Հայ ժողովուրդի գոյատեւման համար առանցքային դեր վերապահուած է հայ դպրոցին, որ սփիւռքի տարածքին ո՛չ միայն ուսում կը ջամբէ, ապագայի հայ մարդը կը կերտէ, այլ նաեւ կը զինէ նոր սերունդը հայոց պատմութեան կարեւոր իրադարձութիւններով եւ գործիչներով, որոնցմով սերունդներ կազմաւորուեցան ու թրծուեցան: Այս առաքելութեան լծուած Ազգային Միացեալ վարժարանը չորեքշաբթի, 3 յուլիս 2019-ի երեկոյեան հանրութեան ներկայացուց երկրորդ տարուան իր երախայրիքը` հոյլ մը խոստմնալից շրջանաւարտներու հունձքը:
Ազգային Միացեալ վարժարանի «Ժիրայր եւ Ցոլինէ Խաչատուրեան» սրահին մէջ տեղի ունեցած հանդիսութեան ներկայ եղան` Լիբանանի թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Նարեկ Արքեպիսկոպոս, որ հովանաւորն էր նաեւ, ազգային բարերարներ, Ազգային իշխանութեան եւ Ուսումնական խորհուրդի անդամներ, ծնողներ եւ հոծ բազմութիւն մը: Լիբանանի, Հայաստանի եւ Ազգային Միացեալ վարժարանի քայլերգներով մեկնարկը կատարուեցաւ շրջանաւարտից ամավերջի հանդէսին, որուն յաջորդեց «Յաղթական սերունդ» խորագրեալ բեմական պատկերի ներկայացումը` կենդանի պատկերի, ասմունքի, նուագի, մեներգի, զուգերգի, մենապարի եւ հաւաքական շուրջպարի կատարողութեամբ, որ պահ մը ներկաները փոխադրեց մեր դարաւոր պատմութեան անկիւնադարձային թուականները, ինչպէս` Վահագնի ծնունդը, քրիստոնէութիւնը, գիրերու գիւտը, Վարդանանք, ազատագրական պայքար, Եղեռն, Կոմիտաս վարդապետի խելագարումը, հայ ժողովուրդի յարութիւնը, դէպի երկիր երազ, մայիս 28, «Նեմեսիս», Արցախ եւ, վերջապէս, յաղթական սերունդը, որ ժառանգեց հայոց պատմութեան տիտաններուն` հաւատքը, լոյսը, կամքը, տեսիլքը, երազը: Այնուհետեւ Ազգային Միացեալ վարժարանի տնօրէն խորհուրդի խօսքը արտասանեց Գրիգոր Էքմեքճեանը, որ երախտագիտական խօսք ուղղեց` առաջնորդ սրբազան հօր, վարժարանի տնօրէն խորհուրդին, ուսուցչաց կազմին, բարերարներուն, կրթական ֆոնտերուն եւ բարեսիրական միութիւններուն, որոնց համատեղ գործակցութեամբ եւ աշխատանքով կրթական տարեշրջանը բնական ընթացքով հասաւ իր աւարտին: Ան մատնանշեց, որ 2018 – 2019 տարեշրջանին Ազգային Միացեալ վարժարանին մէջ տիրեց աշխատանքային այնպիսի մթնոլորտ, որ նպաստեց վարժարանին կրթական, վարչական, քարոզչական եւ ընկերային ոլորտներուն, խօսեցաւ կազմակերպուած արտադասարանային ձեռնարկներուն, մրցում-խաղերուն մասին, ըսաւ, որ ընկերային ծառայութեան գրասենեակը մանկավարժական այլազան նիւթերով աշխատանոցներ եւ դասախօսութիւններ կազմակերպեց: Գրիգոր Էքմեքճեանը նշեց նաեւ, որ վարժարանին մէջ սկսաւ գործել արհեստից BP1 դասարանը` հաշուապահական բաժանմունքով: Մանկապարտէզի բաժինը փոքր սերունդի աշակերտներուն համար դարձուց հաճելի եւ ուրախ վայր մը` անոնց ջամբելով ուսման տարրական գիտելիքներ` երգով, պարով, դաստիարակչական խաղերով: Երկրորդական բաժինի ուսուցչաց կազմը 21-րդ դարու արհեստագիտական վերջին զարգացումներուն սմարթ պորտերու օգտագործման յատուկ դասընթացքները ամբողջացուց եւ լաւապէս պատրաստուեցաւ զանոնք գործածելու դասապահի ընթացքին` առօրեայ դրութեամբ: Ան լուսարձակի տակ առաւ նաեւ ազգային վարժարանին առաքելութիւնն ու տեսլականը եւ հաստատեց, որ մեր ազգին պատմութիւնը, լեզուն, գրականութիւնն ու մշակոյթը փոխանցելն ու անոնց դարաւոր արժէքները մեր զաւակներու հոգիներուն մէջ դրոշմելը կը մնան հրամայական: Ան նշեց, որ վարժարանը անցնող տարեշրջանին պետական քննութիւններուն արձանագրեց լաւ արդիւնքներ եւ արժանացաւ «շատ լաւ» եւ «լաւ» յիշատակութիւններու: Ապա խօսեցաւ վարժարանի նախակրթարանի երգչախումբին մասին, որ կրեց «Կոմիտաս» անունը` անմահացնելով մեծ վարդապետին յիշատակը: Իր խօսքին վերջին բաժինով ան շնորհակալութիւն յայտնեց ծնողներուն, որոնք քաջ գիտակցեցան, որով հայ վարժարանը սոսկ կրթական հաստատութիւն մը չէ, այլ այն ճամբան է, որով հայ աշակերտը կը կազմաւորուի, ինքնութիւն ու նկարագիր կը կերտէ` դառնալով տիպար քաղաքացի ու քրիստոնեայ հայ մարդ:
Հուսկ, բեմ բարձրացան 2018 – 2019-ի շրջանաւարտները: Ազգային Միացեալ վարժարանի տնօրէն խորհուրդի անդամ Գրիգոր Էքմեքճեանը խրախուսական խօսքեր ուղղեց անոնց եւ ըսաւ, թէ` «Ի՛նչ շրջանակի մէջ ալ գտնուիք, դուք պիտի դառնաք մեր ազգին դեսպանները: Ձեր օրինակով ու աշխատանքով ցոյց պիտի տաք բոլորին, թէ ո՛վ է հայ մարդը, պիտի մարմնաւորէք ձեր մէջ հայուն արժէքը` ամէն տեղ բարձր պահելով մեր ժողովուրդին անունն ու պատիւը», եզրափակեց ան:
Հայերէն, արաբերէն եւ անգլերէն լեզուներով ուղերձներ կարդացին ԺԲ. դասարանի կենսաբանութեան բաժինէն աշակերտուհիներ Անժելա Սալորեանը, Նանոր Ագճեանը եւ Արմիկ Մարկոսեանը: Երեքն ալ իրենց ուղերձներուն մէջ շեշտեցին հայ դպրոցին անփոխարինելի առաքելութիւնը, ինչպէս նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեցին Ազգային Միացեալ վարժարանի տնօրէն խորհուրդին, ուսուցչաց կազմին եւ իրենց ծնողներուն` իրենց նուիրումին ու զոհողութեան համար:
Ապա տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւն` ձեռամբ Ազգային Միացեալ վարժարանի տնօրէն խորհուրդի անդամներուն` տոքթ. Էլի Թաշճեանի, Նելլի Վեքիլեանի եւ Գրիգոր Էքմեքճեանի: ԺԱ. գրական բաժինէն արաբերէն լեզուի եւ տնտեսագիտութեան մրցանակ ստացաւ Գառնի Մավլեանը: ԺԲ. կենսաբանութեան բաժինէն թուաբանութեան մրցանակ ստացաւ Անժելա Սալորեանը եւ նոյն բաժինէն հայերէն ու արաբերէն լեզուներու եւ կենսաբանութեան մրցանակ ստացաւ Նանոր Ագճեանը:
Վկայականաց բաշխումը կատարուեցաւ` ձեռամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Նարեկ Արքեպիսկոպոսի եւ վարժարանի տնօրէն խորհուրդին:
Հանդիսութեան եզրափակիչ եւ ոգեշնչող պատգամ տուաւ Առաջնորդ Սրբազան հայրը: Ան յայտնեց, որ ամավերջի հանդէսի այս պահը բոլորին յիշողութեան մէջ դրոշմուած պիտի մնայ: Երկու տարի առաջ երազ ու կարելիութիւն մըն էր Ազգային Միացեալ վարժարանը, իսկ այսօր երկու յաջորդական տարեշրջաններու շրջանաւարտները կու գան ըսելու, որ երազը իրականութիւն դարձնողը յանձնառու հայ մարդն է: Ան ըսաւ, որ հանդէսին նշանաբանը` «Ես այն սերունդն եմ յաղթողի» բոլորս կը լեցնէ յաղթանակի քաղցրութեամբ: Սրբազան Հայրը անդրադարձաւ հանդէսի ընթացքին պատկերաւոր ձեւով ներկայացուած հայոց պատմութեան եւ հաստատեց, որ ատիկա մեր ժողովուրդի հաւաքական յաղթանակն է` տարբեր փուլերով, բայց` մէկ սլացքով: Հակառակ պատմութեան ամէն տեսակի դժուարութիւններուն եւ տագնապներուն` հայ ժողովուրդը շարունակեց իր գոյութիւնը:
Առաջնորդ Սրբազան Հայրը խօսեցաւ նաեւ Ազգային Միացեալ վարժարանին առաքելութեան ու կոչումին հաւատացող հայորդիներուն մասին, որոնք լծուեցան անոր իրագործման եւ յաղթանակին: Ան ըսաւ նաեւ, որ այս յաղթանակը կը սլանայ Ազգային Միացեալ վարժարանէն դէպի միացեալ Հայաստան: Նարեկ Արքեպիսկոպոս անդրադարձաւ նաեւ սրահին մէջ առաջին կարգին նստող պատասխանատուներուն, որոնք ծառայութեան տիպարներ են եւ կը տագնապին հայ դպրոցով: Սրբազան հայրը գնահատեց Ազգային վարչութիւնն ու Ուսումնական խորհուրդը, որոնց հաւաքական ճիգերով Ազգային միացեալ վարժարանը նոր յաջողութիւն կ՛արձանագրէ այս հունձքով:
Առաջնորդ Սրբազանը իր խօսքը ուղղեց շրջանաւարտներուն եւ ըսաւ, որ ազգային վարժարանի աշակերտ ըլլալը յատուկ առանձնաշնորհում է, որովհետեւ մենք ընտրութիւն կատարելու մարդկային ազատութիւնը ունինք, որ աստուածատուր շնորհք է: Ան յայտնեց, որ մեծ սպասումներ ու ակնկալութիւններ ունին բոլորը շրջանաւարտներէն: Ան շրջանաւարտները անուանեց «Յաղթական սերունդ», որովհետեւ իրենց արմատները Ազգային Միացեալ վարժարանի մէջ են: Ան շեշտեց, որ շրջանաւարտները իրենց բովանդակ կեանքին մէջ այս հանդէսին պատգամը պէտք է տանին բոլորին: Ան նշեց, որ իրենց ուսումը կը թարգմանուի կեանքին մէջ` որպէս հայ եւ լիբանանահայ: Սրբազան հայրը մասնաւորաբար շեշտեց, որ մենք չենք քաջալերեր ազգայնամոլութիւնը, միաժամանակ չենք զիջիր ազգասիրութենէն: Մենք հայ ենք, եւ մեր հայ ըլլալը ապրելով եւ գործով թարգմանելով` մարդիկ պիտի գիտնան զանազանութիւնը լիբանանցիին եւ լիբանանահայուն: Նարեկ Արքեպիսկոպոս յաջողութիւն մաղթեց անոնց նուաճելիք նոր հանգրուաններուն համար, այն սպասումով, որ շրջանաւարտները իրենց մասնակցութիւնը բերեն հաւաքական իտէալներուն ու պայքարին: Սրբազան Հայրը փոխ առնելով բանաստեղծին բառերը` «Գոչեմ ապրողաց», նշեց, որ այս հանդէսը բոլորին հրաւէր է անդրադառնալու, որ հայ դպրոցը հայ դպրոց դարձնողը հայ մարդն է, որ յանձնառութեան ու ոգիի կը վերածէ եւ մեր յաղթանակները կ՛երաշխաւորուին: Սրբազան Հայրը իր խօսքը եզրափակեց եւ մաղթեց, որ բոլորս յաղթանակի դրօշակիրները դառնանք հայ դպրոցին, նիւթաբարոյական կարելիութիւններէն առիւծի բաժին հանելով հայ դպրոցին: Ան շնորհաւորեց շրջանաւարտները` որպէս յաղթական սերունդի, որոնց հանդէպ ունինք անվերապահ վստահութիւն եւ ամբողջական գործակցութիւն:
2018 – 2019 տարեշրջանի հունձքը.
ԺԲ. Կենսաբանութեան բաժին
Ածիլածեան Սելին, Ագճեան Նանոր, Այնթէպլեան Նանոր, Գույումճեան Լիլիթ, Կարապետ Շիրազ, Ղուկասեան Ռիթա, Մարկոսեան Արմիկ, Շենզեան Թաթիանա, Պարախեան Կարօ, Սալորեան Անժելա, Վարդանեան Սելլա, Փասլիքեան Սինթիա, Փիւսքիւլեան Վենիսա:
ԺԲ. Տնտեսագիտութեան բաժին
Աւետիսեան Փաթիլ, Գազանճեան Բալիկ, Գարակիւլեան Գարինա, Էլէյճեան Արազ, Մարկոսեան Քրիստին, Մելքոնեան Մէյպըլ, Նորաշխարհեան Խաչիկ, Չամիչեան Յակոբ, Պալապանեան Հուրի, Պետրոսեան Մեղեդի, Պուտաքեան Գէորգ, Սահակեան Յակոբ, Սնըքճեան Գարինա, Քէշիշեան Ժիրայր, Քիլեճեան Գրիգոր:
BT3 Վարչագիտութեան բաժին
Աւագեան Գարին, Գայապալեան Փաթիլ, Զամպաքճեան Սանտրա, Շատոյեան Սարին, Պետիկեան Նաթալի, Քէյմէթլեան Ճենիֆըր: