Առաջնորդարան Հայոց Լիբանանի

Ազգային Միացեալ Վարժարանի Ծանօթացման Հաւաք

Նախագահութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի եւ Ազգային վարչութեան հրաւէրով, ուրբաթ, 17 մարտին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Ազգային Լ. եւ Ս. Յակոբեան քոլեճի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Ազգային միացեալ վարժարանի ծանօթացման հաւաք` ներկայութեամբ վարժարան յաճախելիք աշակերտներու ծնողներուն, աշակերտներուն եւ ուսուցիչներուն:

Ազգային Լ. եւ Ս. Յակոբեան քոլեճի տնօրէն Վիգէն Աւագեան բարի գալուստ մաղթելէ ետք ներկաներուն նկատել տուաւ, որ  այս հանդիպումը կազմակերպուած է նորակառոյց Ազգային միացեալ վարժարանի մասին յաւելեալ տեղեկութիւններու փոխանցման, ինչպէս նաեւ վարժարանի աշակերտութեան փոխադրութեան մանրամասնութիւններուն եւ յառաջիկայ փուլերու ծանօթացման համար: Ան աւելցուց, որ վստահաբար ծնողները ունին հարցումներ եւ յստակացնելիք կէտեր յառաջիկայ տարեշրջանին համար, եւ այս հանդիպումը կազմակերպուած է նաեւ այս հարցերուն մասին բացատրութիւններ տալու նպատակով:

Ան կրկին յայտարարեց, որ իբրեւ դպրոց իրենց առաւելագոյնը պիտի ընեն, որպէսզի փոխադրութիւնը ըլլայ ամբողջական` աւելցնելով, որ այն ծնողները, որոնք այս հանդիպումէն ետք ալ յաւելեալ լուսաբանութեան կարիքը ունին, կրնան դիմել իրեն կամ ներկայանալ Ազգային առաջնորդարան երեքշաբթի եւ հինգշաբթի օրերը` տեսակցելու Ազգային միացեալ վարժարանի տնօրէնուհիին հետ:

Ազգային միացեալ վարժարանի տնօրէնուհի Թալին Մարտիրոսեան խօսք առնելով հաստատեց, որ նոր վարժարանը պիտի ըլլայ մարդակերտումի եւ հայակերտումի դարբնոց մը, միջնաբերդ մը, ուր մեր զաւակները պիտի դաստիարակուին արդիական եւ արդիւնաւէտ դաստիարակչական վերջին մեթոտներով` միեւնոյն ժամանակ պահելով իրենց ազգային ոգին եւ ազգային պատկանելիութեան զգացումը: «Մենք կը հաւատանք, որ իւրաքանչիւր երեխայի հիմնական մարդկային իրաւունքներէն մէկն է բարձրորակ կրթութիւն ստանալ իր ապրած դարուն համար պէտք եղած բոլոր ունակութիւններով եւ հմտութիւններով», շեշտեց տնօրէնուհին` աւելցնելով, որ 21-րդ դարը արագ փոփոխութիւններու դար է, հետեւաբար մեր զաւակները կը դիմագրաւեն բազմաթիւ մարտահրաւէրներ, որոնցմէ կարեւորագոյնը ազգային դիմագիծի պահպանումն է: Շարունակելով իր խօսքը` Մարտիրոսեան յայտնեց, որ մեր զաւակները պէտք է ստեղծագործ ըլլան, որպէսզի քայլ պահեն բոլոր նորութիւններուն հետ, նաեւ պէտք է կարգ մը հմտութիւններ ձեռք ձգեն դպրոցին մէջ, որպէսզի պատրաստ ըլլան այս դարուն յաջողիլ, ինչպէս` քննական մտածողութիւն, հաղորդակցութիւն, խմբային աշխատանք, նորարարութիւն: Թալին Մարտիրոսեան ըսաւ, որ ասոնք իրագործելու համար պիտի ունենան յատուկ համակարգ եւ մասնագիտացած ուսուցիչներ, որոնք մասնագէտն են իրենց դասաւանդած նիւթերուն եւ ծանօթ են մանկավարժական մեթոտաբանութեան` նկատել տալով, որ պիտի որդեգրուի նաեւ համակարգչային դրութիւնը եւ «Սմարթ պորտ»-ի օգտագործումը, որոնց միջոցով դասաւանդութիւնը պիտի ըլլայ աւելի մատչելի եւ դիւրին:

Տնօրէնուհին հաստատեց, որ նոր վարժարանի աշխատանքներու յաջողութեան համար ծնողք եւ դպրոց պէտք է սերտ գործակցութիւն ունենան` յաղթահարելու համար բոլոր դժուարութիւնները: «Այս դպրոցը բնական շարունակութիւնը պիտի ըլլայ Ազգային Լ. եւ Ս. Յակոբեան քոլեճին, եւ ձեր զաւակները  պիտի շարունակեն իրենց ուսումը նոյն ձեւով` պարզապէս աւելի լաւ եւ արդիական պայմաններու մէջ», եզրափակեց տնօրէնուհին եւ համագործակցելու յոյսով յաջողութիւն մաղթեց բոլորին:

Ազգային վարչութեան ատենապետ Յակոբ Հաւաթեան իր խօսքին սկիզբը անդրադարձաւ այդ դրական վկայութիւններուն եւ գնահատումներուն, որոնք տրուած են Ազգային միացեալ վարժարանին մասին` Լիբանանի մէջ թէ այլուր: Ան հաստատեց, որ բոլորին գնահատումը նոյնն է` աւելցնելով, որ այս արդիական կառոյցը այսօր իր պատկառելի տեղը կը գտնէ ո՛չ միայն լիբանանահայութեան, այլեւ ամբողջ հայաշխարհի կրթական կառոյցներուն մէջ: Իր գրաւիչ դիրքով, Պուրճ Համուտի մէջ կանգնող ամէնէն արդիական եւ գեղեցիկ կառոյցն է, որուն շինութեան համար յարգուած են կրթական եւ մանկավարժական ամէն տեսակի սկզբունքները: «Այս բաժինին մէջ Ազգային առաջնորդարանը իր կարելին ըրած է եւ նիւթական չէ խնայած ի խնդիր հայ աշակերտին: Սակայն այս վարժարանը հայ աշակերտութեամբ կեանք պիտի ստանայ», ընդգծեց ան` աւելցնելով, որ Ազգային վարչութիւնը նախանձախնդիր է, որ այս վարժարանը արդի ժամանակակից մեթոտներով գոհացում տայ գաղութի սերունդներու պատրաստութեան կարեւոր առաքելութեան:

Ան նաեւ ըսաւ, որ արդէն իսկ նախնական արձանագրութիւններու այս փուլին խանդավառութիւնը մեծ է թէ՛ ծնողներուն եւ թէ՛ աշակերտութեան մօտ: Ան հաւաստեց, որ Ազգային առաջնորդարանը բոլոր միջոցներով պիտի դիւրացնէ ծնողներուն գործը: «Կրթաթոշակը ոչ ոք թող վախցնէ: Այս վարժարանը պիտի փոխադրուի 6 ազգային վարժարաններու ամբողջ աշակերտութիւնը: Ոչ մէկ ծնողք իր մտքին մէջ թող ունենայ այն մտահոգութիւնը, որ նիւթականը կրնայ պատճառ դառնալ, որ իր զաւակը Ազգային միացեալ վարժարան չյաճախէ: Այս վարժարանը բոլոր խաւերու ծնողներու զաւակներուն կրթական հաստատութիւնն է, որ իր դռները լայն կը բանայ բարեկեցիկ, միջակ եւ համեստ եկամուտով օժտուած ընտանիքներուն դիմաց. ինչպէս որ է պարագան համալսարաններուն, ուր կը յաճախեն ժողովուրդի բոլոր խաւերը եւ կը ստանան միեւնոյն համալսարանական բարձրագոյն կրթութիւնը:

Այս վարժարանը ձեր բոլորին տունն է: Միայն աշակերտութեան տունը չէ: Հետեւաբար իւրաքանչիւրդ ինչպէս նախանձախնդիր էք ձեր տան, նոյնքան նախանձախնդիր պիտի ըլլաք այս վարժարանին, որ ձեր զաւակներուն կատարեալ ուսում պիտի ջամբէ նախանձելի միջավայրի մը մէջ», շեշտեց Հաւաթեան` կոչ ուղղելով ծնողներուն, որ քաջալերեն իրենց ծանօթները, որ օտար վարժարաններու չվստահին իրենց զաւակներուն կրթութիւնը, որպէսզի անոնք ալ օգտուին Ազգային միացեալ վարժարանի բարիքներէն: Ազգային միացեալ վարժարանը թէ՛  իր ծառայութիւններով, թէ՛ իր հոգատարութեամբ, թէ՛ ուսումնական մակարդակով ոչ մէկ ձեւով ետ կը մնայ օտար վարժարաններէն:

Ան եզրափակելով իր խօսքը անգամ մը եւս յայտարարեց, որ ձրի փոխադրամիջոցներ պիտի տրամադրուին աշակերտութեան:

Ապա յայտնեց, որ վարժարանը պիտի օժտուի արդիական մանկամսուրով եւ նաեւ թեքնիք BT3 եւ հետագային թեքնիք այլ մասնագիտական ուսումնական ծրագիրներով:

Այնուհետեւ առիթ տրուեցաւ ծնողներուն լուսաբանական հարցումներ ուղղելու:

Հանդիպումին եզրափակիչ խօսքը ուղղեց առաջնորդ սրբազան հայրը: Ան բացատրեց, թէ ինք ուզած է ներկայ գտնուիլ սոյն հաւաքին` զգալու այն մթնոլորտը, որ կը տիրէ մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ Ազգային միացեալ վարժարանի աշխատանքներու սկզբնաւորման այս շրջանին: Ան նկատել տուաւ, որ տեղաշարժները մեր կեանքին մէջ բնականօրէն մտահոգութիւններ կը ստեղծեն, սակայն ժամանակն էր, որ հայ դպրոցի կարելիութիւնները նորոգուէին, որպէսզի եկող ժամանակներուն մեր զաւակները իրենց ստացած կրթութեամբ մնան ազգի ծոցին մէջ եւ դառնան  պիտանի: Սրբազան հայրը նկատել տուաւ, որ մեծ գումարներ ներդրուեցան, որպէսզի հիմնուի այս կառոյցը, մեր զաւակներուն համար լաւագոյն պայմաններու մէջ նոր կարելիութիւններով ուսում ջամբելու նպատակով:

«Ձեր զաւակները մեզի համար առաջնահերթութիւն են: Ազգային առաջնորդարանը իր լաւագոյնը փորձեց ընել: Ձեր գործակցութեամբ կը յուսանք, որ այդ լաւագոյնը իսկապէս լաւագոյն արդիւնքի կը վերածուի մեր համայնական կեանքին մէջ», շեշտեց սրբազան հայրը` կոչ ուղղելով ծնողներուն իրենց գործակցութեամբ եւ հասկացողութեամբ յառաջիկայ ժամանակաշրջանը մեր համայնական կեանքին մէջ նոր խանդավառութեան առիթ ստեղծելու փուլի վերածելու: