Կազմակերպութեամբ Ազգային իշխանութեան Ուսումնական խորհուրդին, շաբաթ, 25 մայիս 2024-ի առաւօտեան ժամը 9։30-ին, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Մհեր Ջուլհաճեան աշակերտական շարադրական 21-րդ մրցանքը:
Մրցանքին սկիզբը բարի գալուստի խօսք արտասանեց Ուսումնական խորհուրդի անդամ Նարէ Գալեմքէրեան։ ԱՆ ուրախալի նկատեց այն երեւոյթը, որ 21-րդ տարին ըլլալով հայ աշակերտներ կը հաւաքուին միասնաբար, գրելու, արտայայտուելու արեւմտահայերէնով, փաստելու, որ հաւաքական ջանքով կարելի է պահպանել եւ զարգացնել լեզուն։ Գալեմքէրեան շեշտեց, որ առանց լեզուի մենք կը դառնանք որբ եւ կը կորսնցնենք մեր ինքնութիւնը։ Ապա աւելցուց, որ լեզուն, մշակոյթը, գիրն ու գրականութիւնը սրբութիւններ են, որոնք այսօր աւելի քան երբեք կարիքը ունին պաշտպանութեան։ Ան յորդորեց աշակերտները գրելու, կարդալու, խօսելու եւ ստեղծագործելու հայերէնով, որովհետեւ ան է իրենց մայրենին եւ իրենց պատկանելիութեան խորհրդանիշը։
Շարունակելով իր խօսքը Նարէ Գալեմքէրեան հաստատեց, որ շարադրական այս մրցանքը նաեւ առիթ կը դառնայ վերանորոգելու իրենց ուխտը հայրենիքի հանդէպ` տիպար օրինակ ունենալով Մհերը, որ ուղղուեցաւ Արցախ եւ նուիրեց ամէնէն թանկագինը` իր կեանքը, եւ որուն յիշատակին նուիրուած է շարադրական այս մրցանքը։ Ան նաեւ ամփոփ կէտերու մէջ ներկայացուց Մհեր Ջուլհաճեանի կենսագրական գիծերը։
«Պէտք է գործենք Մհերի յիշատակով, պայքարինք անոր շունչով, սիրենք մայրենին, արժեւորենք բոլոր այն սրբութիւնները, զորս ժառանգած ենք, եւ նաեւ շարունակենք անոր կիսաւարտ պայքարը», եզրափակեց Նարէ Գալեմքէրեան։ Յայտնենք, որ Մհեր Ջուլհաճեան աշակերտական շարադրական այս տարուան մրցանքին իրենց մասնակցութիւնը բերին լիբանանահայ հետեւեալ վարժարաններու նախակրթարանի, միջնակարգի եւ երկրորդականի բաժիններէն 65 աշակերտ-աշակերտուհիներ.- Հայ աւետարանական քոլեճ, Վահան Թէքէեան վարժարան, Համազգայինի Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան ճեմարան, ՀԲԸՄ-ի վարժարաններ, Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարան, Հայ կաթողիկէ Ս. Խաչ-Հարպոյեան բարձրագոյն վարժարան, Ազգային Եղիշէ Մանուկեան վարժարան, Ազգային Յառաջ-Գալուստ Կիւլպէնկեան վարժարան, Ազգային Միացեալ վարժարան, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանք:
Մրցանքի աւարտին բոլոր մասնակիցները ստացան Ուսումնական խորհուրդի հրատարակած «Մհերը՝ ներշնչման աղբիւր» գիրքէն օրինակ մը։
Մրցանքին արդիւնքները յառաջիկային պիտի յայտարարուին մամուլով, եւ մրցանակակիր աշակերտները պիտի ստանան Ջուլհաճեան ընտանիքին կողմէ տրամադրուած նիւթական պարգեւներ: