Առաջնորդարան Հայոց Լիբանանի

Ազգային Նուպարեան-Խրիմեան Միջնակարգ Վարժարանի Ամավերջի Հանդէսը

Երբ դար մը առաջ աննման հայ ազգին աննման հայ ժողովուրդը եւ անկրկնելի կամաւոր գունդերը 1918 մայիս 28-ի սխրագործութիւններով կերտեցին հայոց պատմութեան ամենափայլուն էջերէն մէկը` հիմնելով ազատ, անկախ Հայաստանի առաջին հանրապետութիւնը, այդ եւ յաջորդող սերունդները արդեօք կը յուսայի՞ն, որ հայը ամբողջ դար մը աշխարհի տարածքին այդ փառապանծ տօնը պիտի յիշէ ուրախութեամբ եւ հպարտութեամբ տօնակատարէ` միշտ յուսալով ամբողջական եւ միացեալ Հայաստանի մը իրականացումը:

Ահա այս տեսլականով առաջնորդուած, երեքշաբթի, 12 յունիս 2018-ի երեկոյեան Թրիփոլիի Ազգային Նուպարեան-Խրիմեան միջնակարգ վարժարանի ամավերջի հանդէսը, հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ Լիբանանի Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Եպս. Փանոսեանի, ընթացք առաւ վարժարանի շրջափակին մէջ:

«Բարի գալուստ Սրբազան Հօր» պաստառը մուտքի դռնէն կը դիմաւորէր ներկաները, իսկ անկախութեան հարիւրամեակը նշող եռագոյնը, կը ծածանէր չորսդին:

Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներու ունկնդրութեան յաջորդող տնօրէն Վաչէ Հարմանտայեանի բացման խօսքը կը ցոլացնէր Սրբազան Հօր ներկայութեան առթած ուրախութիւնն ու բացառիկ մասնակցութիւնը: Միջնակարգի աւարտականներ իրենց խօսքերով անբաւ երջանկութիւն յայտնեցին` «Անկախութեան հարիւրամեակի» սերունդ կոչուելով:

 

Մանկապարտէզէն մինչեւ միջնակարգի աշակերտներ գեղարուեստական ճոխ յայտագրով ներկաներուն հրամցուցին հայերէն, արաբերէն, ֆրանսերէն եւ անգլերէն լեզուներով, պատրաստուած արտասանութիւններ, խմբերգներ, պարեր, թատերական պատկերներ եւ սրտառուչ խօսքեր:

Յատուկ այս առիթին ներկայ էր վարժարանի նախկին սաներէն, այժմ մանկավարժ եւ դաստիարակ Գարոլին Փուչեան-Թերզեան, որ այս վարժարանին կապուած անմոռանալի յիշատակներ պատմեց եւ երախտագիտութիւնը յայտնելով յուզեց ներկաները:

Այնուհետեւ բեմ հրաւիրուեցաւ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը, որ մանկապարտէզի եւ միջնակարգի աւարտականներու յանձնեց իրենց վկայականները, իր խոր գոհունակութիւնը յայտնեց այս, վարժարանէն ներս տարուած աշխատանքին` քաջալերելով տնօրէնն ու անձնակազմը, որոնք կանգուն կը պահեն հիւսիսային Լիբանանի միակ հայ ջահակիրը` Ազգային Նուպարեան-Խրիմեան միջնակարգ վարժարանը: