Առաջնորդարան Հայոց Լիբանանի

Ազգային Միացեալ Վարժարան. Ընթրիք` Ի Պատիւ Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ազգային Ընդհանուր Ժողովի Մասնակիցներուն

Նախագահութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին եւ հրաւէրով Լիբանանի հայոց թեմին, հինգշաբթի, 7 դեկտեմբեր 2017-ին, Ազգային միացեալ վարժարանի «Ժիրայր եւ Ցոլինէ Խաչատուրեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ընթրիք` ի պատիւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Ազգային ընդհանուր ժողովին մասնակից տարբեր գաղութներէ եկած կրօնական եւ աշխարհական պատգամաւորներուն եւ հրաւիրեալներուն:

Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներէն ետք, ներկաները դիտեցին Ազգային միացեալ վարժարանի գործունէութիւնը ներկայացնող տեսերիզ մը, որմէ ետք խօսք առաւ Ազգային վարչութեան ատենապետ Յակոբ Հաւաթեան, որ  նշեց, թէ Պուրճ Համուտի մէջ բարձրացած Ազգային միացեալ վարժարանը սովորական հաստատութիւն չէ, այլ` արդիական կարելիութիւններով օժտուած ներկայ ժամանակներուն ունի շատ աւելի ընդգրկուն գործադաշտ եւ կոչուած է դառնալու հայ կեանքին նոր որակ ու դիմագիծ տուող եւ սերունդներու պատրաստութեան դարբնոց եղող ազգային եզակի հաստատութիւն մը: Հաւաթեան ըսաւ, որ անցնող օրերուն ընթացքին Ազգային ընդհանուր ժողովի բոլոր օրակարգերուն մէջ նորահաս սերունդը` երիտասարդութիւնը դարձաւ հիմնական առանցք եւ անոր հանդէպ ցուցաբերուելիք գուրգուրանքն ու հոգածութիւնը եւ ժամանակակից կարելիութիւններով ու գործելաոճով անոր հետ հաղորդակից մնալու անհրաժեշտութիւնը շեշտադրուեցան բազմաթիւ անգամներ:

Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան ըսաւ. «Մենք ո՛չ միայն յաջողեցանք դպրոց կառուցելու դերակատարութեամբ ներկայանալ մեր ժողովուրդին, այլեւ, հակառակ մեր շուրջ տիրող քաղաքական, ընկերային եւ տնտեսական ծանր ու անորոշ պայմաններուն, նաեւ յաջողեցանք բաց ճակատով դիտել այս յարկին մէջ նոր սկիզբ առած կրթական աշխատանքներուն դէպի վերելք ընթացող թափը»:

Առաջնորդ սրբազանը շեշտեց, որ հայ դպրոցին նկատմամբ սրբազան պարտք մը կատարելու ցանկութեամբ բարձրացան այս տան պատերը, եւ այս դպրոցը կառուցուեցաւ, որպէսզի հայ դպրոցին վաստակը նորոգելով, կարենանք առաւել եւս ամրացնել մեր ժողովուրդի ինքնութեան պաշտպանութեան պատնէշը: Շահէ եպս. Փանոսեան մաղթեց, որ մեր ժողովուրդին հաւատքով ու նուիրումով առաւել եւս ծաղկին մեր թեմերը, աւելի պտղաբեր դառնան մեր կրթական կառոյցներն ու համայնական տուները, որպէսզի բոլորս ալ Հայ եկեղեցւոյ ծառայութեան գործին ընծայենք լաւագոյնը` միշտ յիշելով, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան առաքելութեան մէջ կան տեսակաւոր աշխատանքներ, անկատար ծրագիրներ եւ մեր ժողովուրդի կեանքի հրամայականէն բխող մեծ ու փոքր բազմատեսակ հեռանկարներ, որոնք իրականանալու համար կարիքը ունին բարերարներու եւ հաւատաւոր գործակիցներու:

Ընթրիքի աւարտին իր հայրական պատգամը ուղղեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոս, որ ըսաւ. «Մեր ժողովուրդի զաւակները ո՛ւր որ գացին, իրենց տունը շինելէ առաջ Աստուծոյ տունը շինեցին, եւ Աստուծոյ տան կողքին շինեցին Մեսրոպ Մաշտոցի տունը` հայեցի կրթութեան տունը, հայ դպրոցը: Եւ մեր կեանքին մէջ եկեղեցւոյ կողքին դպրոցին ներկայութիւնը պարագայական երեւոյթ մը չէ, ազգային, հոգեւոր, մշակութային խորունկ իմաստ ունի: Եկեղեցին ու դպրոցը իրենց կեանքով ու առաքելութեամբ սերտօրէն առնչուած են: Մեզի համար կրօնական եւ հայեցի դաստիարակութիւնը մէկ ամբողջութիւն է, եւ կարելի չէ անոնց միջեւ բաժանման գիծ մը հաստատել»:

Վեհափառ հայրապետը յայտնեց, որ մեր Ազգային առաջնորդարաններու պիւտճէներուն մէջ կարեւոր տեղ կը գրաւէ հայ դպրոցը, որովհետեւ մեզի համար հայ ուսուցիչը ամէն բանէ վեր է, եւ հայ դպրոցին հզօրութիւնը գաղութի հզօրութիւնն է: Արամ Ա. կաթողիկոս Ազգային միացեալ վարժարանի կառուցման առիթով յատուկ գնահատանք փոխանցեց առաջնորդ սրբազանին, Ազգային իշխանութեան, յարակից քոյր կազմակերպութիւններու միութիւններուն եւ բարերարներուն, որոնք հաւաքական ճիգերով իրականացուցին ծրագիրը: Արամ Ա. կաթողիկոս ըսաւ, որ վարժարանի առաջին բարերարը եղաւ Հրայր Սարգիսեան, որ ո՛չ միայն մասնակից դարձաւ մեր հաւաքական կեանքին, այլեւ զանազան բարերարութիւններով ու ծառայութիւններով իր մասնակցութիւնը բերաւ մեր ժողովուրդի զանազան ծրագիրներուն, ինչպէս նաեւ կարեւոր ներդրում կատարեց այս դպրոցի շինութեան մէջ: Այս առիթով, առ ի գնահատանք ներդրումին, Արամ Ա. կաթողիկոս բարերար Հրայր Սարգիսեանը պարգեւատրեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան իշխանի շքանշանով:

Ընթրիքի գեղարուեստական յայտագիրին իրենց մասնակցութիւնը բերին երգիչներ Կապի Կալոյեան եւ Գէորգ Հաճեան: Յայտնենք, որ ընթրիքի նախօրեակին պատգամաւորները շրջագայելով վարժարանին մէջ մօտէն ծանօթացան կառոյցին եւ աշխատանքներուն` իրենց հիացմունքը յայտնելով ի տես կատարուած իրագործումին: