Առաջնորդարան Հայոց Լիբանանի

Ազգային Իշխանութեան Ուսումնական Խորհուրդ. «Մանկավարժական Մշակման Օր»` Մասնակցութեամբ Ազգային Վարժարաններու Միջնակարգ Եւ Երկրորդական Բաժիններու Ուսուցիչներուն

Կազմակերպութեամբ Ազգային իշխանութեան Ուսումնական խորհուրդին, շաբաթ, 1 ապրիլ 2017-ին, առաւօտեան ժամը 9:00-1:00, Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճի «Սիրան Մանուկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Մանկավարժական մշակման օր»` մասնակցութեամբ Ազգային վարժարաններու միջնակարգ եւ երկրորդական բաժիններու ուսուցիչներուն:

Ուսումնական խորհուրդին անունով Սեդա Մանկասարեան բարի գալուստ մաղթելէ ետք ներկաներուն նկատել տուաւ, որ Ուսումնական խորհուրդը որոշած է կրկին հաստատել մանկավարժական մշակման գործընթացը, որ անցեալին յաջորդական տարիներով բծախնդրօրէն գործադրուած էր կրթական համակարգին մէջ, սակայն ունեցած էր կարճ ընդմիջում մը: Ան ըսաւ, որ Ուսումնական խորհուրդը ուզած է կրկին նախաձեռնել այս գործընթացին, բայց հանգրուանային գործելաոճով` աւելցնելով, որ յաջորդ հանգրուանին «Մանկավարժական մշակման օր»-ը պիտի գործադրուի մանկապարտէզի եւ նախակրթարանի ուսուցիչներուն համար: «Կը հաւատանք, որ մանկավարժական մշակումը անհրաժեշտ է մեր ուսուցիչներու վերաորակաւորման եւ ուժեղացման համար, ինչ որ պիտի սատարէ հայ աշակերտին կրթական, իմացական, հոգեկան եւ բարոյական առողջ կազմաւորման եւ պիտի օգնէ աշակերտին յաղթահարելու այսօրուան մարտահրաւէրները», շեշտեց Ս. Մանկասարեան եւ եզրափակելով իր խօսքը յայտարարեց, որ «Մանկավարժական մշակման օր»-ուան մասնակցողներուն պիտի տրուի համապատասխան հաստատագիր Ուսումնական խորհուրդին կողմէ:

Ուսումնական խորհուրդի անդամ Պէթի Եիրիքեան խօսք առնելով անդրադարձաւ «Մանկավարժական մշակման օր»-ուան նախապատրաստական աշխատանքներուն: Ան նաեւ ներկայացուց օրուան յայտագիրը:

Օրուան առաջին բանախօսն էր Հայկազեան համալսարանի դասախօս Շաղիկ Խիւտավերտեան: Անոր նիւթն էր «Աշակերտներուն միտքի կազմաւորման նպաստող գիտութեան տարբեր տեսակները եւ անոնց առնչուող աշխատանքները»: Խիւտավերտեան նկատել տուաւ, որ տարուէ-տարի դասանիւթի մը միօրինակ դասաւանդումը պատճառ կը դառնայ կրթական արդի եւ կարեւոր գիտելիքներու բացակայութեան` աւելցնելով, որ միշտ պէտք է վերատեսութեան եւ փոփոխութեան ենթարկել դասաւանդման միջոցները, ներառել նոր աշխատելաձեւեր, որպէսզի նիւթը հետաքրքրական դառնայ եւ ոչ թէ ձանձրացուցիչ: Ան «փաուըր փոյնթ»-ով ներկայացուց գիտութեան զարգացման տարբեր եղանակներ եւ դասաւանդման զանազան ձեւեր, որոնք հետաքրքրական կը դարձնեն նիւթը եւ կը նպաստեն աշակերտի զարգացման:

Կարճ դադարէ մը ետք ուսուցիչները բաժնուեցան 2 խումբի` միջնակարգ եւ երկրորդական: Միջնակարգի ուսուցիչներուն «փաուըր փոյնթ»-ով ներկայացուեցաւ «Ուղեղի զարգացում. ուսուցիչին ունեցած դերակատարութիւնը դասարանին մէջ» նիւթը` Ս. Ժոզեֆ համալսարանի կրթական համադրող եւ նախակրթարանի բաժինի տնօրէն դոկտ. Նենսի Թիմոնեանի կողմէ:

Դոկտ. Թիմոնեան ըսաւ, որ կրթական մշակները իրենց փորձառութեամբ գիտեն, որ ուղեղը միշտ պատրաստ է փոփոխութեան ենթարկուելու եւ զարգանալու, հետեւաբար իւրաքանչիւր աշակերտի ուղեղը օրական կ՛աճի դպրոց յաճախած միջոցին: Ան նկատել տուաւ, որ դպրոցական կրթութիւնը իր ազդեցութիւնը ունի ուղեղային աճման եւ զարգացման մէջ: Հետեւաբար, երբ հմտութեան ճիշդ միջոցները կը փոխանցուին ուսուցիչներուն կողմէ, ատիկա դրական ազդեցութիւն կ՛ունենայ ուղեղի գործելաձեւին վրայ կարճ ժամանակամիջոցի մէջ, ինչ որ տպաւորիչ է: Ան շեշտեց, թէ կարեւոր է, որ մանկավարժները գիտնան ուղեղի զարգացման փուլերը, որպէսզի ճիշդ փոխանցում կատարեն աշակերտներուն եւ նպաստեն անոնց ուղեղին գործելաձեւին եւ մտածողութեան` աւելցնելով, որ կրթական մշակները պէտք է զինեն աշակերտները գործնական հմտութիւններով լեցուն կեանքի մը, որպէսզի անոնք կարենան համաշխարհայնացած եւ արհեստագիտութեամբ լեցուն աշխարհի մը մէջ յաջողութիւն գտնել: Ապա ան անդրադարձաւ այն միջոցներուն, որոնք կարելի է օգտագործել զարգացնելու եւ հմտութիւններով լեցնելու համար աշակերտին ուղեղը: Դոկտ. Թիմոնեան իր ներկայացուցած նիւթին ընդմէջէն կատարեց գործնական աշխատանք` մասնակցութեամբ ուսուցիչներուն:

Երկրորդականի ուսուցիչներուն ներկայացուեցաւ «Ինչպէ՞ս յաղթահարել մարտահրաւէրները, որոնք կը դիմագրաւեն երկրորդականի աշակերտները իրենց վերաբերմունքին մէջ» նիւթը` Հայկազեան համալսարանի դասախօս դոկտ. Լարա Խաթիպի կողմէ:

Դոկտ. Լարա Խաթիպ «փաուըր փոյնթ»-ով ներկայացուց գործնական միջոցները, որոնք ուսուցիչը կրնայ օգտագործել աշակերտներուն հետ, որպէսզի միջավայրը աւելի դրական դարձնէ եւ սորվելու մթնոլորտ ստեղծէ: Այստեղ եւս տեղի ունեցաւ գործնական աշխատանք` մասնակցութեամբ ուսուցիչներուն: