Առաջնորդարան Հայոց Լիբանանի

Ազգային Իշխանութեան Ուսումնական Խորհուրդ. «Մհեր Ջուլհաճեան» Շարադրական Մրցանքի Մրցանակաբաշխութիւն

Հովանաւորութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Նարեկ Արքեպիսկոպոսի, կազմակերպութեամբ Ազգային իշխանութեան Ուսումնական խորհուրդին, երէկ` ուրբաթ, 31 մայիս 2019-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ կատարուեցաւ 2 մարտ 2019-ին տեղի ունեցած «Մհեր Ջուլհաճեան» միջդպրոցական շարադրական մրցանքի մրցանակաբաշխութիւնը` ներկայութեամբ կրթական պատասխանատուներու, տնօրէններու, ուսուցիչներու, աշակերտներու, ծնողներու եւ արցախեան ազատագրական պայքարի նահատակ Մհեր Ջուլհաճեանի հարազատներուն ու ընտանեկան պարագաներուն:

Ձեռնարկը սկսաւ Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներուն ունկնդրութեամբ, որմէ ետք բացման խօսքը արտասանեց Մարալ Մխսեան: Ան նկատել տուաւ, որ Մհեր Ջուլհաճեանի յիշատակը միշտ վառ պահելու նպատակով 2003-ին իր ընտանեկան պարագաները Ազգային առաջնորդարանի Ուսումնական խորհուրդին հետ համախորհուրդ, հիմնեցին անոր յիշատակին նուիրուած աշակերտական Ֆոնտ մը, որուն գումարը պիտի տրամադրուէր շարադրական մրցանքի մը` լիբանանահայ միջնակարգ եւ երկրորդական վարժարաններուն համար: Մխսեան նկատել տուաւ, որ Մհեր Ջուլհաճեան իր պատանի տարիքէն թրծուած էր միութենական կեանքին մէջ` անդամակցելով ՀՅԴ ԼՊՄ-ին, ԼԵՄ-ին եւ ԶՈՄ-ին` աւելցնելով, որ 1992-ին, ընդառաջելով ազատագրական պայքարի կոչին, ան կը հաստատուի Հայաստան, ուրկէ կ՛անցնի Արցախ, որովհետեւ իրեն համար «Դէպի Արցախ» կարգախօսը սրբազան կոչ էր, եւ  23 օգոստոս 1993-ին` 26 տարեկան հասակին կը նահատակուի Արցախի Մարտունի շրջանին մէջ` իր զինակից ընկերներուն հետ: «Մհեր ինկաւ հայրենիքի պաշտպանութեան սուրբ գործին ճամբուն վրայ` ի՛ր որոշումով, ի՛ր կամքով, ի՛ր համոզումով» հաստատեց Մխսեան եւ եզրափակելով իր խօսքը շնորհակալութիւն յայտնեց դատական կազմի անդամներ Անի Աղպաշեանին, Արազ Գոճայեանին եւ Տօնիկ Տօնապետեանին, որոնք սիրայօժար սրբագրեցին շարադրութիւնները:

Օրուան պատգամը ուղղեց Ազգային առաջնորդարանի դիւանապետ Րաֆֆի Տեմիրճեան: Ան յայտնեց, որ եթէ միջդպրոցական նախաձեռնութիւնները ունին յստակ նպատակ եւ մեկնակէտ, բնականաբար անոնք էական են հանրակրթական ծրագիրներու յաջողութեան համար, նաեւ դպրոցներու միջեւ փոխադարձ կապ ստեղծելու կողքին, նաեւ աշակերտներու միջեւ կապի ստեղծման կը ծառայեն` աւելցնելով, որ այս նախաձեռնութիւններուն մէջ իւրայատուկ տեղ կը գրաւեն շարադրական մրցումները, որոնց նպատակը միայն հայոց լեզուն պահպանել չէ, այլ` անոնք կը ծառայեն պատրաստելու ապագայի գրողներ, լրագրողներ եւ խմբագիրներ, որոնց կարիքը ունինք այսօր: Ան նկատել տուաւ, որ շարադրական մրցանքներու շարքին է «Մհեր Ջուլհաճեան» շարադրական մրցանքը, որ բոլոր մրցանքներէն տարբեր, իւրայատուկ եւ իր արժէքն ու կարեւոր տեղը ունի: Շարունակելով իր խօսքը` ան ամփոփ կէտերու մէջ ներկայացուց Մհեր Ջուլհաճեանի կենսագրական գիծերը` շեշտելով, որ Ջուլհաճեան կը հաւատար այն առաքելութեան, որ կը հիմնուի հայրենիքի ծառայութեան ու նուիրումի սկզբունքներուն եւ արժէքներուն վրայ:

Ր. Տեմիրճեան ըսաւ, որ Մհեր Ջուլհաճեանի ընտանիքը նախաձեռնած է այս մրցանքին` անոր յիշատակը վառ պահելու համար, անոր շունչն ու ոգին կենդանի պահելու եւ փոխանցելու համար գալիք սերունդներուն: «Տակաւին պայքարը եւ պահանջատիրութիւնը իրենց լրումին չեն հասած: Ընդունելի չէ Արցախի հարցը շահարկել որեւէ տեսակի քաղաքական նպատակներու համար` ներքին թէ արտաքին: Ընդունելի չէ Արցախի օրակարգով զիջում կամ նահանջ արձանագրել», շեշտեց Տեմիրճեան` աւելցնելով, որ սոյն մրցանքին եւ Մհերի պատգամը յստակ է. պահպանել հայոց լեզուն, պահպանել մեր գոյութիւնը հայրենիքէն հեռու, զինուիլ գիտութեամբ, որպէսզի նաեւ այդ զէնքով` ուսումով պահանջատիրական պայքար մղենք, տէր կանգնինք մեր ազգային արժէքներուն, հայրենիքը ամէն բանէ վեր դասենք եւ շարունակենք Մհերի ու Մհերներու սկսած սրբազան աշխատանքն ու առաքելութիւնը, որովհետեւ տակաւին ընելիք ունինք, եւ երիտասարդութիւնը հիմնական դերակատարն է այդ բոլորին մէջ:

Հանդիսութեան աւարտին իր հայրական պատգամը ուղղեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Նարեկ Արքեպիսկոպոս:  Սրբազան հայրը նկատել տուաւ, որ ամէն անգամ, երբ բուռ մը հայեր աշխարհի վրայ որեւէ տեղ կը հաւաքուին այսպիսի առիթներով, այդ պարզ վայրը կը վերածուի Հայաստանի եւ Արցախի` աւելցնելով, որ նոյնն է պարագան այսօր «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին: «Առիթը եւ վայրը նշանակութիւն կ՛ունենան մարդոցմով, եւ այս պարագային ձեզմով, հայ դպրոցով, հայ ուսուցիչով, հայ աշակերտութեամբ եւ հայ դպրոցի առաքելութեան վստահող հայ ծնողքով», հաստատեց սրբազան հայրը: Ան նկատել տուաւ, որ սոյն հանդիպումը պարզապէս շարադրական մրցանք մը գնահատելու հանդիպում չէ` աւելցնելով, որ ազգեր իրենց սուրբերով, հերոսներով եւ անմահներով կ՛ապրին: Ան ըսաւ, թէ մեր ամբողջ պատմութիւնը անուններու շարանով ամէն օր մեզի համար կը դառնայ հրաւէր, որ մենք անդրադառնանք, թէ ի՛նչ կը նշանակէ հայ ըլլալ ու մանաւանդ հայ մնալ եւ այս պարագային հայ պատանի ու երիտասարդ ըլլալ հայ դպրոցի պահապան հովանիին տակ:

«Մհեր Ջուլհաճեան անունը շաղախուեցաւ մեր սուրբերու եւ հերոսներու անունին: Մհեր Ջուլհաճեան անունը իբրեւ տիպար, իբրեւ խորհուրդ եւ պատգամ», ըսաւ սրբազան հայրը` աւելցնելով, որ Մհեր եւ իր նմանները իրենց բնական կեանքի ընթացքը իրենց իսկ ընտրութեամբ փոխեցին ի շահ եւ ի զոհողութիւն իրենց անձերէն եւ մեր անձերէն վեր` հայրենիքի սրբազան գաղափարականին: «Հայրենիքէն, Արցախէն հեռու գտնուող եւ սփիւռքի մաշեցուցիչ պայմաններուն մէջ հայապահպանութեան դրօշ պարզած հայութեան համար կեանք չի պահանջուիր, արիւն չի պահանջուիր, այլ` ամէնօրեայ արթնութիւն, զգաստութիւն, խոհեմութիւն եւ դիմադրողականութիւն կը պահանջուի: Արեան նահատակութիւնը գերագոյն նահատակութիւնն է, բայց զայն կը կանխէ եւ կը նախապատրաստէ կեանքի նահատակութիւնը», հաստատեց Նարեկ Արքեպիսկոպոս` աւելցնելով, որ «Մհեր Ջուլհաճեան» շարադրական մրցանքը նախ հայօրէն մեր հաւաքական կեանքը ապրելու հրաւէր է եւ ապա այդպէս թրծուելէ ետք, միշտ պատրաստ ըլլալ ամէն բան, ի պահանջել հարկին` կեանքը հայրենիքին զոհելու պատրաստակամութեան հրաւէր է: Եզրափակելով իր խօսքը` Սրբազան հայրը գնահատեց բոլորը, որ այս մրցանքին ճամբով մասնակցութեան, գիտակցութեան, պատրաստակամութեան ոգիով ամէն տարի կը համախմբուինք այս ծրագիրին շուրջ եւ զայն առաքելութեան կը վերածենք` մաղթելով, որ այս գիտակցութիւնը արթուն մնայ բոլորին մէջ եւ բոլորը ըմբռնեն Մհեր Ջուլհաճեանի կեանքի եւ նահատակութեան օրինակով մեզի փոխանցուող պատգամը եւ ամէն օր ապրին մեր ժողովուրդին, մեր հայրենիքին եւ մեր անձերէն վեր արժէքներուն համար:

Այնուհետեւ Առաջնորդ Սրբազանը եւ Ուսումնական խորհուրդի ատենապետ դոկտ. Գեղուհի Պողարեան կատարեցին մրցանակաբաշխութիւնը` առաջնութեան, երկրորդութեան եւ երրորդութեան արժանի աշակերտներուն յանձնելով բարձր գնահատանքի յատուկ վկայագիրներ, նիւթական պարգեւներ` տրամադրուած նահատակ Մհեր Ջուլհաճեանի ընտանեկան պարագաներուն կողմէ, ինչպէս նաեւ նուէրներ` տրամադրուած Համազգայինի գրատարածին կողմէ:

Միջնակարգէն առաջին հանդիսացաւ Փաթիլ Թասլաքեան (Ազգային Յառաջ-Գ. Կիւլպէնկեան վարժարան), երկրորդ` Տեմիս Այվազեան (Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանք), երրորդ` Կալի Սահակեան (Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան վարժարան) եւ Արազ Մազաքեան (Հայ կաթողիկէ Հռիփսիմեանց վարժարան):  Երկրորդականէն առաջին հանդիսացաւ Գրիգոր սրկ. Արապաթլեան (Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանք), երկրորդ` Անժելա Սալորեան (Ազգային միացեալ վարժարան) եւ Ալիսա Չափարեան (Ազգային Յառաջ-Գ. Կիւլպէնկեան վարժարան), երրորդ` Ռուբէն Էվինկիւլեան (Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճ) եւ Վարդուկ Ֆիլիկեան (Հայ աւետարանական քոլեճ): Նուէրներ ստացան նաեւ շարադրական մրցանքին մասնակցած բոլոր աշակերտները:

Գեղարուեստական բաժինով, Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճի աշակերտ Մեղեդի Տէր Յարութիւնեան ասմունքեց Վահան Թէքէեանի «Եկեղեցին հայկական» քերթուածը, Հայ աւետարանական քոլեճի աշակերտ Կարին Տեմիրճեան ջութակի վրայ նուագեց երաժշտական կտոր մը, Հայ կաթողիկէ Ս. Խաչ-Հարպոյեան վարժարանի աշակերտ Բալիկ Ուրֆալեան մեկնաբանեց «Ալ այլուղս» երգը, Ազգային միացեալ վարժարանի աշակերտները մեկնաբանեցին «Խաչ եւ սուր» խմբային արտասանութիւնը եւ Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի աշակերտ Մարիա-Ճէսիքա Հաշէօլեան երգեց «Տուն իմ հայրենի» երգը: