Բարեկենդան, բարեկենդան,
Բարով հասնինք Սուրբ Յարութեան:
Բարեկենդանի տօնի նախօրեակին Ազգային միացեալ վարժարանի նախակրթարանի աշակերտները ուրբաթ, 1 մարտ 2019-ին դպրոց ներկայացան ծպտուած` հայկական եւ ձեռային աշխատանքներով պատրաստուած տարազներով: Աշակերտներուն կը սպասէր տարբեր օր մը: Անոնք յատուկ այցելութիւններով պիտի նշէին Բարեկենդանի տօնը, պիտի շրջէին Պուրճ Համուտի Արաքս փողոցը, Մարաշ թաղը եւ Ամանոսի շրջանը:
Առաւօտեան զբօսանքէն ետք աշակերտները բաժնուեցան չորս խումբերու, անոնց ընկերացան վարժարանի Տնօրէն խորհուրդի անդամները եւ ուսուցիչները: Առաջին խումբը այցելեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Վեհափառ հայրապետին: Վեհարանին մէջ անոնք ստացան հայրապետին օրհնութիւնը, ներկայացուցին Բարեկենդանի եւ Վարդանանցի յատուկ արտասանութիւններ:
Երկրորդ խումբը ուղղուեցաւ Ազգային առաջնորդարան: Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Նարեկ Արքեպիսկոպոս ընդունեց աշակերտները, լսեց անոնց սորված ոտանաւորները, երգերը ու, որպէս նուէր, անոնց նուիրեց խաչեր:
Երրորդ խումբը այցելեց «Շաղզոյեան» կեդրոնին մէջ գտնուող հայկական երեսփոխանական գրասենեակ: Երեսփոխանական պլոքի գրասենեակին մէջ աշակերտները դիմաւորեց պետական երեսփոխան եւ ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի: Աշակերտական խումբը երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիին բացատրեց այցելութեան նպատակն ու բնոյթը: Բագրատունի քաջալերեց աշակերտները եւ յաջողութիւն մաղթեց անոնց:
Վերջին խումբը ուղղուեցաւ Պուրճ Համուտի քաղաքապետարան, ուր ներկայ էր եւ աշակերտները ընդունեց Պուրճ Համուտի փոխքաղաքապետ` Մարտիկ Արսլանեանը:
Այցելութիւններուն աւարտին աշակերտները հիւրասիրեցին իրենց հետ տարած հայկական չէօրէկը: Ապա ճամբուն ընթացքին մտան վաճառատուները, հիւրասիրեցին հոն գտնուողներն ու անցորդները համեղ քաղցրեղէնով: Անոնք ժողովուրդին ցրուեցին նաեւ Բարեկենդանի խորհուրդը բովանդակող թերթիկներ:
Աւանդութիւնները պահելու եւ սերունդէ սերունդ փոխանցելու պարտականութիւնը աւարտած, խումբերը դպրոց վերադարձան գոհունակ: Դպրոցէն ներս վերջին դասապահերուն խմբուեցան եւ միասնաբար շարունակեցին Բարեկենդանի տօնը:
Բարի Բարեկենդան բոլորին: