Առաջնորդարան Հայոց Լիբանանի

Ազգային Միացեալ Վարժարանը Տուաւ Իր Շրջանաւարտներու Հինգերորդ Հունձքը

Ազգային Միացեալ վարժարանի երկրորդական բաժինի ամավերջի հանդէսը տեղի ունեցաւ չորեքշաբթի, 6 յուլիս 2022-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, վարժարանի «Ժիրայր եւ Ցոլինէ Խաչատուրեան» սրահին մէջ, հովանաւորութեամբ Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեանի:

Հանդէսին, որ առցանց սփռուեցաւ Ազգային առաջնորդարանի Դիմատետրի էջին վրայ, ներկայ էին վարժարանի խնամակալութեան ատենապետ երեսփոխան Յակոբ Թերզեան եւ նախկին պետական երեսփոխան Ալեքս Մաթոսեան:

Հանդիսութեան սկիզբը աւարտական դասարանի 24 շրջանաւարտները ծափողջոյններով դիմաւորուելէ ետք  բեմ բարձրացան, ապա քայլերգներու ունկնդրութենէ ետք անոնք հանդէս եկան «Սփիւռքեան զարթօնք» խորագրեալ  բեմական պատկերով մը:

Բեմական պատկերը կը ներկայացնէր սփիւռքի մէջ հասակ առած ու շրջանաւարտ դարձած հայ երիտասարդներու ապագայ ծրագիրներն ու երազները, զորս աշակերտները ներկայացուցին ոչ միայն հայերէնով, այլ նաեւ` տարբեր լեզուներով:

Բեմական պատկերը կ՛ընդգրկէր նաեւ մենապար` «Սփիւռք», զուգապար` «Ուզունտարա», մեներգ` «Հայրենիք», ասմունքներ` «Զարմանալի հայ» (Գէորգ Էմին) եւ «Այր մի Մաշտոց անուն» (Պարոյր Սեւակ):

Հայ աշակերտի վայել կեցուածքով իւրաքանչիւր շրջանաւարտ ապրումով ներկայացուց իրեն բաժին ճշդուած տողերն ու խօսքերը, երգն ու պարը: Բեմական պատկերի աւարտին երկու շրջանաւարտներ ներկայացուցին այդ միջոցին գծած իրենց ներշնչումներն ու գծագրութիւնները. երկու պատկերներու միացումը կը պատկերէր  սփիւռքահայութեան ու ամբողջ հայութեան միասնական բռունցքը:

Բեմական պատկերին յաջորդեցին հայերէն, արաբերէն եւ անգլերէն լեզուներով արտասանուած ուղերձները` շրջանաւարտներ Աւետիս Խշուաճեանի, Միքայէլլա Սապպաղի եւ Ճորճ Պալապանի կողմէ: Ուղերձները իւրայատուկ էին անով, որ շրջանաւարտները փառաբանեցին հայ դպրոցին սրբազան առաքելութիւնն ու անփոխարինելի դերը` հակառակ անոր դէմ ցցուած բոլոր պատնէշներուն ու մարտահրաւէրներուն եւ իրենց կարգին խոստացան. «Պիտի ապրի՛նք ու գործե՛նք այնպէս, որ աշխարհի յարափոփոխ տագնապներուն դիմաց` առողջ միտքով, կայտառ հոգիով եւ ամուր բազուկով պիտի երաշխաւորենք մեր ազգային առողջ ու ցանկալի երթը»:

Ուղերձներուն յաջորդեց Ազգային Միացեալ վարժարանի հնգամեայ գործունէութեան վահանի փոխանցումը: Շրջանաւարտներէն Հուրի Օհանեան եւ Յովիկ Պետրոսեան վարժարանի վահանը յանձնեցին երկրորդական ժԱ. դասարանէն Լոռի Կերկերեանին ու Յովսէփ Ղալունճեանին: Վերջիններս խոստացան իրենց կրթական յաջողութիւններով ու նուաճումներով բարձր պահել իրենց դպրոցին անունը եւ իբրեւ կտակ` զայն փոխանցել յաջորդ սերունդին:

Վահանի փոխանցումէն ետք շրջանաւարտներէն Սիլվի Թաթոյեան ասմունքեց Էլօ Սարաճեանի «Մնաք բարով չեմ ըսեր» քերթուածը:

Ապա խօսք առաւ վարժարանի կրթական տնօրէն Գրիգոր Էքմէքճեանը, որ նախ կատարեց մրցանակաբաշխութիւն` Թ., Ժ., ԺԱ. դասարաններու բարձրագոյն միջինները ապահոված աշակերտներուն, ապա ողջունեց բոլոր ներկաները եւ անդրադարձաւ անցնող կրթական տարեշրջանի հիմնախնդիրներուն եւ զանոնք յաղթահարելու համար վարժարանին ձեռք բերած արդիւնքներուն: Ան դիտել տուաւ, որ դժուարութիւններով եւ աննախընթաց պայմաններով լեցուն անցնող երկու տարեշրջաններէ ետք, վարժարանին ամբողջ ընտանիքը` իր խնամակալութեամբ, տնօրէնութեամբ, ուսուցչակազմով, պաշտօնէութեամբ ու աշակերտութեամբ, 2021-2022 տարեշրջանի վերամուտին մէկ մարդու նման ու ամբողջական նուիրումով գործի լծուեցաւ` բնականոն տարեշրջան մը ապահովելու բոլորին, իսկ տարուած աշխատանքին արդիւնքը արդէն աւարտող հունձքն է:

Ան դիտել տուաւ. «Շնորհիւ Ազգային վարչութեան ճկուն որոշումներուն, կարելի եղաւ մեր ուսուցչակազմին ու պաշտօնէութեան օժանդակել Լիբանանի տնտեսական այս տագնապի օրերուն` միշտ յանձնառու մնալով պահել որակաւոր ուսուցիչն ու նուիրեալ պաշտօնեան ազգային վարժարանին գիրկը: Վարժարանին խնամակալութեան հսկայական ճիգերուն շնորհիւ` կարելի եղաւ զանազան բարերարներու ներդրումը ապահովել եւ գործնապէս նեցուկ կանգնիլ հայ աշակերտին` իր ուսումը շարունակելու այն օճախին մէջ, ուր ան պիտի ստանայ, գիտութեան ու տեղեկութեան կողքին, մարդկային, քրիստոնէական ու ազգային արժէքներ»:

Շնորհակալական եւ երախտագիտութեան խօսք ուղղեց` վարժարանին կողքին կանգնող ՀՕՄ-ի Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան թեմի Շրջանային վարչութեան, ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» կեդրոնին ու անոր տնօրէնութեան, Հայ կրթական հիմնարկին, Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան, ANERA կազմակերպութեան եւ քանատական HOPE կազմակերպութեան: Ապա Գ. Էքմէքճեան անդրադարձաւ կրթական գետնի վրայ տարուած աշխատանքին, որուն ընթացքին ուսուցչակազմը լծուեցաւ սրբագրելու, բարեկարգելու եւ ամրացնելու համար մէկուկէս տարուան առցանց դասաւանդութենէն ետք մնացած ոչ ամբողջապէս իւրացուած գիտելիքներն ու զանազան կարողականութիւնները: Այս առիթով ան գնահատեց ուսուցչական կազմը` իրենց նուիրումին ու առաքելութեան համար, ծնողները` իրենց վստահութեան համար, ապա խօսքը ուղղեց շրջանաւարտներուն. «Իսկապէս դժուար տարի մըն էր 2021-2022 տարեշրջանը, սակայն այս դժուարութիւնը նոր կեանք մը ծնելու մարտահրաւէրն էր, ուսման լոյսը տգիտութեան խաւարին յաղթելու վճռակամութիւնն էր, եւ նոր սերունդի ապագան անորոշութեան ու նահանջի ճիրաններէն փրկելու անհաշտ կռիւն էր: Յաղթական դուրս եկանք այս կռիւէն: Սիրելի՛ աշակերտներ, ահաւասիկ դուք այսօր թռիչք պիտի առնէք ապահով, հարազատ ու ջերմ միջավայրէն` սաւառնելու համար օտար ամպերու մէջ: Ձեր շուքով, կեցուածքով ու մանաւանդ աշխատանքով եղէք դեսպանները այն ազգին, որ ծնաւ ձեզի: Ունեցէք քաջութիւնը ըսելու «Ոչ» ամէն տեսակ չարիքի եւ ամէն երեւոյթի, որ պիտի հեռացնէ ձեզ ձեր դաստիարակութենէն ու ձեր արմատներէն: Ունեցէք անմեղ սիրտը` ըսելու «Այո» լաւին,  բարիին, ճշմարիտին, արդարին եւ մանաւանդ հարազատին: Գացէք, նուաճեցէք բարձր գագաթներ, ձեր եւ ձեր ծնողներուն անունները փայլուն տառերով գրելէ ետք վերադարձէք տուն, դէպի ձեր ազգը, ձեզ ծնող, սնանող ու դիմագիծ տուող ազգը եւ ձեր զանազան մասնագիտութիւններու ընդմէջէն բռնեցէք ձեռքը նոր սերունդին եւ հասցուցէք զայն ձեզմէ աւելի վեր»:

Տնօրէնութեան խօսքէն ետք կատարուեցաւ վկայականաց բաշխում` ձեռամբ Շահէ արք. Փանոսեանի, վարժարանի վարչական տնօրէն Նելլի Վեքիլեանի եւ խնամակալութեան ատենապետ, երեսփոխան Յակոբ Թերզեանի:

Վկայական ստացան ԺԲ. կենսաբանութեան բաժանմունքէն` Այվազեան Ճենիֆըր, Հելվաճեան Ալեքս, Խշուաճեան Աւետիս, Մարտիրոս Աննա Մարիան, Օհանեան Հուրի, Սարգիսեան Լէա, Թաթոյեան Սիլվի, Թերզեան Սէրուժ, իսկ տնտեսագիտական բաժանմունքէն` Աբրահամեան Հերմինիա, Ազզամ Սառա, Պալապան Մարիանա, Պետրոսեան Յովհաննէս, Խաչատրեան Իզապէլ, Գոճայեան Նանոր, Գրաճեան Սինթիա, Օհաննէսեան Ալիսա, Սապպաղ Միքայէլլա, Սահիունի Ռիթա, եւ BT3 վարչագիտութեան բաժանմունքէն` Աշըգեան Սէրլի, Պալապան Ճորճ, Պարախեան Մեղրի, Խաչօ Սթիվըն, Մկրտիչեան Համբարձում, Սարգիս Աբիկ Ճօ:

Հանդիսութեան աւարտին Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեան իր բարձր գնահատանքը  յայտնեց` Ազգային Միացեալ վարժարանի տնօրէնութեան, ուսուցչակազմին, պաշտօնէութեան, ծնողներուն, աշակերտութեան ու  հայ դպրոցի ծանօթ ու անծանօթ բոլոր բարեկամներուն ու բարերարներուն , որոնց աջակցութեան ու ճիգերուն շնորհիւ կարելի եղաւ  կրթական այս տարեշրջանը բնականոն ձեւով հասցնել իր աւարտին: Ապա իր ուրախութիւնն ու հպարտութիւնը յայտնեց` ակնարկելով այն նուիրեալներուն, որոնք կը գտնուին մեր միջավայրին մէջ, մասնաւորաբար` մեզմէ շատ հեռու վայրերու մէջ, որոնք  մեր ազգի արժէքներուն հանդէպ տակաւին սէր, նուիրում ու հաւատք կ՛ընծայեն եւ օգնութեան ձեռք կ՛երկարեն լիբանանահայութեան, որպէսզի հայ դպրոցը կարենայ արդիւնաւոր կերպով շարունակել իր սրբազան առաքելութիւնը:

Աւելի՛ն. Սրբազան Հայրը ահազանգ հնչեցուց` խօսքը ուղղելով ծնողներուն. «Սիրելի՛ ծնողներ, բոլորս ալ տեղեակ ենք, որ անցնող քանի մը տարիներուն դժուար կացութիւններ ստեղծուեցան ոչ միայն անհատական մեր կեանքին մէջ, այլեւ` հայ դպրոցի աշխատանքներուն մէջ: Արդարեւ, չկարծէք, որ մենք յաջողեցանք հայ դպրոցին դիմագրաւած բոլոր խնդիրները լուծելով` ապահովել անոր աշխատանքին ընթացքը յառաջիկայ ժամանակներուն համար: Ընդհակառակն, տարեփակի այս հանգրուանին պարզապէս կ՛ուզենք ծնողներուդ եւ մեզ լսողներուն յիշեցնել, որ հայ դպրոցը անփոխարինելի այն արժէքն է, որ մինչեւ օրս առաւելաբար կը պահուի շնորհիւ հայ կրթութեան հանդէպ հաւատք եւ սէր ունեցող ուխտապահ այն նուիրեալներու ճիգերուն, որոնք հայ կեանքը պաշտպանելու առաջադրանքով հայ դպրոցի համար գերագոյնը կը կատարեն: Հետեւաբար, տարեփակի այս հանգրուանին, նաեւ ահազանգ կը հնչեցնենք եւ զգուշաւորութեան կը հրաւիրենք մասնաւորաբար մեր ծնողները: Այո՛, մեր կեանքէն ներս հարցեր եւ դժուարութիւններ կան, սակայն վա՛յ այն ծնողին, որ իր զաւակներուն կրթութեան գործը առաջնահերթութիւն չի համարեր, եւ վա՛յ այն ծնողին, որ անտարբեր ու կրաւորական կեցուածքով ուրիշներու խղճմտանքին ձգած է ամէն բան, եւ վա՛յ այն ծնողին, որ մեր հաւաքականութեան մէջ ուրիշէն կը սպասէ ու կը յուսայ եւ իրեն վերաբերող պատասխանատուութիւններէն խուսափելով`  բացակայ է իր զաւակներու դաստիարակութեան գործին մէջ եւ կը կարծէ, թէ ինք ընելիք չունի, այլ  աշխատանքը կը պատկանի ուրիշին, եւ ուրիշները պարտաւոր են իրեն համար ընելու ամէն բան»:

«Սիրելի՛ ծնողներ, այո՛, մեր դիմաց գտնուող հորիզոնին գոյները պայծառ չեն, սակայն բոլորս միասին ձեռք ձեռքի տալով` պէտք է ձգտինք հայ կրթութեան գործը ոգեւորութեան մէջ պահել: Պարտաւոր էք այդ մէկը ընել, որպէսզի մեր զաւակներուն ապագան ըլլայ լուսաւոր: Մեր զաւակներու կրթութեան հետ պէտք է վարուիք լրջութեամբ, պատասխանատուութեան խոր գիտակցութեամբ, այլապէս եթէ իբրեւ ծնողք մենք թերանանք, կը նշանակէ, որ թերի պիտի ըլլան մեր զաւակները, թերի պիտի մնան մեր ընտանիքները, ու նաեւ թերի պիտի մնայ մեր հաւաքականութիւնը»:

Սփիւռքեան մեր պայմաններուն մէջ հայ դպրոցով պիտի կատարուի մեր զաւակներուն հայրենասիրութիւնը, հայ դպրոցով պիտի խորանայ ազգային մեր արժէքներուն հանդէպ անոնց գիտակցութիւնը, եւ անով պիտի զարգանան մեր զաւակներուն մտքին ու հոգիին տեսութիւնները, որոնք հարազատ արտայայտիչները պիտի ըլլան մեր ազգային տենչերուն ու իղձերուն»:

Վերջապէս, խօսքը ուղղելով շրջանաւարտներուն` ըսաւ. «Սիրելի՛ շրջանաւարտներ, հայ դպրոցի ապահով միջավայրէն անդին` բարի՛ երթ կը մաղթեմ ձեզի յառաջիկայ ձեր քայլերուն մէջ եւ կը մաղթեմ, որ հայ դպրոցէն ձեր ստացածով դուք ձեզ հարուստ զգաք միշտ եւ վստահութեան հոգիով նաեւ  դիմակալէք աշխարհը, որմէ պէտք չէ խուսափիք, այլ անոր վերելքները նուաճէք գիտութեան լոյսով ու աշխատանքով, եւ այդ է մեր սպասումը, մեր ազգի վաղուան  հեռանկարը ու յոյսը»:

Սրբազան Հօր պատգամէն ետք շրջանաւարտները ընդունեցին ներկաներուն շնորհաւորութիւններն ու բարեմաղթութիւնները: