Առաջնորդարան Հայոց Լիբանանի

Ազգային Նուպարեան-Խրիմեան վարժարանի տնօրէն Վաչէ Հարմանտարեան Մեծարուեցաւ

Կազմակերպութեամբ Թրիփոլիի Ազգային արաբական շարժումներու միացեալ կազմակերպութեան եւ Թրիփոլիի մշակութային եւ կրթական միութիւններու մասնակցութեամբ, շաբաթ, 9 մարտ 2019-ին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին մեծարանքի հանդիսութիւն մը տեղի ունեցաւ հայ  թէ օտար հոծ բազմութեան մը ներկայութեամբ: Ձեռնարկին ներկայ էին նաեւ տեղւոյն քաղաքական եւ կրթական անձնաւորութիւններ:

Մեծարեալը` Թրիփոլիի Ազգային Նուպարեան-Խրիմեան միջնակարգ վարժարանի երկարամեայ եւ բազմավաստակ տնօրէն Վաչէ Հարմանտարեան, իր նախկին աշակերտ Վահէ Օգճեանի միջոցով ծանօթացուելէ ետք, յատուկ յուշանուէրով մը պարգեւատրուեցաւ, բոլորին ջերմ գնահատանքին արժանանալով:

Վարձքդ կատար, հա՛յ ուսուցիչ, որ միշտ բարձր կը պահես հայ դպրոցին եւ հայ ազգին անունը յաչս օտարներուն: