Ուրբաթ, 21 Հոկտեմբեր Ժամը 5:30-Ին, Ազգային Միացեալ Վարժարանին Մէջ Շարունակուեցան Նոր Կառոյցի Ծանօթացման Եւ Հաստատութեան Ապագայ Ծրագիրներու Մասին Զեկուցական Հանդիպումները:
Վարժարանի Կառուցման Աշխատանքներուն Անդրադարձող Տեսերիզի Ցուցադրութենէն Ետք Խօսք Առին Ազգային Վարչութեան Ատենապետ Յակոբ Հաւաթեան, Հանգանակիչ Մարմինի Ատենապետ Վրէժ Սապունճեան Եւ Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Շահէ Եպս. Փանոսեան: Հանդիպումէն Ետք Ներկաները Շրջագայեցան Նորակառոյց Համալիրին Մէջ, Եւ Շինարարութեան Յանձնախումբին Անդամները Մանրամասն Տեղեկութիւններ Փոխանցեցին Բոլոր Բաժանմունքներու Մասին: Ազգային Առաջնորդարանի Բարեկամներն Ու Բարերարները Գնահատեցին Կատարուած Աշխատանքը Եւ Պատրաստակամութիւն Յայտնեցին Զօրակցելու Նոր Վարժարանի Երթին Ու Առաքելութեան Յաջողութեան:
Յայտնենք, Որ Ծանօթացման Հանդիպումները Յառաջիկայ Շաբաթ Պիտի Շարունակուին: