Առաջնորդարան Հայոց Լիբանանի

Ազգային Միացեալ Վարժարանը Տուաւ Իր Շրջանաւարտներու Երրորդ Հունձքը

«Քորոնա» ժահրի համաճարակին պատճառով Լիբանանի մէջ տիրող ճգնաժամային կացութիւնը արգելք չհանդիսացաւ, որ Ազգային միացեալ վարժարանը հինգշաբթի, 2 յուլիսի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, «Ժիրայր եւ Ցոլինէ Խաչատուրեան» սրահին մէջ անգամ մը եւս գաղութին ներկայացնէ իր շրջանաւարտներու երրորդ հունձքը: Հանդիսութիւնը կը վայելէր  Լիբանանի հայոց թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ Գերշ. Տ. Շահէ Եպս. Փանոսեանի հովանաւորութիւնը: Հանդէսին, որ առցանց սփռուեցաւ Ազգային առաջնորդարանի դիմատետրի էջին վրայ, ներկայ էին Պեքաայի շրջանի հոգեւոր տեսուչ Անանիա ծ. վրդ. Գուճանեան, երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան, վարժարանի խնամակալութեան ատենապետ երեսփոխան Յակոբ Թերզեան եւ  երեսփոխան Ալեքս Մաթոսեան:

Լիբանանի, Հայաստանի եւ Ազգային միացեալ վարժարանի քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք Մելիսա  Չելէպեան, Մեղրիկ Տօնապետեան, Արմիկ Աբրահամեան եւ Վանա Թոսեան անգլերէնով մեկնաբանեցին Ռոտեարտ Քիփլինկի «Իֆ» բանաստեղծութիւնը, որմէ ետք աւարտական դասարանէն խումբ մը աշակերտ ներկայացուցին հայերէնով խմբային արտասանութիւն մը: Այնուհետեւ ողջերթի խօսքը արտասանեց ԺԱ. դասարանի աշակերտ Սարին Նալպանտեան: Ան նախանձելի նկատեց շրջանաւարտներուն հպարտ կեցուածքը եւ ներշնչող` անոնց երազավառ հայեացքները: «Դուք մէկական զինուորներ, հայկական բանակ` զինուած ու պատրաստ կեանքի տարբեր մարտահրաւէրներու դիմաց. ձեզ զինողը սակայն սփիւռքը չեղաւ, ձեզ զինողը օտար վարժարանը չեղաւ, այլ` սփիւռքի մէջ փոքրիկ Հայաստան ստեղծած հայ դպրոցը եղաւ: Մարդը մարդ դարձնող, մարդը հայ դարձնող, գիտութիւնը կեանքի վերածող ու այդ կեանքը հայութեամբ լեցնող ու թրծող դարբնոցը` Ազգային միացեալ վարժարանը», շեշտեց Ս. Նալպանտեան` աւելցնելով, որ իրենք հրաժեշտ կու տան դպրոցական գուրգուրալից ու խաղաղ կեանքին եւ կը դիմաւորեն փոթորկայոյզ ու դաժան գոյամարտ մը` կեանքի նոր փուլ մը, ուր կը հնչէ դժուարութիւններու եւ մարտահրաւէրներու ահազանգ մը, սակայն կը մեկնին հաստատ քայլերով, ինքնավստահ հայեացքով, հայու աննկուն կամքով, հայրենիքի, հաւատքի, Աստուծոյ եւ ազգի ապրումներով մեծցած ու զօրացած, պատրաստ` նոր յաղթանակներ կերտելու մեր ազգային պատմութեան մէջ, նոր ներշնչում դառնալու հայ կեանքին մէջ:

«Դուք ձեր մշտավառ ջահը պիտի յանձնէք մեզի, որպէսզի մեր կարգին վառ պահենք զայն եւ յանձնենք մեզի յաջորդող դասարանին: Մենք պիտի շարունակենք ձեր կերտած ճամբան, որ լեցուն է յաջողութիւններով եւ նուաճումներով` հասնելու համար ձեր հասած դիրքին, օրինակելի մարդ ըլլալու հեռանկարով», եզրափակեց Ս. Նալպանտեան:

Հայերէն, արաբերէն եւ անգլերէն ուղերձներով յաջորդաբար հանդէս եկան BT3 վարչագիտական բաժինէն Նազարէթ Գէորգեան, ԺԲ. դասարանի տնտեսագիտական բաժինէն Գառնի Մաւլեան եւ ԺԲ. դասարանի կենսագիտական բաժինէն Փաթիլ Եագուպեան: Անոնք նկատել տուին, որ տարեսկիզբին խանդավառութեամբ եւ եռանդով բարձրացան աւարտական դասարան, սակայն տակաւին տարին չբոլորած ակնթարթի մը մէջ իրենք զիրենք գտան իբրեւ մէկական կալանաւոր իրենց տուներուն մէջ, ուր ամէն օր կարօտով փնտռեցին իրենց դպրոցը: Դասերը ամբողջացուցին առցանց դասաւանդութեամբ: Մեր նահատակներուն արիւնը, մեր սուրբ հողերը եւ մեր իրաւունքները պահանջեցին դիմատետրի ճամբով ու մայիսեան յաղթանակի փառքը հիւսեցին իրենց պատրաստած տեսերիզներով: Հայ դպրոցին մէջ սորվեցան մտածել հայօրէն, սորվեցան քննարկել ի շահ հայութեան, սորվեցան աշխատիլ ու գործել` միշտ հայավայել կեցուածքով: Անոնք խոստացան, որ ապագային իրենց գործերով ու աշխատանքով պիտի արդարացնեն բոլորին զոհողութիւնը եւ անմար պահեն իրենց վարժարանի ջահը:

Ազգային Միացեալ վարժարանի կրթական տնօրէն Գրիգոր Էքմեքճեան իր խօսքի սկզբնաւորութեան երախտագիտական խօսք ուղղեց սրբազան հօր, բարերարներուն, բարեսիրական միութիւններուն, պատկան մարմիններուն` անցնող տարեշրջանին իրենց ցուցաբերած օժանդակութեան համար: Ան նկատել տուաւ, որ 2019-2020 տարեշրջանի սկիզբը ունեցաւ ուրախ, եռանդով լեցուն, բարձր տրամադրութեամբ ու մանաւանդ դէպի ապագան նայող փայլուն տեսլականով ու վճռակամութեամբ  գօտեպնդուած վերամուտ մը, սակայն տարեշրջանը եղաւ տարբեր, որովհետեւ ստեղծուեցաւ կացութիւն մը, որուն նմանը չէինք տեսած տասնամեակներէ ի վեր: Էքմեքճեան յայտնեց, որ վարժարանի տնօրէնութիւնը, ուսուցչակազմը եւ պաշտօնէութիւնը ճիգ չխնայեցին օգտագործելու որեւէ միջոց` հասնելու համար իրենց աշակերտներուն եւ անոնց ծնողներուն` միշտ յարգելով անոնց պարագաներն ու պայմանները:

Ան շեշտեց, որ երկրին մէջ տիրող քաղաքական անկայունութիւնը, ընկերային-տնտեսական ցաւալի իրավիճակը եկան յիշեցնելու, որ հայը երբեք չի հաշտուիր իր դէմ ծառացած դժուարութեան հետ, որ հայու յաղթական տեսակը դիւրին օրերու համար չէ եղած, այլ ընդհակառակն` շնորհիւ իր կամքի ուժին ու անսակարկ նուիրումին, դէպի յաջողութիւն ու ապահով ելք կը տանի իր հաւաքականութիւնը ի գին ամէն զոհաբերութիւններու: Էքմեքճեան ըսաւ, որ վարժարանի ուսուցչակազմը յաջողեցաւ մանկապարտէզէն մինչեւ աւարտական կարգերու բոլոր աշակերտները առաւելագոյն չափով պահել կրթական առողջ մթնոլորտի մէջ: Խօսքը ուղղելով շրջանաւարտներուն` Էքմեքճեան ըսաւ. «Դուք ժառանգորդներն էք այն ժողովուրդին, որ գիտէ դիմադրել, պայքարիլ, զոհուիլ, ապա դժուարութիւններու եւ պայմաններու մութ ճահիճներէն դուրս գալ յաղթական եւ հպարտութեամբ նայիլ ապագային: Գացէ՛ք դէպի կեանք, հայավայել կամքով ընդունեցէ՛ք ամէն տեսակի մարտահրաւէր, ձեր օրինակով դարձէք դեսպանները հայ ազգին, ապա վերադարձէ՛ք ձեր հարազատ տունը, որ ձեզ գրկեց փոքր տարիքէն,  ձեր մէջ ցանեց հայու կամքը եւ տուաւ յաղթանակի շունչը, ու տուէ՛ք անոր ձեզմով հպարտանալու ամէն առիթ, նեցուկ կանգնեցէ՛ք անոր բարգաւաճման, որպէսզի շարունակէ իր սուրբ առաքելութիւնը»:

Վկայականաց բաշխումը կատարուեցաւ` ձեռամբ Լիբանանի հայոց թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ Գերշ. Տ. Շահէ Եպս. Փանոսեանի, խնամակալութեան ատենապետ երեսփոխան Յակոբ Թերզեանի, վարժարանի կրթական տնօրէն Գրիգոր Էքմեքճեանի եւ վարչական տնօրէն Նելլի Վէքիլեանի: Վկայական ստացան ԺԲ. դասարանի կենսագիտական բաժինէն Աճեմեան Փիեռ, Գալայճեան Սերլի, Եագուպեան Փաթիլ, Պալճեան Յակոբ, Վարդանեան Անդօ, Փարթամեան Փաթիլ, Քէշիշեան Րաֆֆի: ԺԲ. դասարանի տնտեսագիտական բաժինէն` Աբրահամեան Արմիկ, Այնէճեան Վազգէն, Թոսեան Վանա, Թոփալաքեան Սերլի, Մաւլեան Գառնի, Օհաննէսեան Քեւըն: BT3 վարչագիտական բաժինէն` Գէորգեան Նազօ, Չելէպեան Մելիսա, Սիմոնեան Նարեկ, Տեմիրճեան Մեղրի, Տօնապետեան Մեղրիկ, Օհանեան Նանոր:

Հանդիսութեան եզրափակիչ պատգամը ուղղեց Գերշ. Տ. Շահէ Եպս. Փանոսեան: Ան նկատել տուաւ, որ այժմու քաղաքական, տնտեսական, ընկերային եւ հոգեկան տագնապներուն մէջ հաւաքուած ենք Ազգային միացեալ վարժարանին մէջ, որպէսզի հանդիսաւորութեամբ փակենք արտասովոր կրթական տարեշրջան մը, որուն ընթացքին հայ աշակերտը առաւելաբար հեռու եւ դուրս մնաց իր դպրոցէն, սակայն մեր կրթական պատասխանատուներուն, ուսուցիչներուն եւ դաստիարակներուն, ծնողներուն եւ աշակերտներուն համատեղ եւ ներդաշնակ ջանքերով հայ աշակերտը չկտրուեցաւ իր դպրոցէն ու չանջատուեցաւ ուսումէ:

Սրբազանը փառք տուաւ Աստուծոյ, որ համաճարակի պայմաններուն մէջ միջոցներ ստեղծուեցան, որպէսզի գէթ առցանց պայմաններով կրթական գործը շարունակուի: «Տուեալ պայմաններուն մէջ ասիկա ինքնին յաղթանակ է, որուն հերոսներն են մեր կրթական մշակները, վարժարանի պատասխանատուները, մեր ծնողներն ու աշակերտները, որոնք կացութիւնը ճիշդ գնահատելով յաջողեցան մեր մատղաշ սերունդի կրթութեան համար ընել այն, ինչ որ կարելի էր ու անհրաժեշտ»: Սրբազանը բարձրօրէն գնահատեց հայ դպրոցի բոլոր պատասխանատուները, որոնք չդադրեցան գիտութիւն ջամբելէ, կենսատու ազգային ոգի զետեղելէ եւ ազգային սնունդ մատակարարելէ հայ մատղաշ սերունդի հոգիին մէջ, որպէսզի վաղուան հայ մարդուն ալ կեանքը ապահովուի համաձայն այն արժէքներուն, որոնցմով կերտուած կը փափաքինք տեսնել մեր զաւակներուն կեանքը:

«Սփիւռքեան մեր կեանքի պայմաններուն մէջ մեր տոհմային կեանքը աւերակող տեսակաւոր մրրիկներուն եւ փոթորիկներուն դիմաց իբրեւ ամրութեան վահան մենք ունինք հայ դպրոցը, որ անկասկած դարերու դիմաց մեր ժողովուրդի տոկունութեան գեղեցկագոյն վկայութիւնն է: Հայ դպրոցը անկասկած մեր ազգային ժառանգութիւններէն մեծագոյնն է: Ի՜նչ հաւատք, տեսիլք եւ սպասումներ կան հայ դպրոցին մէջ` բոլորն ալ կապուած մեր անցեալին, ներկային ու ապագային: Առանց հայ դպրոցի վաստակին վստահաբար բոլորս ալ կը պարպուինք մեր ազգի հոգիէն ու կը մեռնինք, իսկ հայ դպրոցով կանք եւ կը մնանք», հաստատեց Սրբազան Հայրը եւ խօսքը ուղղելով շրջանաւարտներուն շնորհաւորեց զիրենք հայ դպրոցին միջոցով իրենց արձանագրած բոլոր յաջողութիւններուն ու նուաճումներուն համար` խոստովանելով, որ ամավերջի սոյն հանդիսութիւնը մեր առօրեայ դժուարութիւններէն եւ կեանքի տագնապալի վիճակներէն մեզ անջատելու ու դուրս բերելու լաւագոյն առիթներէն մէկը հանդիսացաւ:

«Պէտք է լիբանանեան կեանքի տագնապներուն յաջորդէ նոր զարթօնք մը, նոր վերելք մը, որ պէտք է ըլլայ գիտակից եւ սկսի հայ դպրոցէն հիմնուած մեր ազգային ըմբռնումներուն ու արժէքներուն վրայ», ըսաւ սրբազանը եւ խօսքը ուղղելով ծնողներուն ըսաւ, որ հայ աշակերտին դիմաց հայ դպրոցին դռները կը մնան միշտ բաց եւ յորդորեց զիրենք հայ դպրոց ղրկելու իրենց զաւակները` հայութեան հանդէպ իրենց հաւատարմութիւնը արտայայտելու իրենց ազգային պարտականութիւնները կատարելով գիտակցօրէն, յօժարակամութեամբ եւ գործով ցոյց տալով, որ հաւատարիմ զաւակներն են մեր ժողովուրդին: «Այդ կեցուածքին մէջ խտացած է մեր զօրութիւնը, մեր արդիւնաւորութիւնը, մեր ինքնութեան ամրութիւնը, մեր ազգային մեծութիւնը, մեր իղձերուն եւ մեր երազներուն հասնելու գաղտնիքը», եզրափակեց Սրբազանը: