Ուրբաթ, 14 հոկտեմբեր 2016-ին, երեկոյեան ժամը 5:30-ին, Ազգային միացեալ վարժարանին մէջ շարունակուեցան նոր կառոյցի ծանօթացման հանդիպումները, ներկայութեամբ` բարեկամներու եւ բարերարներու:
Վարժարանի կառուցման աշխատանքներուն մասին տեսերիզի ցուցադրութենէն ետք, խօսք առաւ Լիբանանի հայոց թեմի Ազգային վարչութեան ատենապետ Յակոբ Հաւաթեան, որ նշեց, թէ նորահաս սերունդներու կազմաւորման մարտահրաւէրը այսօր էականն ու գլխաւորն է, եւ այս առնչութեամբ Ազգային միացեալ վարժարանը բոլորին կու տայ եւ պիտի տայ նոր յոյս` յաւելեալ թափով լծուելու սերունդներու առողջ դաստիարակութեան եւ հայապահպանման նուիրական աշխատանքին:
Իր կարգին, Հանգանակիչ մարմինի ատենապետ Վրէժ Սապունճեան ըսաւ, որ տեսիլքը արդէն դարձած է իրականութիւն, եւ այս արդիական վարժարանը բարձրորակ կրթական մակարդակով պիտի ապահովէ ուսում հայ աշակերտութեան:
Աւարտին, խօսք առաւ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան, որ հաստատեց, որ այս կառոյցը պայծառ հորիզոն կու տայ ժողովուրդի զաւակներուն` ըլլալու լաւատես: Առաջնորդ սրբազանը ըսաւ. «Մեր երազանքն ու ակնկալութիւնն է, որ Ազգային միացեալ վարժարանին մէջ արդիական հասկացողութեամբ կրթական աշխատանք տարուի` ոգեւորելով հաւաքականութիւնը եւ յաղթահարելով տեսակաւոր մտահոգութիւններ… Կարիքն ունինք մեր ժողովուրդի ամբողջական մասնակցութեան, որ միայն նիւթականով չ՛արտայայտուիր, այլեւ` բարի խօսքերով, գործերով ու բարի վկայութիւններով: Ըլլանք լաւատես եւ ցուցաբերենք ասպետական այն ոգին, որ անցեալին կը գտնուէր մեր ժողովուրդի իշխաններուն եւ նախորդ սերունդի ներկայացուցիչներուն մօտ, որոնք իրենց լումաներով կառուցեցին դպրոց, եկեղեցի ու ակումբ եւ զանոնք պատիւով պահեցին»: Շահէ եպս. Փանոսեան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք մասնակից կը դառնան Ազգային միացեալ վարժարանի կառուցման աշխատանքներուն:
Ապա ներկաները շրջագայելով վարժարանին մէջ, մօտէն ծանօթացան կառոյցի բաժանմունքներուն եւ իրենց հիացմունքն ու գնահատանքը յայտնեցին արձանագրուած իրագործումներուն:
Յայտնենք, որ Ազգային միացեալ վարժարանի բարերարներու եւ բարեկամներու երրորդ հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ ուրբաթ, 21 հոկտեմբեր 2016-ին, երեկոյեան ժամը 5:30-ին: