Առաջնորդարան Հայոց Լիբանանի

Ազգային Միացեալ Վարժարանի Ամանորի Եւ Ս. Ծննդեան Ուրախ Առօրեայէն

Անցնող շաբթուան ընթացքին Ազգային Միացեալ վարժարանը ընկերային, կրթական մարզերուն մէջ ունեցաւ բեղուն գործունէութիւն:

Չորեքշաբթի, 20 դեկտեմբեր 2017-ին վարժարանի ծնողական յանձնախումբը կազմակերպեց Նոր տարուան հանդէս-հիւրասիրութիւն մը, որուն ներկայ գտնուեցան վարժարանի մանկապարտէզի եւ նախակրթարանի ծնողները: Նոր տարուան առիթով կազմակերպուած ձեռնարկը յատուկ էր իր տեսակով, որովհետեւ մանկապարտէզի եւ նախակրթարանի աշակերտները ներկայացուցին տօնական գեղարուեստական յայտագիր մը: Ձեռնարկին բացման խօսքը կատարեց նախակրթարանի բաժինի պատասխանատու` Շաղիկ Յարութիւնեանը, որ բարի գալուստ եւ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր ծնողներուն` անոնց ներկայութեան եւ քաջալերանքին համար:

Ապա հերթաբար բեմ բարձրացան մանկապարտէզի փոքրիկներն ու նախակրթարանի առաջինէն վեցերորդ դասարաններու աշակերտները, որոնք արտասանութիւններով, Կաղանդի երգերով, Քրիստոսի ծնունդը խորհրդանշող ներկայացումներով ու պարերով ճոխացուցին յայտագիրը: Աշակերտներու կատարումները հմայեցին իրենց մայրերն ու հարազատները: Անոնք բարձր տրամադրութեամբ, ծափահարութիւններով գնահատեցին ձեռնարկը եւ  քաջալերեցին իրենց զաւակները:

Ձեռնարկի աւարտին խօսք առաւ տնօրէն խորհուրդէն վարչական համակարգող` Նելլի Վէքիլեանը, որ դրուատեց տարուած աշխատանքը եւ ծնողներուն քաջալերանքն ու զօրակցութիւնը` վարժարանի ձեռնարկներուն: Ան նաեւ շնորհաւորեց բոլորին Նոր տարին եւ Սուրբ Ծնունդը:

Հինգշաբթի, 21 դեկտեմբեր 2017-ի առաւօտեան, Տէրունական աղօթքէն ետք, տնօրէն խորհուրդի նախաձեռնութեամբ, վարժարանի շրջափակին մէջ տեղի ունեցաւ դասարաններու բարձրագոյն նիշը ապահոված աշակերտներու գնահատագիրներու տուչութիւն: Տնօրէն խորհուրդէն կրթական համակարգող Գրիգոր Էքմէքճեանը ողջունեց ներկայ ծնողները եւ աշակերտները: Նշեց, որ տնօրէն խորհուրդը կը գնահատէ 2017-2018 կրթական տարեշրջանի Ա. երկամիսին բարձրագոյն նիշեր ապահոված աշակերտները` յուսալով, որ այս պարգեւատրումը մղիչ ուժ կը հանդիսանայ բոլոր աշակերտներուն, որպէսզի անոնք եւս, իրենց դասընկերներուն նման, աշխատին հետեւողական կերպով եւ ձեռք բերեն նման յաջողութիւններ:

Ապա խօսք առաւ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ եւ տնօրէն խորհուրդի նախագահ Շահէ եպս. Փանոսեանը: Սրբազան հայրը ըսաւ. «Կեանքի մէջ յատկանշական է, որ աշխատողներ միշտ կը նուաճեն գագաթները: Այսօրուան հաւաքը պաշտօնական եւ գովելի երեւոյթ մըն է յատկապէս բարձր արդիւնքներ ապահոված աշակերտներուն համար, ինչպէս նաեւ` խթան մը միւսներուն, որպէսզի անոնք ալ իրենց դասընկերներուն եռանդով աշխատին եւ անոնց նման յաջողութիւններ  ապահովեն, յուսալով, որ պարգեւատրուողները լաւ օրինակ դառնան բոլորին»:

Ապա կատարուեցաւ գնահատագիրներու եւ մրցանակներու բաշխում:

Լաւագոյն արդիւնքներ ձեռք բերած աշակերտներն էին`

Նախակրթարանի բաժինէն

Առաջին դասարան` Հրակ Պալեան
Երկրորդ դասարան` Լիւսի Ներսէսեան
Երրորդ դասարան` Գէորգ Ներսէսեան
Չորրորդ դասարան` Սոնա Գազանճեան
Հինգերորդ դասարան` Կապրիէլլա Սապպաղ
Վեցերորդ դասարան` Ատիս Այվազեան

Միջնակարգի բաժինէն

Եօթներորդ դասարան` Լոռի Կեկերեան
Ութերորդ դասարան` Սիլվի Թաթոյեան
Իններորդ դասարան` Քրիստինա Քէօշքերեան

Երկրորդականի բաժինէն

Ժ. դասարան` Փաթիլ Եագուպեան
Գիտական բաժանմունք- ԺԱ. դասարան` Նանոր Ագճեան
ԺԲ. դասարան` Քրիստել Արթինեան
Գրական բաժանմունք- ԺԱ. դասարան` Քրիստին Մարկոսեան
ԺԲ. դասարան` Գէորգ Եագուպեան

BT1 դասարան` Նանոր Օհանեան
BT2 դասարան` Սանտրա Զամպաքճեան
BT3 դասարան` Սինթիա Մալաքեան

Գնահատագիրներու եւ մրցանակներու բաշխումէն ետք աշակերտները գնահատուեցան ծափողջոյններով, որմէ ետք բարձրացան իրենց դասարանները:

Ուրբաթ, 22 դեկտեմբեր 2017-ին, առաւօտեան սովորական ժամուն, աշակերտները դպրոց ներկայացան ստանալու համար Ս. հաղորդութիւն: Հաղորդութենէն ետք իւրաքանչիւր բաժանմունք համախմբուեցաւ տօնելու համար Կաղանդը: Մանկապարտէզի, նախակրթարանի եւ միջնակարգի աշակերտները,  իրենց ուսուցիչներուն ընկերակցութեամբ, հաճելի պահեր անցուցին միասին: Տօնական մթնոլորտի մէջ երգեցին ու պարեցին, ինչպէս նաեւ բարի մաղթանքներ կատարեցին իրարու:

Խրախճանքի ընթացքին Կաղանդ պապուկը այցելեց մանկապարտէզի եւ նախակրթարանի աշակերտներուն ու նուէրներ բաժնեց անոնց:

Նոյն օրը, երեկոյեան, իններորդէն մինչեւ աւարտական դասարանները ունեցան իրենց յատուկ Կաղանդի տօնակատարութիւնը` ճոխ մթնոլորտի մէջ միասնաբար եւ խանդավառութեամբ նշեցին ամանորեայ հաւաքոյթը եւ իրարմէ բաժնուեցան 2018-ին ուրախութեամբ եւ նոր յաջողութիւններ նուաճելու մաղթանքներով: