Նախագահութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի եւ Ազգային վարչութեան հրաւէրով, հինգշաբթի, 23 մարտին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ «Յակոբ եւ Սօսի Չիլինկիրեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Ազգային միացեալ վարժարանի ծանօթացման հաւաք` ներկայութեամբ Ազգային Քառասնից Մանկանց եւ Ազգային Աքսոր Գասարճեան վարժարաններու ծնողներուն, տնօրէնութեանց եւ ուսուցչական կազմերուն:
Ազգային Քառասնից Մանկանց վարժարանի տնօրէն Յովիկ Պերթիզլեան իր բացման խօսքին մէջ յայտնեց, որ այս հանդիպումը կազմակերպուած է նորակառոյց Ազգային միացեալ վարժարանին մասին յաւելեալ տեղեկութիւններու փոխանցման, ինչպէս նաեւ վարժարանի աշակերտութեան փոխադրութեան մանրամասնութիւններուն եւ յառաջիկայ փուլերու ծանօթացման համար: Ան աւելցուց, որ այս առիթով արդէն տեղի ունեցած են ծնողական քանի մը հանդիպումներ, եւ այս հանդիպումը կազմակերպուած է ծնողներուն համալրող ու յաւելեալ բացատրութիւններ տալու համար:
Ազգային միացեալ վարժարանի տնօրէն Թալին Մարտիրոսեան իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ վարժարանի որդեգրելիք դասաւանդութեան արդի մեթոտներուն եւ հաստատեց, որ նոր վարժարանը պիտի ըլլայ մարդակերտումի եւ հայակերտումի կարեւոր ու անփոխարինելի կռուան մը: Ապա ան փոխանցեց միաւորման եւ վերամուտին առնչուած անհրաժեշտ տեղեկութիւններ: Ան հաստատեց, որ նոր վարժարանին առաքելութեան եւ աշխատանքներու յաջողութեան համար ծնողք եւ դպրոց պէտք է սերտ գործակցութիւն ունենան:
Ազգային վարչութեան ատենապետ Յակոբ Հաւաթեան իր խօսքին սկիզբը անդրադարձաւ վարժարանին մասին ցարդ եղած դրական արձագանգին, ինչպէս նաեւ կրթաթոշակին ու կազմակերպչական այլ մանրամասնութիւններու: Ան հաւաստեց, որ այս վարժարանը պիտի դառնայ հայ ծնողքին ու աշակերտին հարազատ միջավայրը եւ կոչ ուղղեց բոլորին, որ հրաւիրեն իրենց հարազատ ու բարեկամ ծնողները, որոնք օտար վարժարան կ՛ուղարկեն իրենց զաւակները, գալու այս վարժարանը եւ նորահաս սերունդի կրթութիւնն ու կազմաւորումը վստահելու ժամանակակից կարելիութիւններով օժտուած այս կրթական հաստատութեան:
Հանդիպումին եզրափակիչ խօսքը ուղղեց առաջնորդ սրբազան հայրը: Ան նկատել տուաւ, որ մեծ գումարներ ներդրուեցան, որպէսզի հիմնուի այս կառոյցը` մեր զաւակներուն համար լաւագոյն պայմաններու մէջ նոր կարելիութիւններով ուսում ջամբելու նպատակով: Ան յոյս յայտնեց, որ մեր ծնողներու համագործակցութեան բարձր ոգիի դրսեւորումով կարելի պիտի ըլլայ այս կրթօճախը դարձնել ճառագայթող ներկայութիւն մեր կեանքին մէջ: Սրբազան հայրը շեշտը դրաւ նաեւ մեր կեանքի բոլոր բնագաւառներու մէջ հայկականութիւնը անմար պահելու անհրաժեշտութեան վրայ:
Հանդիպումի ընթացքին առիթ տրուեցաւ ծնողներուն, որ ուղղեն իրենց հարցումները: