Երեքշաբթի, 23 ապրիլ 2019-ն իւրայատուկ օր էր Ազգային միացեալ վարժարանի աշակերտութեան համար: Արդարեւ, առաւօտուն աշակերտները դպրոց հասան եւ զանազան ձեռնարկներու ընդմէջէն ապրեցան ոգեղէն ներկայութիւնը Հայոց ցեղասպանութեան բիւրաւոր անմեղ նահատակներու անմեռ կտակին:
Իւրաքանչիւր դասարանի աշակերտները նախ բարձրացան իրենց դասարանները: Անոնց ուսուցիչ-ուսուցչուհիները համառօտ պատմականը ներկայացուցին Հայոց ցեղասպանութեան հոլովոյթին, հայ ժողովուրդի ապրած ցասումին եւ վերազարթօնքին` ի խնդիր հայութեան պայծառ ապագային:
Նախակրթարանի վեցերորդ կարգէն երկրորդականի 12-րդ կարգերու աշակերտները մեկնեցան Անթիլիասի մայրավանք եւ մասնակցեցան Նահատակաց մատրան առջեւ կազմակերպուած Հայոց ցեղասպանութեան 104-ամեակի աշակերտական ոգեկոչման հանդիսութեան, որ կազմակերպուած էր նոյնինքն Ազգային առաջնորդարանի Ուսումնական խորհուրդին կողմէ: Այս առիթով վարժարանին անունով ծաղկեպսակ զետեղուեցաւ մատրան առջեւ:
Իսկ ազգային – հայրենասիրական երաժշտութեան հայաբոյր մթնոլորտին մէջ, մանկապարտէզի եւ նախակրթարանի առաջինէն հինգերորդ կարգերու աշակերտները վարժարանին բակին մէջ զետեղուած Ծիծեռնակաբերդի մանրակերտին դիմաց ծաղիկներ զետեղեցին` յարգելու համար մեր սրբադասուած նահատակներու յիշատակը: Աշակերտները կազմեցին 104 թիւը, բուրգեր կազմեցին ու բարձրացուցին Եռագոյնը, մինչ ուրիշներ իրենց յարգանքը արտայայտեցին օրուան պատշաճ երգեր երգելով:
Այնուհետեւ նախակրթարանի աշակերտութեան մասնակցութեամբ վարժարանի «Ժ. եւ Ց. Խաչատուրեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ոգեկոչման յատուկ ձեռնարկ Հայոց ցեղասպանութեան 104-ամեակին առիթով: Նախ եւ առաջ տարբեր դասարաններու աշակերտներ տարբեր բանաստեղծութիւններ ասմունքեցին` Հայաստանի եւ հայութեան մասին: Վարժարանի երգչախումբը գեղեցիկ մեկնաբանութեամբ ներկայացուց «Ատանայի ողբը», «Երազ իմ երկիր» եւ «Ապրիլ խաղաղ» երգերը: Ապա ցուցադրուեցան վաւերագրական երկու կարճ տեսերիզներ, որոնց մէջ պատգամը յստակ էր` չմոռնալ անցեալը եւ հաւատարիմ մնալ մեր նահատակներու սուրբ կտակին:
Օրուան հուսկ բանքը կատարեց վարժարանի հայոց լեզուի եւ հայոց պատմութեան դասատու Կարօ Աղազարեան: Ան նախ հպանցիկ ակնարկ մը նետեց 24 ապրիլ 1915-ը նախորդող զանգուածային ջարդերուն, ինչպէս` համիտեան ջարդերը, Ատանայի ողբալի կոտորածը եւ վերջապէս հայ ժողովուրդին տեղահանութիւնը, սպանդն ու հայ մտաւորականներուն ձերբակալութիւնն ու նահատակութիւնը: Կարօ Աղազարեան յատկապէս շեշտեց օսմանեան ծրագիրը` արեւմտահայերու ազատագրական շարժումը ճնշելու եւ հայկական հարցին վերջ տալու: Ան անդրադարձաւ նաեւ Ցեղասպանութեան յիսնամեակին առիթով տեղի ունեցած ցոյցերուն, որմէ ետք Հայաստանի եւ սփիւռքի մէջ բարձրացած յուշահամալիր- յուշարձաններուն, որոնք մնայուն յուշարարներ են գործուած ահաւոր սպանդին, միաժամանակ կը խորհրդանշեն հայ ժողովուրդին վերածնունդը: Իր խօսքի աւարտին ան կոչ ուղղեց աշակերտներուն հաւատարիմ մնալու մեր նահատակներու կտակին, բարձր պահելու հայութեան անունը, անաղարտ պահելու հայոց լեզուն եւ լաւ սորվելու հայոց պատմութիւնը: Ապա Կարօ Աղազարեան ապրումով ասմունքեց Սիամանթոյի «Պարը»:
Աւարտին վարժարանի նախակրթարանի պատասխանատու Շաղիկ Յովսէփեան-Յարութիւնեան գնահատեց աշակերտներուն մասնակցութիւնը ոգեկոչման ձեռնարկին: Ան յայտնեց, որ հայ աշակերտին համար ամէն օր ապրիլ 24 է, երբ մեր լեզուն, պատմութիւնը եւ կրօնը պահենք, արդէն թուրքը պարտուած կ՛ըլլայ: Ան անդրադարձաւ ցուցադրուած տեսերիզներուն եւ ըսաւ, որ երբ թրքական արտադրութիւնները կը քաջալերենք կամ Թուրքիա կը ճամբորդենք, օգնած կ՛ըլլանք իրենց, որ փամփուշտ գնեն եւ մեր դէմ գործածեն: Շաղիկ Յովսէփեան-Յարութիւնեան նշեց, որ մեր երթը պիտի շարունակենք այս դպրոցէն եւ նահատակներու կտակը պիտի փոխանցենք յաջորդ սերունդներուն: Ան կոչ ուղղեց բոլորին մասնակցելու քայլարշաւին` վերանորոգելու համար մեր ուխտը: Ան մատնանշեց, որ աշակերտները հայօրէն ապրին եւ չմոռնան մեր հայրենիքը, որ միշտ գրկաբաց մեզ կը սպասէ: