Առաջնորդարան Հայոց Լիբանանի

Ազգային «Յառաջ – Գ. Կիւլպէնկեան Քոլեճի Վերամուտը

Չորեքշաբթի, 18 սեպտեմբեր 2019-ի առաւօտեան Ս.Պօղոս եկեղեցւոյ   զանգակատան տօնական ղօղանջներով ազդանշանը տրուեցաւ վերամուտը Ազգային  Յառաջ- Գ . Կիւլպէնկեան երկրորդական վարժարանին, որուն նախակրթարանի եւ երկրորդականի աշակերտները ստացան ս. հաղորդութիւն, ապա անոնք լսեցին պատգամը Միւռոն քհնյ.Աւետիսեանի, որ յորդորեց աշակերտութիւնը` կառչելու ջանասիրութեան, պարկեշտութեան եւ մարդկային ու ազգային սկզբունքներուն, որպէսզի բարեյաջող տարեշրջան մը բոլորեն: Ան թելադրեց այս սկզբունքներու պահպանման համար օրինակ առնել 80-ամեայ Այնճարի հիմնադիր սերունդէն:

Եկեղեցական արարողութենէն ետք աշակերտութիւնը շարքեր կազմեց Մուսա Լերան հերոսամարտի յուշահամալիրին առջեւ  եւ մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգեց  հերոսամարտի ու Այնճարի նահատակներուն,ինչպէս նաեւ գիւղը ծաղկեցուցած նուիրեալներուն յիշատակը: Ապա, դասարանային հերթով իւրաքանչիւր աշակերտ իր ծաղիկը զետեղեց հերոսամարտի յուշարձանին առջեւ:

Ապա բոլորը համախմբուեցան «Գ.Կիւլպէնկեան» սրահը եւ ծափողջոյններով դիմաւորեցին առաջին դասարանցիները , որոնք մանկապարտէզի իրենց ուսուցիչներուն ուղեկցութեամբ եւ 12-րդ կարգի իրենց աւարտական դասընկեր-դասընկերուհիներու ընկերակցութեամբ բեմ բարձրացան:

Լիբանանի, Հայաստանի եւ վարժարանի քայլերգներու յոտնկայս ունկնդրութենէն ետք,առաջին դասարանցիները իրենց հետ բեմ ներկայացած աւարտական կարգի աշակերտներէն նուէր ստացան «ոսկէ բանալիներ», որոնցմով անոնք պիտի կարենան հերթաբար բանալ վարաժարանի բոլոր դասարաններուն դռները: Գրենականի յատուկ նուէրներով զանոնք դիմաւորեցին նաեւ նախակրթարանի ընդհանուր հսկիչ Խաժակ Հերկելեանն ու դասարանի դաստիարակ Գառնի Համուտեանը:

Աշակերտութեան ողջոյնի խօսքը արտասանեց 10-րդ դասարանի աշակերտուհի` Դուին Հերկելեանը, որ անդրադարձաւ այն պատասխանատուութեան, զոր գիւղի 80-ամեակը տօնակատարող նորահաս սերունդը կը կրէ եւ պատրաստ է դիմագրաւելու տարբեր մարտահրաւէրներ: Ան արժեւորեց մուսալեռցի հերոսական այն  սերունդը, որ` «Հաւատաց սպառիչ խաւարէն ետք հայուն ծագող արշալոյսին, հաւատաց հայ ժողովուրդի վերականգնումին եւ իր ամուր կամքով վերակազմաւորեց Մուսա Լեռը` իբրեւ ծաղկուն Այնճար »: Յանուն աշակերտութեան Դուին Հերկելեան խոստացաւ` «իբրեւ 80-ամեայ Մուսա Լեռ Այնճարի ժառանգորդներ, այս վարժարանին դաւանած արժէքներով եւ ջամբած ազգային շունչով  միշտ պայծառ պահելու հերոսամարտ մղած եւ Այնճար կերտած խիզախ սերունդի ուղին, արթուն պահակները մնալով ազգային մեր տեսլականին»:

Այնուհետեւ վարժարանի Դ.-Զ. կարգերու երգչախումբը ելոյթ ունեցաւ «Քամին եանա»եւ «Նինօ» երգերով:

Եդուարդ Պօյաճեանի «Դիւցազնամարտը» ասմունքեց 12-րդ կարգի աշակերտ Պարոյր Սթանպուլեան, որ անցնող ամրան Շուշիի ասմունքի համահայկական 8-րդ փառատօնին, ներկայացնելով վարժարանը, 6 երկիրներէ 127 մասնակիցներու մէջ գրաւած էր 2-րդ դիրքը:

Ասմունքէն ետք ցուցադրուեցաւ անցնող տարեշրջանը ամփոփող փաուըր փոյնթ ներկայացում մը, որուն ընթացքին 8-րդ կարգէն  Արինա Աբրահամեանը եւ 10-րդ կարգէն Րաֆֆի Հերկելեանը ոգեշնչող մէջբերումներ կատարեցին եւ հայ դպրոցը արժեւորող պատգամներ յղեցին` իբրեւ ներկայացման հաղորդավարներ:

Անկէ ետք տնօրէն Արմէն Թաշճեան բեմ հրաւիրեց վարժարանի նախկին ուսուցիչներէն Յակոբ Փանոսեանն ու Քալիֆորնիոյ Մուսա Լեռ հայրենակցական միութեան ատենապետ Վրէժ Գէորգեանը` գնահատագիրներ յանձնելու պըրըվէի պետական քննութեանց 100 տոկոս յաջողութիւն արձանագրած նախկին 9-րդ կարգի աշակերտներուն: Գնահատագիրներ ստացան նաեւ ամրան ընթացքին  Արցախի մէջ կայացող «Ասպետ» ռազմահայրենասիրական ճամբարին մասնակցած երկրորդականի աշակերտներէն Վարանդ Մաճառեանն ու Պարոյր Սթամպուլեանը, որ երկրորդ գնահատագիր մըն ալ  ստացաւ Շուշիի  համահայկական  ասմունքի փառատօնին իր մասնակցութեան եւ արձանագրած պատուաբեր արդիւնքին համար :

Գնահատագիրներու բաշխման յաջորդեց  Գ.-Դ. կարգերու պարախումբին ելոյթը` «Հայաստան» պարով:

Տօնակատարութեան եզրափակիչ պատգամը տուաւ տնօրէն Արմէն Թաշճեան, որ վերամուտն ու տարեշրջանը Մուսա Լեռ-Այնճարի հիմնադրութեան 80-ամեակի կնիքով նշանաւորելու յանձնառութեան տակ դրաւ վարժարանի ընտանիքը` շեշտադրելով  անցեալի արժէքներն ու դասերը ժառանգելու, ինչպէս նաեւ ներկան ընդհանրական շահերու գիտակցութեամբ վարելու եւ ապագայի հանդէպ պատասխանատուութեա՛մբ ուժ կուտակելու անհրաժեշտութեանց վրայ:

Տօնակատարութենէն ետք աշակերտութիւնը վերադարձաւ վարժարան, ուր տօնական խանդավառութիւնը շարունակուեցաւ` ծնողական խորհուրդին կողմէ հիւրասիրութեամբ, խաղերով աշխուժ զբօսանքով եւ ծանօթացման իւրայատուկ պահերով: