Առաջնորդարան Հայոց Լիբանանի

Ազգային «Յառաջ» Մանկապարտէզի Ամավերջի Հանդէս

Ազգային «Յառաջ» մանկապարտէզի 2021-2022 տարեշրջանի եզրափակման եւ վկայականաց բաշխման հանդէսը տեղի ունեցաւ ուրբաթ, 24  յունիսի երեկոյեան, վարժարանին շրջափակին մէջ, ներկայութեամբ Պեքաայի հոգեւոր տեսուչ Անանիա ծ. վրդ. Գուճանեանի, Այնճարի եւ Զահլէի «Կարմիր Լեռ» եւ « Արամ» կոմիտէներու ներկայացուցիչներուն, Այնճարի քաղաքապետին, Ազգային վարչութեան, ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան, Այնճարի միութենական միաւորներու ու մարմիներու ներկայացուցիչներու, ինչպէս նաեւ ծնողներու եւ բազմաթիւ հայրենակիցներու:

Քայլերգներու յոտնկայս ունկնդրութենէն ետք վարժարանի վարիչ-մանկապարտիզպան Լենա Սթամպուլեան իր բարի գալուստի խօսքով ողջունեց ներկաները եւ վստահեցուց, որ անկախ տարեշրջանի հանդիսաւոր եզրափակումէն` մանկապարտէզի փոքրիկներուն ներկայացումներով գրաւչութեան առարկայ դառնալիք բեմը առիթ պիտի տայ վերարժեւորելու արժէքներ եւ խանդավառուելու խոստմնալից ապագայով:

Ան գոհունակութիւն արտայայտեց տարեշրջանի ծրագիրներու մեծ մասին իրագործման եւ ծնողներու գործակցութեան համար` շնորհակալութիւն յայտնելով մանկապարտէզը հոգածութեան արժանացնող բոլոր բարերարներուն:

Լենա Սթամպուլեան ներկայացնելով հանդէսին թեման` «Արհեստներն ու արուեստներ», բարի վայելում մաղթեց ներկաներուն:

«Մենք մանուկներ»  կատարումով ընթացք առաւ գեղարուեստական յայտագիրը` հայերէն, արաբերէն ու անգլերէն լեզուներով, եւ յաջորդաբար բեմ բարձրացան Ծիլ, Բողբոջ, Կոկոն եւ Ծաղիկ դասարաններու աշակերտները` ներկայացնելով երգ, պար ու արտասանութիւն:

Ծիլ դասարանի աշակերտները իրենց գեղարուեստական ելոյթով շեշտեցին կարեւորութիւնը անասուներուն նկատմամբ հոգատար վերաբերում ցուցաբերելու, ապա բողբոջները, հանդիսատեսը փոխադրելով արուեստի գունագեղ աշխարհ, բնութագրեցին նկարչութիւնն ու անոր երանգները` իբրեւ գեղեցկութեան խորհրդանիշ: Կոկոն դասարանը նկարագրեց հացթուխը` իր տքնաջան աշխատանքով եւ «խոհարարներ»-ուն ճաշակով եփած հայկական ուտեստները: Մանկապարտէզի շրջանաւարտ դասարանի աշակերտները , որոնք ստանձնած էին  նաեւ ըլլալ օրուան հաղորդավարները` գեղարուեստական յայտագիրին կարգը սպասարկողները, ընդգծեցին երաժշտութեան դերը մարդու կազմաւորման ու ընդհանրապէս կեանքի մէջ: Մանկապարտէզի իւրաքանչիւր դասարանի ներկայացումը արժանացաւ ներկաներու բուռն ծափահարութեան ու քաջալերանքին:

Բեմ բարձրացան Ծաղիկ դասարանի շրջանաւարտները, որոնք իրենց ուղերձով հրաժեշտ տուին իրենց ուսուցիչներուն ու մանկապարտէզին:

Այնուհետեւ վարժարանի տնօրէն Արմէն Թաշճեան ամփոփեց հանդիսութեան թեման` իբրեւ «մարդկային կենցաղի անհրաժեշտութիւնները հոգացող, լուծումներ ապահովող, բարիքներ բաժնող եւ նոյնիսկ տարատեսակ վայելքներ պարգեւող գործեր ու աշխատանքներ»: Ան կարեւոր նկատեց աշխատանքի ճամբով համապատասխան գիտելիքի ձեռքբերումը, հմտութիւնն ու որակը: Այս լոյսին տակ խօսքը ուղղեց շրջանաւարտներուն` դիտել տալով, որ աշխատանքի ակունքը սէրն է, որ կը սաղմնաւորէ ապագայ ծրագիրները: «Պէտք է նուիրուիք աշխատանքին, որպէսզի աշխատանքն ալ նուիրաբերէ ձեզի ինքնավստահութիւն` սեփական դիմագիծ դրոշմելու, ուժ ու կորով` ուրոյն ունենալու եւ վերջապէս վճռակամութիւն`նպատակ կերտելու»: Արմէն Թաշճեան ընդգծելէ ետք աշխատանքի նկատմամբ ցուցաբերելիք խնամք ու բծախնդրութիւնը, յայտնեց, որ` « Անխարդախ աշխատանքն է, որ կ՛ազնուացնէ ձեր հոգին եւ փայլք կու տայ ձեր ճակատին»: Ան եզրափակեց իր խօսքը մաղթանքով` սիրով կառչած մնալու աշխատանքին, հասնելու համար յաջողութեան:

Տնօրէնը շնորհաւորեց Ծաղիկ դասարանի շրջանաւարտ աշակերտները, ծնողները, հարազատներն ու ուսուցչակազմը, բեմ հրաւիրեց Պեքաայի հոգեւոր տեսուչը, Այնճարի քաղաքապետը, ՀՅԴ «Կարմիր Լեռ» կոմիէի ներկայացուցիչը, որպէսզի միասնաբար կատարեն վկայականներու բաշխումը: Այնուհետեւ եզրափակիչ պատգամ յղեց Անանիա ծ. վրդ Գուճանեանը, որ պահը նկատեց յուսադրող եւ յանձնարարեց յանձնառու եւ հոգածու մնալ մանուկներէն մեզի փոխանցուող յոյսին նկատմամբ:

Եզրափակիչ պատգամէն ետք Ծաղիկ դասարանի ծնողները յուշանուէր մը յանձնեցին մանկապարտէզի ուսուցչակազմին, որմէ ետք ուսուցիչներն ու մանկապարտէզի աւարտականները ընդունեցին ներկաներուն շնորհաւորութիւնները:

Ծաղիկ դասարանի շրջանաւարտներն են` Անդօ Առաքելեան, Անժելա Ժարաուան, Կալինա Քենտիրճեան, Մեղեդի Հաճեան, Միշէլ Մաճառեան, Միրէյ Պետուրեան, Նարեկ Մաճառեան, Նոյ Զէյթլեան, Պարոյր Գէօհիւլեան, Սէրլի Բալուլեան, Վազգէն Գահգէճեան, Քրիսթիան Ռաֆքա: