեան լծուած բոլոր կառոյցներուն եւ հայորդիներուն աշխատանքները, եւ պատրաստակամութիւն յայտնեց միասնաբար լծուելու մեր ժողովուրդի կարիքներու գոհացման նուիրական եւ անյետաձգելի աշխատանքին:
Սրբազան Հայրը նաեւ իր գնահատանքը յայտնեց մեր վարժարաններու բոլոր պատասխանատուներուն, աշակերտներուն եւ ծնողներուն, որոնք հակառակ բազմաբնոյթ դժուարութիւններուն եւ արգելքներուն, հայեցի դաստիարակութեան անփոխարինելի դերակատարութեան առաջնահերթութիւն կ՛ընծայեն եւ զոհողութեամբ կը մասնակցին հայ դպրոցը իր առաքելութեան լծուած պահելու մեր ճիգերուն:
Ապա համաձայն նիստին համար ճշդուած օրակարգին, առիթ ընծայուեցաւ, որ ժողովականները քննարկեն ու վաւերացնեն նախորդ նիստի ատենագրութիւնը: Լիբանանի վերջին իրադարձութիւններուն լոյսին տակ, ազգային երեսփոխան եւ ՀՅԴ Լիբանանի կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի ամփոփ կերպով ներկայացուց Լիբանանի քաղաքական պայմանները եւ ընկերային-տնտեսական դժուարութիւնները` շեշտելով, որ այս փուլին լիբանանահայութիւնը պէտք է հաւաքական ճիգերով յաղթահարէ բոլոր մարտահրաւէրները եւ հասնի մեր ժողովուրդի բոլոր կարիքներուն:
Այնուհետեւ, Ազգային վարչութեան ատենապետ Րաֆֆի Սիսլեան ներկայացուց Ազգային երեսփոխանական ժողովի Տնտեսական շտապ օգնութեան յանձնախումբի զեկուցումը, ինչպէս նաեւ Ազգային առաջնորդարանի եւ վարժարաններու տնտեսական վիճակը ներկայացնող տեղեկագիր մը: Այս շրջագիծին մէջ, երկրի տնտեսական դժուարութիւնները յաղթահարելու նպատակով, ժողովականները կատարեցին առաջարկներ ու թելադրութիւններ:
Ժողովը փակուեցաւ Սրբազան Հօր պահպանիչով: