Ուրբաթ, 17 նոյեմբեր 2017-ին Ազգային միացեալ վարժարանի երկրորդականի եւ արհեստիցի աշակերտները, ընկերակցութեամբ վարժարանի կրթական պատասխանատու Գրիգոր Էքմէքճեանին եւ ուսուցիչներուն, մեկնեցան Լիբանանի նախագահական պալատ, ուր ծանօթացան պալատի բաժանմունքներուն, ժողովասրահներուն եւ մամլոյ ասուլիսի սրահին:
Աշակերտները պալատ այցելելով` մօտէն իրազեկ դարձան նախագահական պալատի եւ նախագահներու աշխատանքներուն: Աւարտին, աշակերտները հանդիպում մը ունեցան Լիբանանի Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշէլ Աունի հետ:
Այս առիթով, կոկիկ գեղարուեստական յայտագիրէն ետք, վարժարանի արաբերէնի բաժանմունքի պատասխանատու Սօսի Սարգիսեան խօսք առնելով` շնորհաւորեց Լիբանանի անկախութեան տարեդարձը եւ մաղթեց, որ Լիբանանի ժողովուրդը հաւաքական ճիգերով պահպանէ անկախութիւնը եւ միասնաբար նպաստէ երկրի զարգացման ու բարգաւաճման աշխատանքներուն:
Սարգիսեան նշեց, որ լիբանանահայերը, ինչպէս երէկ, այսօր եւս իրենց բոլոր կարելիութիւններով, իբրեւ երկրի անբաժան մէկ մասնիկը, կը շարունակեն ծառայել Լիբանանին ու լիուլի կը կատարեն իրենց վստահուած քաղաքացիական պարտականութիւններն ու պարտաւորութիւնները: Աւարտին, Սօսի Սարգիսեան շնորհակալութիւն յայտնեց նախագահ Աունին, որ ընդունած էր վարժարանի աշակերտները, որպէսզի անոնք մօտէն ծանօթանան ե՛ւ պալատին, ե՛ւ նախագահին:
Խմբային լուսանկարէն ետք աշակերտները վարժարան վերադաձան բարձր եւ ուրախ տրամադրութեամբ: