Առաջնորդարան Հայոց Լիբանանի

Ազգային Միացեալ Վարժարան. Հանդիպում` Ազգային Առաջնորդարանի Բարեկամ Խումբ Մը Տիկիններու Հետ

Երկուշաբթի, 24 հոկտեմբերի կէսօրէ առաջ ժամը 11:30-ին, Ազգային միացեալ վարժարանին մէջ շարունակուեցան նոր կառոյցի ծանօթացման հանդիպումները` ներկայութեամբ Ազգային առաջնորդարանի բարեկամ խումբ մը տիկիններու:

Նախ եւ առաջ ցուցադրուեցաւ վարժարանի կառուցման աշխատանքներուն ընթացքը ներկայացնող տեսերիզ մը, որմէ ետք խօսք առաւ Ազգային առաջնորդարանի Ազգային վարչութեան ատենապետ Յակոբ Հաւաթեան: Ան նկատել տուաւ, որ անցնող 2 շաբթուան ընթացքին փոքր խումբերով հիւրընկալած են ազգայիններ, բարեկամներ, բարերարներ, ինչպէս նաեւ համայնքի պատասխանատուներ, որպէսզի անոնք ծանօթանան կատարուած աշխատանքներուն նաեւ կառոյցի ապագայ ծրագիրներուն: Ան ըսաւ, որ կառոյցի շինարարական աշխատանքները մօտ օրէն կը հասնին իրենց աւարտին, սակայն աւելի պատասխանատու գործ կայ, որ բոլորին օժանդակութեան, աջակցութեան, քաջալերանքին եւ խանդավառութեան կը սպասէ: «Ժամանակը հասած է, եւ կարելի չէ յետաձգել գործը: Մենք քիչ մը աւելի զօրանալու եւ յանձնառու զգալու համար կ՛ակնկալենք, որ մեր միջավայրը իր ներկայութեամբ եւ քաջալերանքով զօրակցի այս նախաձեռնութեան: Պուրճ Համուտը վերջին 60-70 տարիներուն շատ բան տուաւ լիբանանահայութեան` շնորհիւ իր դպրոցներուն, որոնցմէ ծնունդ առաւ այդ մարդուժը: Հիմա եկած է ժամանակը, որ Պուրճ Համուտին տանք այն, ինչ որ ինք կ՛արժէ», հաստատեց Հաւաթեան` աւելցնելով, որ Պուրճ Համուտի հայահոծ շրջանին մէջ նախաձեռնուածը սովորական դպրոց մը չէ, այլ մեր ապագան երաշխաւորող կառոյց մը: Հաւաթեան առաջարկեց, որ այս մթնոլորտը, փափաքը եւ վճռակամութիւնը բացատրուի ամբողջ ժողովուրդին, որովհետեւ մենք ընկրկում ու նահանջ պէտք չէ արձանագրենք եւ այս դպրոցը հաւաքաբար պիտի յաջողցնենք` բարձր պատուանդանին վրայ դնելով զայն:

Հանգանակիչ մարմինի ատենապետ Վրէժ Սապունճեան ելոյթ ունենալով իր ուրախութիւնը յայտնեց բոլորին իրենց ներկայութեան համար եւ շնորհակալութիւն յայտնեց կրօնական եւ քաղաքական ղեկավարութեանց, որոնք նման գաղափար մը յղացան եւ գործնականացուցին, որպէսզի կարենանք հայութիւնն ու համայնքը պահել եւ մեր զաւակներուն փոխանցել մեր լեզուն ու մշակոյթը:

Այնուհետեւ խօսք առաւ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան, որ շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն, որ ընդառաջած են հրաւէրին: Ան նկատել տուաւ, որ այս կառոյցը կը պատկանի մեր հաւաքականութեան եւ յառաջիկայ  տարի իր աշխատանքով լրիւ կերպով պիտի ընծայուի մեր հաւաքական արժէքներու պահպանութեան սրբազան նպատակին: «Հայ դպրոցը հայ ժողովուրդին սեփականութիւնն է, եւ հայ ժողովուրդին հաւատքին համահունչ կերպով արձագանգող կրթական  կառոյցներն են, որոնց միջոցով անցնող 100 տարիներուն հայ ժողովուրդը իր գոյութիւնը պահպանեց սփիւռքի տարածքին», հաստատեց սրբազան հայրը` աւելցնելով, որ այս շքեղ կառոյցը շինուեցաւ, որպէսզի մեր ժողովուրդի զաւակները աւելի գեղեցիկ միջավայրի, բարենպաստ եւ  առողջարար պայմաններու մէջ իրենց կրթական գործը տանին:

Եզրափակելով իր խօսքը` առաջնորդ սրբազանը յայտնեց, որ հայ ժողովուրդը իր աշխատանքներուն մէջ պէտք ունի հայ դպրոցի աջակցութեան, որպէսզի հայ դպրոցով հայ մարդը պատրաստուի, հայ նկարագիրը կերտուի, եւ մենք մեր պատմութեան հաւատարմութեամբ կարենանք մեր կեանքը ապրիլ եւ հասնիլ մեր հաւաքական իտէալներուն ու երազներուն իրականացման:

Աւարտին ներկաները շրջագայեցան վարժարանին մէջ, ընկերակցութեամբ` Ազգային վարչութեան շինարարական յանձնախումբի ներկայացուցիչ Յակոբ Լուսարարեանի, որ բացատրութիւններ տուաւ կառոյցին բաժանմունքներուն մասին: