Առաջնորդարան Հայոց Լիբանանի

Ազգային Իշխանութեան Ուսումնական Խորհուրդ. Ազգային Վարժարաններու Անգլերէն Ուսուցիչներու Վարժանիստ` Հայկազեան Համալսարանին Մէջ

Նախաձեռնութեամբ Ազգային իշխանութեան Ուսումնական խորհուրդին, կազմակերպութեամբ Հայկազեան համալսարանի գրելու կեդրոնին, աջակցութեամբ Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանութեան շաբաթ, 23 մարտին, առաւօտեան ժամը 9:00-1:00, Հայկազեան համալսարանին մէջ տեղի ունեցաւ միջնակարգի եւ երկրորդականի անգլերէնի ուսուցիչներու վարժանիստ` մասնակցութեամբ Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճի, Ազգային Յառաջ-Գ. Կիւլպէնկեան քոլեճի եւ Ազգային միացեալ վարժարանի անգլերէնի ուսուցիչներուն:

Ուսումնական խորհուրդին անունով Շանթ Ստեփան բարի գալուստ մաղթելէ ետք ներկաներուն յոյս յայտնեց, որ սոյն վարժանիստը օգտակար պիտի դառնայ ուսուցիչներուն մտածելու ո՛չ միայն այն մասին, թէ ի՛նչ կը սորվեցնեն, այլեւ այն մասին, թէ ինչպէ՛ս կը սորվեցնեն: Խօսքը ուղղելով ուսուցիչներուն ան նկատել տուաւ, որ բոլորը նոյն առաքելութիւնը ունին, որն է սորվեցնել աշակերտին, սակայն երբ միանան, այն ուժը, որ կը ստեղծեն զիրենք կը հասցնէ իրենց հաւաքական նպատակին:

Եզրափակելով իր խօսքը` Շ. Ստեփան շնորհակալութիւն յայտնեց Հայկազեան համալսարանի գրելու կեդրոնին, նաեւ անոր տնօրէնին` Անիթա Մուջոյեանի, որ օգտակար հանդիսացաւ սոյն վարժանիստի իրականացման:

Իր կարգին, կեդրոնի տնօրէն Անիթա Մուջոյեան խօսք առնելով բացատրեց, որ սոյն կեդրոնը հիմնուած է համալսարանին եւ Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանութեան համագործակցութեամբ եւ կը նպատակադրէ օգտակար հանդիսանալ աշակերտին` անոր մէջ զարգացնելով անգլերէնով գրելը` աւելցնելով, որ  շուրջ մէկ տարիէ ի վեր համալսարանին մէջ կը գործէ սոյն կեդրոնը: Մուջոյեան նաեւ ներկայացուց վարժանիստի յայտագիրը:

«Անգլերէնի դասաւանդման միջոցները» խորագիրը կրող վարժանիստին առաջին բանախօսն էր Անիթա Մուջոյեան, որ խօսեցաւ արհեստագիտական եւ այլ միջոցներու գործածութեան մասին` անգլերէնով գրելու ժամանակ: Ան անդրադարձաւ կարճ պատմութիւններ կամ օրուան դասի մասին գրութիւններու, նաեւ շարադրութիւն գրելուն, որ լուրջ աշխատանքի կը կարօտի: Ան երկուքին պարագային բացատրութիւններ տուաւ գրելու միջոցներու մասին:

Անգլերէնով գրելու մէջ ստեղծագործական տարբեր միջոցներու գործածութեան անդրադարձաւ երկրորդ բանախօսը` կեդրոնի դասախօսներէն Միրա Թինի: Ան անդրադարձաւ այն միջոցներուն, որոնք ուսուցիչը պէտք է գործածէ քաջալերելու համար աշակերտը, որ զարգացնէ իր երեւակայութիւնը եւ ստեղծագործ միտք ունենայ գրելու շարադրութիւններ, կարճ պատմուածքներ, բանաստեղծութիւններ, օրագրութիւններ եւ այլն:

Օրուան երրորդ բանախօսը` կեդրոնի դասախօսներէն Սիրին Ժաաֆար խօսեցաւ անգլերէնի դասապահերու ընթացքին խմբային-հաւաքական աշխատանքի ամրապնդման արդի միջոցներուն մասին` շեշտը դնելով հաւաքական աշխատանքներուն մէջ բոլոր աշակերտներուն մասնակցութեան վրայ:

Այնուհետեւ ներկաները պատասխանեցին հարցաթերթիկի մը, որմէ ետք կեդրոնի տնօրէն Անիթա Մուջոյեան կատարեց վարժանիստին արժեւորումը:

Աւարտին բոլոր մասնակիցները Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանութեան կողմէ ստացան մասնակցութեան վկայագիր: