Առաջնորդարան Հայոց Լիբանանի

Ազգային Իշխանութեան Ուսումնական Խորհուրդ. Ազգային Վարժարաններու Աշակերտութեան Մասնակցութեամբ Ձեռնարկ` Նուիրուած Վարդանանց Ճակատամարտին

Կազմակերպութեամբ Ազգային իշխանութեան Ուսումնական խորհուրդին եւ մասնակցութեամբ Ազգային վարժարաններու աշակերտութեան երէկ` չորեքշաբթի, 27 փետրուար 2019-ի կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Վարդանանց ճակատամարտին նուիրուած ձեռնարկ:

Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք բացման խօսքը արտասանեց օրուան հանդիսավար, Ազգային միացեալ վարժարանի աշակերտ Լէոնարտօ Խայեաթ: Ան պատմական ակնարկ մը նետեց 451 թուականի ժամանակաշրջանին, երբ հայ նախարարները, ղեկավարութեամբ Վարդան Մամիկոնեանի, մերժեցին ընդունիլ կրակապաշտութիւնը եւ կռուեցան ու նահատակուեցան քրիստոնէութեան սիրոյն: Ան նկատել տուաւ, որ Աւարայրի ճակատամարտին հայերը թիւով քիչ էին համեմատաբար պարսիկներուն, սակայն ունէին հզօր հաւատք, հաստատ կամք, եւ «Մահ ոչ իմացեալ մահ է, մահ իմացեալ անմահութիւն է» ըսելով նետուեցան դէպի մահ` իրենց արիւնը նուիրաբերելով քրիստոնէութեան եւ հայրենիքին:

«Շնորհիւ Վարդաններու, մենք մնացինք քրիստոնեայ, մնացինք հայրենասէր եւ հաւատացեալ: Դարեր անցած են Վարդանանց ճակատամարտէն, բայց հայերը Վարդաններու օրինակով շարունակեցին տէր կանգնիլ մեր կրօնին ու հայրենիքին», հաստատեց Լէոնարտօ Խայեաթ` աւելցնելով, թէ իրենք իբրեւ հայ աշակերտներ կը գիտակցին, որ Վարդանանց տօնը սովորական տօն մը չէ հայոց պատմութեան մէջ, եւ Վարդանանց պատերազմը հայ ժողովուրդի ինքնութիւնը եւ գոյատեւումը պահելու նպատակով մղուած պատերազմ մըն էր: «Մենք չենք դաւաճաներ մեր եկեղեցիին եւ երկրին: Կը խոստանանք անխախտ կամքով ու Վարդանի ոգիով, յարատեւ տէր ու պաշտպան դառնալ մեր հայրենիքին, կրօնին, լեզուին, պատմութեան եւ ազգին» եզրափակեց Լ. Խայեաթ:

Այնուհետեւ Ազգային միացեալ վարժարանի աշակերտները ներկայացուցին «Երբ մեռնիլ գիտենք» խորագիրը կրող կենդանի պատկեր մը, որուն ընդմէջէն մեկնաբանեցին «Նոր Այգաբաց», «Վարդանանց» եւ «Աւարայրը» ասմունքները, նաեւ վարժարանի երգչախումբը մեկնաբանեց «Մենք քաջ Վարդանի զաւակներն ենք» եւ «Քաջ Վարդան» երգերը:

Օրուան խորհուրդը ներկայացուց «Ազդակ»-ի լիբանանեան լուրերու բաժինի խմբագիր Արշօ Պալեան: «Թող ոչ ոք Վարդանանքի խորհուրդն ու պատգամը ծաղրէ եւ զայն կատակի վերածէ», ըսաւ ան իր խօսքին սկիզբը` աւելցնելով, որ հաւանաբար ոմանց զարմանք պատճառէ այս խօսքը, սակայն պոռթկումի շեշտ պարունակող այս արտայայտութիւնը յստակ ու կտրուկ պատասխանն է Վարդանանքին տրուած այն մեկնաբանութեան, թէ այդ տօնը հայութեան համար բարոյական յաղթանակի օր է:

Պալեան հաստատեց, որ Վարդանանքը ո՛չ միայն բարոյական յաղթանակ է, այլեւ իսկական յաղթանակ` աւելցնելով, որ ժողովուրդի մը գոյատեւման համար կարեւոր են լեզուն, գիրը, գրականութիւնը, կրօնն ու  մշակոյթը, սակայն առանց այդ բոլորը պաշտպանելու եւ այդ բոլորին տէրը կանգնելու կամքին, անոնք կ՛ոչնչանան:

«451 թուականին տեղի ունեցած Վարդանանց ճակատամարտն է, որ մեր ինքնութիւնը պահած է, եւ Վարդանանքին շնորհիւ է, որ մենք 1568 տարիէ ի վեր կը գոյատեւենք իբրեւ հայեր», հաստատեց Արշօ Պալեան` անդրադառնալով Վարդանանքին յաջորդած տարիներուն ընթացքին հայութեան կերտած բոլոր յաղթանակներուն, որոնց շարքին յատկապէս Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան կերտումին ու յաջողութեամբ պսակուած Արցախի ազատագրական պայքարին, զորս նկատեց Վարդանանքի արդիւնքները, որոնք կերտուած են «Մահ իմացեալ անմահութիւն է» կարգախօսով, որ յանուն հայրենիքի եւ հայ եկեղեցւոյ յարատեւման նահատակութիւնն է:

«Սիրելի՛ աշակերտներ, ձեր իւրաքանչիւրին մէջ կայ Վարդան Մամիկոնեան մը, որ ըմբոստ է, քաջ ու պատրաստ պայքարելու: Հայ ազգին համար ամէնէն լուրջ պայքարը գոյատեւելու պայքարն է, եւ հաւատացէ՛ք, որ երբ տակաւին աւելի փոքր տարիքին կը սորվիք ու քաջաբար կ՛արտասանէք «Հայ եմ ես, հայ եմ ես, սարսափեցէ՛ք իմ ձեռքէս: Հայաստանը ազատող քաջ Վարդանի թոռն եմ ես»-ը, դուք Վարդանի հետ հոգեկան ձեր կապը կ՛ամրապնդէք` պաշտպանը դառնալով հայութեան ինքնութեան ու հայ եկեղեցւոյ գոյատեւման», շեշտեց բանախօսը եւ ըսաւ, թէ թող ոչ ոք Վարդանանքի խորհուրդն ու պատգամը ծաղրէ եւ զայն կատակի վերածէ` աւելցնելով, որ այն օրը, երբ ժողովուրդ մը կը սկսի ծաղրել իր պատմութիւնը եւ զայն ծիծաղի առարկայի վերածել, այն օրն է, որ կը մեռնի Վարդանը եւ կը յաղթէ թշնամին:

Եզրափակելով իր խօսքը` Պալեան կոչ ուղղեց աշակերտներուն տէր կանգնելու, հայոց պատմութեան եւ անվախ կերպով աշխարհին ըսելու, որ Վարդանի ու Վարդանանքի յաղթանակին շնորհիւ իրենք հպարտ հայեր են, իրենց պատմութեամբ հպարտ, ճակատաբաց ու յանձնառու հայ աշակերտներ են, իսկ եթէ երբեք պատահի, որ իրենց այլ ինքնութիւն առաջարկեն, առանց վարանելու, երկմտելու եւ տատամսելու` պահանջեն դարձեալ կոչուիլ հայ քրիստոնեաներ:

Ապա Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճի երգչախումբը մեկնաբանեց «Իմ հայրենեաց հոգի Վարդան», «Հիմի էլ լռենք» եւ «Ոչ, չեն մեռնիր հերոսները» երգերը:

Հանդիսութեան աւարտին Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Նարեկ Արքեպիսկոպոս աշակերտութեան ուղղեց իր պատգամը: Սրբազանը ըսաւ, թէ Սրբոց Վարդանանց եւ Սրբոց Ղեւոնդեանց տօնը իւրաքանչիւր հայու համար իր պատմութեան, իր հաւատքին եւ իր հայրենիքին հետ սրբազան ժամադրութեան եզակի առիթ մըն է` աւելցնելով, որ Վարդան եւ Ղեւոնդ իրենց հետեւորդներով միայն անուն չեն մեզի համար, այլ նաեւ մեր կեանքը հարստացնող եւ մեր պայքարը ամրապնդող սկզբունքներ ու արժէքներ: Սրբազան Հայրը նկատել տուաւ, որ գործադրուած գեղարուեստական յայտագիրով եւ բանախօսութեամբ բոլորս փոխադրուեցանք Աւարայրի դաշտ ու վերանորոգեցինք մեր պատմութեան եւ մեր հաւատքին, մեր եկեղեցւոյ եւ մեր դպրոցին, մեր մշակոյթին եւ մեր ինքնութեան հաւատարիմ մնալու մեր ուխտը:

«Վարդանանց պատերազմը ճակատամարտ մը չէր եւ չի կրնար ըլլալ: Վարդանանց պատերազմը հայուն գոյամարտն է, ըլլալու եւ գոյատեւելու պայքարն է», հաստատեց  Առաջնորդ Սրբազանը` շեշտելով, որ երբ հաւատք եւ հայրենիք մեզ կը կանչեն, մենք մեր կեանքով եւ արիւնով պատրաստ ենք ըսելու, թէ մենք հայ ենք, հայ քրիստոնեայ ենք: Անդրադառնալով «Մահ ոչ իմացեալ մահ է, մահ իմացեալ անմահութիւն է» կարգախօսին` Առաջնորդ Սրբազանը բացատրեց, որ իմացեալ կը նշանակէ գիտակից, յանձնառու, պատրաստակամ կեանքով եւ մահով վկայելու` քաջութեան պատգամը փոխանցելով մեզի: Սրբազանը յայտնեց, որ Վարդանանք յաղթանակ արձանագրեցին, որովհետեւ եկեղեցի եւ ժողովուրդ, քաղաքական իշխանութիւն եւ հոգեւոր իշխանութիւն դարձան միացեալ` աւելցնելով, որ այսօր եւս հայ ազգի զաւակները պատահականօրէն չեն յայտարարեր, թէ իրենք հայ քրիստոնեայ են: Հայութիւն եւ քրիստոնէութիւն միասնաբար, միացեալ ինքնութիւն կու տան հայ ազգի զաւակներուն: «Ազգ մը ազգ դարձնողը իր ինքնութիւնն է եւ այդ ինքնութիւնը մեր պարագային` իբրեւ հայորդիներ, իբրեւ Հայաստանը մեր յաւերժական հայրենիքը ունեցող զաւակներ մեր հողին, մենք այդ հայ քրիստոնէական ինքնութիւնը ժառանգեցինք Ս. Թադէոս եւ Ս. Բարթողիմէոս առաքեալներով սկսած եւ ծաղկած քրիստոնէութեամբ, որուն յաջորդեց քրիստոնէութիւնը պետականօրէն առաջին ժողովուրդը հռչակած ազգը` Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչով եւ Ս. Տրդատ թագաւորով, ապա Ս. Մեսրոպով, Ս. Սահակով եւ Վռամշապուհ թագաւորով քրիստոնէութիւնը հայախօս դարձուցած մեր թարգմանչաց շարժումով եւ վասն հայրենեաց եւ վասն հաւատքի մղուած ու տակաւին մղուող Վարդանանց հերոսամարտով», շեշտեց Նարեկ Արքեպիսկոպոս` աւելցնելով, որ այդպէս շաղախուեցաւ հայը իր հայրենիքին ու իր կրօնին հետ եւ այսօր այդ միացեալ գիտակցութեամբ մենք կեանքով եւ ի պահանջեալ հարկին մահով կը շարունակենք մեր յաղթական երթը:

Եզրափակելով իր խօսքը` Սրբազան Հայրը բարձրօրէն գնահատեց ազգային վարժարաններուն պատրաստած` Սրբոց Վարդանանց ճակատամարտին նուիրուած հանդիսութիւնը` աւելցնելով, որ սոյն հանդիսութիւնը այստեղ չ՛աւարտիր, այլ` կը շարունակուի իբրեւ հերոսամարտ, եւ կը շարունակուի այնքան ատեն որ մեր աշակերտները հայ դպրոցը կը նկատեն իրենց հարազատ տունը, հայոց պատմութիւնը կը նկատեն բաց դասագիրք մը` ո՛չ միայն իրենց միտքին, այլ նաեւ իրենց սիրտին դիմաց, եւ հայ ծնողքը, հայ ուսուցիչը, հայ հոգեւորականը, հայ ղեկավարը այս բոլորը կը նկատեն իրենց սիրտին, միտքին եւ հոգիին պարտքը եւ մեր արդար հպարտութիւնը: «Թող Սրբոց Վարդանանց եւ Սրբոց Ղեւոնդեանց ոգին միշտ արթուն մնայ մեր բոլորին եւ մանաւանդ մեր նոր սերունդի կեանքին մէջ եւ մենք շարունակենք մեր բոլոր թշնամիներուն դիմաց մեր յաղթական երթը, թէ՛ մեր հայրենիքին մէջ, թէ՛ սփիւռքի տարածքին, իբրեւ միացեալ մարմին, միացեալ հոգի տիրանալու համար մեր միացեալ հայրենիքին», ըսաւ Նարեկ Արքեպիսկոպոս: